Երեմիա մարգարեյի գիրք

30

Տէրոջը խոստումը իր ժողովուրդին

1Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի եղած խօսքն է` զոր ըսաւ, 2Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ, Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գիրքի մը մէջ գրէ. 3Քանզի ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, որ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի և Յուդայի գերութիւնը պիտի դարձնեմ, կ’ըսէ Տէրը, ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, ու զանիկա պիտի ժառանգեն: 4Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են. 5Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Սոսկալի ձայն լսեցինք, Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ. 6Հիմա հարցուցէք ու տեսէք, Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞. Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճը Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած, Ու բոլոր երեսները դեղնած կը տեսնեմ: 7Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ. Ու անիկա Յակոբի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, Բայց անկէ պիտի ազատի. 8Վասն զի այն օրը, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի կոտրեմ, Եւ քու կապերդ պիտի փրցնեմ, Ու զանիկա մէյմըն ալ օտարները պիտի չծառայեցնեն. 9Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն Ու իրենց թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն, Զոր ես պիտի հանեմ անոնց: 10Բայց դուն, ով իմ ծառաս Յակոբ, մի վախնար, կ’ըսէ Տէրը, Ու, ով , մի զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն, Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ. Ու Յակոբ պիտի դառնայ և հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ, Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ: 11Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի. Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Ու քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ. 12Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Քու հարուածքդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է. 13Զանիկա պատելու համար քու դատաստանդ տեսնող մը չկայ. Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ: 14Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան. Քեզ չեն փնտռեր. Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածքով, Անգութ մէկուն պատիժովը, զարկի Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար, Քանզի քու մեղքերդ շատցան: 15Քու բեկմանդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես. Քու ցաւդ անբժշկելի է. Այս բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի, Քանզի քու մեղքերդ շատցան: 16Անոր համար ամէն անոնք որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին, Եւ քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան, Ու քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին. Ու քեզ կողոպտողներուն ամէնը կողոպտուելու պիտի մատնեմ. 17Վասն զի քու վերքդ պիտի պատեմ, Եւ քեզ քու վէրքերէդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի քեզի Աքսորուած կանչեցին, Այս այն Սիօնն է, զոր փնտռող չկայ, ըսին: 18Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Յակոբի վրաններուն գերութիւնը պիտի դարձնեմ, Եւ անոր բնակարաններուն ողորմութիւն պիտի ընեմ. Ու քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի, Եւ պալատը առաջուան պէս` պիտի կանգնուի: 19Ու անոնցմէ պիտի ելլէ գովութիւն Եւ ուրախութիւն ընողներու ձայն. Ու զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան, Եւ զանոնք պիտի փառաւորեմ, ու պըզտիկ պիտի չիյնան: 20Եւ անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան, Անոնց ժողովքը իմ առջևս պիտի հաստատուի, Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողներուն այցելութիւն պիտի ընեմ: 21Եւ անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ, Ու անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ, Եւ զանիկա պիտի մօտեցնեմ, ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ. Վասն զի ո՞վ է անիկա որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու, կ’ըսէ Տէրը. 22Եւ դուք ինծի պիտի ըլլաք, Ես ալ ձեզի պիտի ըլլամ: 23Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ. Անիկա աւլող մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի: 24Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչև որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու ի գործ չդնէ. Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)