Եսայիա մարգարեյի գիրք
8
Եսայիին որդին որպէս նշան իր ժողվուրդին
1Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ, և անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ Մահէր-շալալ-հաշ-պազին վրայով: 2Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան: 3Եւ մերձեցայ մարգարէուհիին, ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ. և Տէրը ինծի ըսաւ, Անոր անունը Մահէր-շալալ-հաշ-պազ դիր. 4Վասն զի դեռ տղան Հայրս ու Մայրս կանչելը չսորված` Դամասկոսի հարստութիւնները ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջև պիտի տարուին:
Ասորեստանի թագաւորը կու գայ
5Եւ դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ, 6Որովհետև այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ’արհամարհէ, և Ռասինի ու Ռովմելայի որդւոյն կը հաւնի, 7Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը, պիտի հանէ. Եւ անիկա իր ամէն յատակներէն վեր պիտի ելլէ, Ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ: 8Եւ Յուդայի մէջ յորդելով` պիտի անցնի երթայ, Ու մինչև մարդոց պարանոցը պիտի հասնի, Եւ անոր թևերուն տարածութիւնը Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ով Էմմանուէլ: 9Ով ժողովուրդներ, դաշնակից եղէք*, բայց պիտի խորտակուիք. Ով երկրին հեռաւոր տեղերը, ականջ դրէք, Պատրաստուեցէք, բայց պիտի խորտակուիք. Պատրաստուեցէք, բայց պիտի խորտակուիք. 10Խորհուրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. Խօսք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. Քանզի Աստուած մեզի հետ է:
Տէրը կը խրատէ մարգարէն
11Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծի. Ու խրատեց զիս` թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել` ըսելով, 12Դաշնակցութիւն մի ըսէք, Ինչ բանի որ այս ժողովուրդը դաշնակցութիւն կ’ըսէ. Եւ անոր վախովը մի վախնաք ու մի զարհուրիք. 13Միայն զօրաց Տէրը փառաւորեցէք, Անիկա ըլլայ ձեր վախը և ձեր զարհուրանքը. 14Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ, Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն` Գայթակղութեան քար և գլորելու վէմ, Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ: 15Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին, Ու իյնալով պիտի խորտակուին, Եւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին:
Մեռելահարցութենէ զգուշացում
16Վկայութիւնը կապէ, Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ: 17Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը, Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր է, Ու անոր պի՛տի յուսամ: 18Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները զորոնք Տէրը ինծի տուաւ, Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ` Սիօն լեռը բնակող զօրաց Տէրոջը կողմանէ: 19Ու երբ ձեզի ըսեն թէ Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներուն Եւ նշանագէտներուն հարցուցէք, Այն ատեն ըսէք թէ Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞. Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ: 20Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն. Եթէ այս խօսքին համեմատ չզրուցեն, Անոնք ամենևին լոյս չունին:
Նեղութեան ժամանակ մը
21Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ. Ու երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ, Ու իր թագաւորին և իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ, ու վեր նայի, 22Եւ դէպ ի երկիր պիտի նայի, Եւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ. Ու դէպ ի մառախուղ պիտի քշուին: ԳԼՈՒԽ Թ - 9