Երեմիա մարգարեյի գիրք
3
Անհաւատարիմ Իսրայէլը
1Կ’ըսեն թէ Մարդ մը եթէ իր կինը արձակէ, Եւ անիկա անոր քովէն երթայ և ուրիշ այր մը առնէ, Անիկա մէյմըն ալ այն կնոջ կը դառնա՞յ. Այն երկիրը բոլորովին չը՞ պղծուիր. Բայց դուն, թէև շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ըրիր, Նորէն ինծի դարձիր, կ’ըսէ Տէրը: 2Աչքերդ բլուրներուն վերցուր ու նայէ, Ո՞ւր պոռնկութիւն չըրիր. Դուն անոնց համար ճամբաներուն վրայ նստար Անապատի Արաբացիին պէս, Եւ քու պոռնկութիւններովդ ու չարութիւններովդ երկիրը պղծեցիր: 3Ուստի անձրևները խափանեցան, Ու վերջին անձրևը չեղաւ, Սակայն քու ճակատդ պոռնիկի ճակատին պէս եղաւ, Ամօթը մէկդի ձգեցիր: 4Միթէ ասկէ ետքը ինծի պիտի չաղաղակե՞ս` ըսելով, Ով Հայր իմ, դուն ես իմ մանկութեանս առաջնորդը: 5Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞յ, Կամ իր սրտմտութիւնը միշտ պիտի պահէ՞. Ահա դուն այսպէս խօսեցար, Եւ քու կարողութեանդ չափ չարութիւն գոծեցիր:
Իսրայէլ և Յուդայ պէտք է զղջան
6Ու Յովսիա թագաւորին օրերը Տէրը ինծի ըսաւ, Ապստամբ Իսրայէլի ըրածը տեսա՞ր. Անիկա ամէն բարձր լեռան վրայ Ու ամէն կանանչ ծառի տակ գնաց, Եւ հոն շնութիւն ըրաւ: 7Ու անիկա այս ամէն բաները ընելէն ետքը Ըսի, Ինծի դարձիր, բայց անիկա չդարձաւ. Եւ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդա ասիկա տեսաւ: 8Ու երբ ապստամբ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառաւ` Զանիկա արձակեցի և արձակման թուղթը անոր տուի, Տեսայ որ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդա չվախցաւ, Հապա գնաց ինք ալ շնութիւն ըրաւ: 9Ու եղաւ որ անիկա իր շնութեան լրբութիւնովը երկիրը պղծեց, Քանզի քարի ու փայտի հետ շնութիւն ըրաւ: 10Այսու ամենայնիւ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդա ալ Բոլոր սրտովը ինծի չդարձաւ, Հապա ստութեամբ դարձաւ, կ’ըսէ Տէրը: 11Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Ապստամբ Իսրայէլը ուխտադրուժ Յուդայէ աւելի զինք արդարացուց: 12Գնա այս խօսքերը դէպ ի` հիւսիս կանչելով ըսէ, Դարձիր, ով ապստամբ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը, Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր Քանզի ես ողորմած եմ, կ’ըսէ Տէրը, Յաւիտեան ոխ չեմ պահեր. 13Միայն թէ քու անօրէնութիւնդ ճանչցիր, Որ քու Տէր Աստուծմէդ ապստամբեցար, Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Քու ճամբաներդ օտարներուն տարածեցիր. Ու իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիք, կ’ըսէ Տէրը: 14Դարձէք, ով ապստամբ որդիք, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի թէև ձեզ մերժեցի, Բայց* ձեզ պիտի առնեմ, մէկ քաղաքէ մէկ հոգի, Ու մէկ ազգատոհմէ երկու հոգի, Ու ձեզ Սիօն պիտի բերեմ. 15Եւ ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ, Ու ձեզ գիտութեամբ և հանճարով պիտի հովուեն: 16Ու երբ դուք այն օրերը երկրի վրայ շատնաք ու աճիք, կ’ըսէ Տէրը, Մէյմըն ալ Տէրոջը ուխտին տապանակը` պիտի չըսեն. Եւ անիկա մեկո՛ւն միտքը պիտի չգայ, Ու զանիկա պիտի չյիշեն, Եւ անոր այցելութիւն պիտի չընեն. Ու այս բաները մէյմըն ալ պիտի չըլլան: 17Այն ատեն Երուսաղէմը Տէրոջը աթոռը պիտի անուանեն, Եւ ամէն ազգերը հոն` Տէրոջը անուանը համար Երուսաղէմ պիտի ժողվուին. Եւ մէյմըն ալ իրենց չար սրտին կամակորութեանը ետևէն պիտի չերթան: 18Այն օրերը Յուդայի տունը Իսրայէլի տանը հետ պիտի երթայ, Ու երկուքը մէկտեղ հիւսիսի երկրէն Անոնց հայրերուն ժառանգութիւն տուած երկիրս պիտի գան:
Աստուծոյ ժողովուրդին կռապաշտութիւնը
19Բայց ես ըսի, Քեզ ի՞նչպէս որդիներուն մէջ դնեմ, Եւ քեզի այն ցանկալի երկիրը, Ազգերուն խիստ գեղեցիկ ժառանգութիւնը, տամ. Ու ըսի, Ինծի Հայր իմ` պիտի աղաղակես, Եւ ինծի հետևելէն ետ պիտի չդառնաս: 20Իրաւցընէ, ով Իսրայէլի տունը, Ինչպէս կին մը իր էրկանը անհաւատարիմ կ’ըլլայ, Այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք, կ’ըսէ Տէրը: 21Բլուրներուն վրայ ձայն մը լսուեցաւ, Իսրայէլի որդիներուն աղաչանքի ու լացի ձայնը. Վասն զի անոնք իրենց ճամբան խոտորցուցին, Իրենց Տէր Աստուածը մոռցան: 22Ով ապստամբ որդիներ, դարձէք, Ես ձեր ապստամբութիւնները կը բժշկեմ: Ահա մենք քեզի կու գանք, Քանզի դուն մեր Տէր Աստուածն ես: 23Յիրաւի բլուրներուն Եւ լեռներու բազմութեանը յուսալը պարապ բան է. Հապա Իսրայէլի փրկութիւնը մեր Տէր Աստուծմէն է: 24Վասն զի մեր մանկութենէն ի վեր մեր հայրերուն վաստակը, Անոնց հօտերը և արջառները, Անոնց տղաքները ու աղջիկները ամօթը կերաւ: 25Մեր ամօթովը կը պառկինք, Ու մեր անարգանքը մեզ կը ծածկէ. Վասն զի մեր մանկութենէն մինչև այսօր Թէ՛ մենք և թէ՛ մեր հայրերը Մեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք, Ու մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդութիւն չըրինք: