Երեմիա մարգարեյի գիրք
19
Կոտրած կուժը
1Տէրը այսպէս ըսաւ. Գնա, բրուտի շինած հողէ կուժ մը ծախու առ, ու ժողովուրդին ծերերէն և քահանաներուն ծերերէն քեզի հետ առ. 2Եւ Խեցիներու դրանը դիմաց եղող` Ենովմի որդւոյն ձորը ելիր, ու հոն քարոզէ այն խօսքերը զորոնք քեզի պիտի զրուցեմ. 3Ու ըսէ, ով Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս տեղին վրայ այնպիսի չարիք պիտի բերեմ, որ զանիկա ամէն լսողին ականջները պիտի խօսին. 4Վասն զի անոնք զիս թողուցին, ու այս տեղը ինծմէ օտարացուցին, և հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու` զորոնք ոչ իրենք և ոչ իրենց հայրերը, ոչ ալ Յուդայի թագաւորները ճանչցեր էին. ու այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին. 5Եւ Բահաղի բարձր տեղերը շինեցին, որպէս զի իրենց տղաքները կրակով այրեն, Բահաղի ողջակէզ ընեն, զոր ես չհրամայեցի, չխօսեցայ ու միտքէս ալ չանցաւ: 6Ուստի ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, որ մէյմըն ալ այս տեղը Տօփեթ ու Ենովմի որդւոյն ձորը պիտի չըսուի, հապա Սպանութեան ձոր: 7Եւ այս տեղ Յուդայի ու Երուսաղէմի խորհուրդը պիտի խափանեմ. ու զանոնք իրենց թշնամիներուն առջև սրով և իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքով պիտի կործանեմ. ու անոնց դիերը երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ. 8Եւ այս քաղաքը աւերակ ու նախատինք պիտի ընեմ. անկէ ամէն անցնողը անոր բոլոր հարուածներուն պատճառաւ պիտի հիանայ ու պիտի սուլէ: 9Եւ պաշարման ատենը այն նեղութեանը մէջ` որով անոնց թշնամիները և անոնց հոգին փնտռողները զանոնք պիտի նեղեն, իրենց տղոցը միսը ու իրենց աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց. ու իրարու միսը պիտի ուտեն: 10Ետքը այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջև կոտրէ. 11Ու անոնց ըսէ, Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս ժողովուրդը ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրէ, որ ա՛լ չկրնար նորոգուիլ. ու զանոնք Տօփեթի մէջ պիտի թաղէն` մինչև ա՛լ թաղելու տեղ չմնա*: 12Այս տեղին ու անոր բնակիչներուն այսպէս պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, և այս քաղաքը Տօփեթի պէս պիտի ընեմ. 13Ու Երուսաղէմի տուները և Յուդայի թագաւորներուն տուները Տօփեթի տեղին պէս պիղծ պիտի ըլլան, այն բոլոր տուներուն պատճառաւ* որոնց տանիքներուն վրայ երկինքի բոլոր զօրքերուն խունկ ծխեցին, և օտար աստուածներուն թափելու նուէրներ մատուցին: 14Ու Երեմիա Տօփեթէ եկաւ, ուր Տէրը զանիկա ղրկեր էր մարգարէութիւն ընելու համար. և Տէրոջը տանը գաւիթը կայնեցաւ ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ, 15Զօրաց Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. Ահա այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքները զորոնք անոր դէմ խօսեցայ. վասն զի իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի իմ խօսքերս մտիկ չընեն: