Երեմիա մարգարեյի գիրք

34

Պատգամ մը Սեդեկիային

1Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը, ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը, և բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն վրայ կ’ընէր, Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի այս խօսքը եղաւ` ըսելով, 2Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Գնա, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ ու անոր ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, ու զանիկա կրակով պիտի այրէ. 3Եւ դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա անշուշտ պիտի բըռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. և քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն, ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի, ու Բաբելոն պիտի երթաս: 4Բայց Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ, ով Սեդեկիա, Յուդայի թագաւոր, Տէրը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. Դուն սրով պիտի չմեռնիս, 5Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. և ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն, համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն, ու Վա՜յ, տէր իմ, ըսելով` քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցա, կ’ըսէ Տէրը: 6Ու Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ: 7Եւ Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկիայի դէմ, պատերազմ կ’ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպաւոր քաղաքներ ասոնք մնացեր էին:

Գերիներու հանդէպ խաբեպատիր վերաբերում

8Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ որ ազատութիւն քարոզեն. 9Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդը ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ, ու մէյմըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը չծառայեցնէ. 10Ու հնազանդեցան բոլոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ, և ա՛լ զանոնք չծառա-յեցնէ. հնազանդեցան և զանոնք արձակեցին. 11Բայց անկէ ետքը դարձան, ու իրենց ազատ թող տուած ծառաները ու աղախինները ետ դարձուցին, և զանոնք բռնադատեցին որ ծառաներ ու աղախիններ ըլլան: 12Ու Տէրոջը խօսքը Երեմիայի եղաւ Տէրոջմէն` ըսելով, 13Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանած օրս, ու ըսի: 14Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը որ քեզի ծախուած է, ու վեց տարի քեզի ծառայեր է, զանիկա քովէդ ազատ արձակես. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին: 15Եւ դուք այսօր դարձաք, ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով` իմ առջևս ուղիղ եղածը ըրիք, և իմ առջևս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ որուն վրայ իմ անունս կոչուած է. 16Բայց ետքը դառնալով` իմ անունս պղծեցիք. ու ամէնդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին թող տուած ծառաները ու աղախինները ետ դարձուցիք, ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառաներ ու աղախիններ ըլլան: 17Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ, Դուք ինծի մտիկ չըրիք, որ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն քարոզէ. ահա ես ձեզի համար, կ’ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն կը քարոզեմ. ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւո-րութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ: 18Եւ զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով` իմ առջևս ըրած ուխտերնուն խօսքերը չկատարող. և իմ ուխտս զանց ընող մարդիկը պիտի մատնեմ, 19Այսինքն Յուդայի իշխանները ու Երուսաղէմի իշխաննէրը, պալատականները և քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան, 20Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ, և անոնց դիերը երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան: 21Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը և ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ: 22Ահա ես հրամայեցի, կ’ըսէ Տէրը, ու զանոնք այս քաղաքը ետ պիտի բերեմ, և անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. և Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)