Երեմիա մարգարեյի գիրք

13

Քթանէ գօտիները

1Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. Գնա, քեզի քթանէ մը ծախու առ, և զանիկա մէջքդ կապէ, ու զանիկա ջուրը մի խոթեր: 2Ուստի Տէրոջը խօսքին համեմատ գօտին ծախու առի ու մէջքս կապեցի: 3Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով, 4Այն ծախու գօտիդ, որ քու մէջքիդ վրայ է, առ ու ելիր Եփրատ գնա, և հոն վէմին ծակին մէջ պահէ զանիկա: 5Ու ես գացի և զանիկա Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց: 6Եւ շատ օրերէն ետքը Տէրը ինծի ըսաւ, Ելիր, Եփրատ գնա, ու անկէ առ այն գօտին, զոր քեզի հրամայեցի որ հոն պահես: 7Ես ալ Եփրատ գացի, ու փորելով` գօտին այն պահած տեղէս առի. և ահա գօտին փտեր էր, ու բնաւ բանի մը չէր գար: 8Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ` ըսելով, 9Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի հպարտութիւնը Ու Երուսաղէմի մէծ հպարտութիւնը այդպէս պիտի աւրեմ: 10Այս չար ժողովուրդը, Որ իմ խօսքերս լսել չեն ուզեր, Ու իրենց սրտին կամակորութիւնովը կը քալեն, Եւ օտար աստուածներու ետևէ կ’երթան` Անոնց ծառայութիւն ընելու և անոնց երկրպագութիւն ընելու համար, Այդ անպիտան գօտիին պէս պիտի ըլլան. 11Վասն զի ինչպէս գօտին մարդուն մէջքը կը փակչի, Բոլոր Իսրայէլի տունը ու բոլոր Յուդայի տունը Ինծի այնպէս փակցուցեր էի, կ’ըսէ Տէրը, Որ ինծի ըլլան, Նաև և ու պարծանք. Բայց անոնք մտիկ չըրին:

Գինիի տիկը

12Նաև այս խօսքը ըսես անոնց, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի. Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն, Միթէ մենք չե՞նք գիտեր որ ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի. 13Իսկ դուն անոնց ըսես, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս երկրին բոլոր բնակիչները, Ու Դաւիթի աթոռին վրայ նստող թագաւորները, Եւ քահանաները ու մարգարէները, Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները արբեցութեամբ պիտի լեցնեմ. 14Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի կոտրտեմ, Հայրերը տղոցը հետ մէկտեղ, կ’ըսէ Տէրը, Եւ անոնց պիտի չգթամ ու պիտի չխնայեմ, Եւ առանց ողորմելու զանոնք բնաջինջ պիտի ընեմ:

Երեմիա հպարտութենէ կը զգուշացնէ

15Մտիկ ըրէք, ականջ տուէք, մի հÁպարտանաք, Վասն զի Տէրը խօսեցաւ: 16Ձեր Տէր Աստուծոյն փառք տուէք, Դեռ խաւարը ձեր վրայ չհասած, Ու ձեր ոտքերը մութ լեռներու վրայ չսահած, Եւ ձեր լոյսի սպասած ատենը զանիկա մահուան ստուերի չփոխած, Ու զանիկա թանձր մէգի չդարձուցած: 17Բայց եթէ մտիկ չընէք, Ձեր հպարտութեանը համար իմ հոգիս ծածուկ տեղեր պիտի լայ, Եւ իմ աչքս խիստ շատ լալով արցունք պիտի թափէ, Վասն զի Տէրոջը հօտը գերի առնուեցաւ: 18Թագաւորին ու թագուհիին ըսէ, Ձեր անձը խոնարհեցուցէք ու գետնի վրայ նստեցէք, Վասն զի ձեր գլխէն ձեր փառաց թագը ինկաւ: 19Հարաւային քաղաքները գոցուեցան, Ու բացող մը չկայ. Բոլոր Յուդա գերութեան գնաց. Ամէնը գերութեան գացին: 20Աչքերնիդ վերցուցէք և հիւսիսի կողմէն եկողներուն նայեցէք. Քեզի տրուած հօտը, քու փառացդ խաշինքը, ո՞ւր են: 21Ի՞նչ պիտի ըսես, երբ քեզի այցելութիւն ընէ. Վասն զի դուն անոնց սորվեցուցիր որ քու վրադ և գլուխ ըլլան. Միթէ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւեր պիտի չբռնե՞ն: 22Ու եթէ սրտիդ մէջ ըսես, Այս բաները ինչո՞ւ հանդիպեցան ինծի. Քու անօրէնութեանդ շատութենէն քու քղանցքներդ բացուեցան, Եւ գարշապարներդ բռնութեամբ մերկացան: 23Միթէ կարելի՞ է որ Եթէովպացին իր մորթը` Կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ, Որ դուք ալ, չարութիւն ընելու սորված ըլլալով, Կարենաք աղէկութիւն ընել: 24Ուստի անապատի հովէն վերցուած մղեղի պէս Պիտի ցրուեմ զանոնք: 25Այս է քու վիճակդ և քու բաժինդ Զոր ես քեզի որոշեցի, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի զիս մոռցար ու ստութեան ապաւինեցար: 26Ուստի ես ալ քու քղանցքներդ քու երեսիդ վրայ վերցուցի, Ու քու անարգանքդ երեւցաւ: 27Ես քու շնութիւններդ, ու վրնջիւններդ, Եւ քու լիրբ պոռնկութիւնդ, Ու բլուրներու վրայ և դաշտի վրայ քու ըրած պղծութիւններդ տեսայ. Վա՜յ քեզի, ով Պիտի չմաքրուի՞ս. ալ մինչև ե՞րբ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)