Երեմիա մարգարեյի գիրք
27
Երեմիա եզան լուծը կը կրէ
1Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդւոյն Սեդեկիայի թագաւորութեան սկիզբը Տէրոջը կողմանէ Երեմիայի այս խօսքը եղաւ` ըսելով, Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. 2Քեզի կապեր ու լուծեր շինէ, ու զանոնք պարանոցիդ վրայ դիր. 3Եւ զանոնք Երուսաղէմ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին եկող դեսպաններուն ձեռքով Եդովմի թագաւորին, ու Մովաբի թագաւորին, ու Ամմոնի որդիներուն թագաւորին, և Տիւրոսի թագաւորին ու Սիդոնի թագաւորին ղրկէ. 4Եւ անոնց պատուէր տաս իրենց տէրերուն համար ու ըսես, Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ձեր տէրերուն այսպէս ըսէք, 5Ես իմ մեծ զօրութիւնովս ու երկնցած բազուկովս երկիրը, մարդը ու երկրի երեսին վրայ եղող անասունները ստեղծեցի, և զանիկա կու տամ որու որ իմ աչքիս առջև հաճոյ կ’երևնայ տալ: 6Եւ հիմա այս բոլոր երկիրները ես իմ ծառայիս, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին, ձեռքը կու տամ, ու դաշտի գազաններն ալ անոր կու տամ, որպէս զի անոր ծառայութիւն ընեն: 7Եւ բոլոր ազգերը ծառայութիւն պիտի ընեն անոր ու անոր որդւոյն ու անոր որդիին որդւոյն, մինչև անոր երկրին ժամանակն ալ հասնի, ու զանիկա ալ շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ իրենց ծառայ ընեն: 8Եւ այն ազգը կամ թագաւորութիւնը որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն չըներ, ու իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ չդներ, այն ազգին սրով, սովով ու ժանտախտով այցելութիւն պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, մինչև զանոնք անոր ձեռքով հատցնեմ: 9Եւ դուք մտիկ մի ընէք ձեր մարգարէներուն, բաղդ նայողներուն, երազատեսներուն, գուշակողներուն ու կախարդներուն, որոնք ձեզի կը խօսին` ըսելով, Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք. 10Քանզի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ձեր երկրին վրայէն ձեզ հեռացնեն, ու ես ձեզ վռնտեմ ու կորսուիք: 11Բայց իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դնող և անոր ծառայութիւն ընող ազգը անշուշտ իր երկրին վրայ հանգիստ պիտի թողում, կ’ըսէ Տէրը, ու պիտի մշակէ զանիկա, ու անոր մէջ պիտի բնակի: 12Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ալ այս բոլոր խօսքերուն համեմատ զրու-ցեցի ու ըսի, Ձեր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դրէք, և անոր ու անոր ժողովուրդին ծառայութիւն ըրէք, որպէս զի ապրիք: 13Ինչո՞ւ համար դուն ու քու ժողովուրդդ սրով, սովով ու ժանտախտով մեռնիք, ինչպէս Տէրը Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն չընող ազգին համար խօսեցաւ: 14Եւ դուք մտիկ մի ընէք այն մարգարէներուն խօսքերը, որոնք ձեզի կը խօսին` ըսելով. Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք, վասն զի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն. 15Քանզի ես զանոնք չղրկեցի, կ’ըսէ Տէրը, հապա անոնք իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ես ձեզ վռնտեմ, և դուք ու ձեզի մարգարէութիւն ընող մարգարէները կորսուիք: 16Ու ես քահանաներուն և այս բոլոր ժողովուրդին զրուցեցի ու ըսի, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր մարգարէներուն խօսքերը մտիկ մի ընէք, որոնք ձեզի մարգարէութիւն կ’ընեն` ըսելով` Ահա Տէրոջը տանը անօթները մօտերս Բաբելոնէ ետ պիտի բերուին. քանզի անոնք սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն ձեզի: 17Անոնց մտիկ մի ընէք. Բաբելոնի թագաւորին ծառայեցէք, որպէս զի ապրիք. ինչո՞ւ այս քաղաքը աւերակ ըլլայ: 18Բայց եթէ անոնք մարգարէներ են ու եթէ անոնց քով Տէրոջը խօսքը կայ, թող հիմա զօրաց Տէրոջը աղօթք ընեն, որպէս զի Տէրոջը տանը մէջ և Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթները Բաբելոն չերթան: 19Վասն զի զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. սիւներուն ու ծովին և մեքենովթներուն ու այս քաղաքին մէջ մնացած անօթներուն վրայով, 20Զորոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը չառաւ, երբ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան, և Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ազնուականները Երուսաղէմէ Բաբելոն գերի տարաւ. 21Յիրաւի զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ Տէրոջը տանը մէջ և Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթներուն համար. 22Անոնք Բաբելոն պիտի տարուին, և հոն պիտի մնան մինչև այն օրը` որ անոնց այցելութիւն ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. ետքը զանոնք պիտի հանեմ ու այս տեղ պիտի դարձնեմ: