Եսայիա մարգարեյի գիրք

66

Տէրը ազգերը կը դատէ

1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Երկինք իմ աթոռս է, Ու իմ ոտքերուս պատուանդանն է. Այս ի՞նչ է որ ինծի համար կը շինէք, Եւ այս ի՞նչ տեղ է իմ հանգստութեանս համար. 2Քանզի ասոնց ամէնը իմ ձեռքս շինեց, Ու ասոնց ամէնը եղան, կ’ըսէ Տէրը. Բայց ես ասոր պիտի նայիմ, Այսինքն խոնարհին և կոտրած ունեցողին Ու իմ խօսքէս դողացողին: 3Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս, Նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս, ծխողը պաշտողի* պէս. Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները ընտրեցին, Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ’ախորժին: 4Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ, Եւ իրենց վախցած բաները իրենց վրայ պիտի բերեմ. Վասն զի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ, Խօսեցայ ու մտիկ չըրին. Հապա իմ առջևս չարութիւն ըրին, Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին: 5Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, Ով անոր խօսքէն դողացողներ. Իմ անուանս համար ձեզ ատող, Ու ձեզ անարգող ձեր եղբայրները ըսին, Թող Տէրը փառաւորուի, Ու ձեր ուրախութիւնը տեսնենք, Բայց անոնք պիտի ամչնան: 6Քաղաքէն աղաղակի ձայն, տաճարէն ձայն մը կու գայ, Տէրոջը ձայնը` որ իր թշնամիներուն պատիժ կը հատուցանէ: 7Ցաւ չքաշած ծնաւ, Ցաւը չհասած արու զաւակ ծնաւ: 8Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեց, այսպիսի բաներ ո՞վ տեսաւ. Միթէ երկիր մէկ օրուա՞ն մէջ կը ծնանի, Կամ ազգ մը մէկ անգամի՞ն ծնաւ. Քանզի ցաւ քաշածին պէս իր տղաքները ծնաւ: 9Ես որ ծնանելու վայրկեանը կը բերեմ, Ծնանիլ պիտի չտա՞մ, կ’ըսէ Տէրը. Ես որ ծնանիլ կու տամ, Արգանդը պիտի գոցե՞մ, կ’ըսէ քու Աստուածդ: 10Երուսաղէմի հետ ուրախացէք ու անոր հետ ցնծացէք Դուք ամէնդ որ զանիկա կը սիրէք. Մեծապէս ուրախացէք անոր հետ Դուք ամէնդ որ անոր համար սուգ կը բռնէք. 11Վասն զի անոր մխիթարութեան ստինքներէն Պիտի ծծէք ու կշտանաք. Վասն զի դուք պիտի դիէք, Եւ անոր փառքին առատութիւնովը զուարճանք: 12Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս Ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ. Եւ պիտի դիէք, գիրկի վրայ պիտի վերցուիք, Ու ծունկերու վրայ պիտի գգուիք: 13Ինչպէս մը իր տղան* կը մխիթարէ, Այնպէս ալ ես ձեզ պիտի մխիթարեմ. Ու Երուսաղէմէ մխիթարութիւն պիտի գտնէք: 14Եւ պիտի տեսնէք ու սիրտերնիդ պիտի ուրախանայ, Եւ ձեր ոսկորները կանանչ խոտի պէս պիտի ծաղկին. Ու Տէրոջը ձեռքը իր ծառաներուն վրայ, Եւ անոր բարկութիւնը թշնամիներուն վրայ պիտի յայտնուի: 15Քանզի ահա Տէրը կրակով կու գայ, Ու անոր կառքերը մրրիկի պէս են, Որպէս զի իր բարկութիւնը սրտմտութիւնով, Եւ իր սպառնալիքը կրակի բոցով ի գործ դնէ: 16Քանզի Տէրը կրակով ու իր սրովը պիտի դատէ ամէն մարմինը. Ու Տէրոջմէ սպաննուածները շատ պիտի ըլլան: 17Զիրենք սրբողները, և պարտէզներու մէջտեղը իրարմէ ետև մաքրուողները, Եւ խոզի միս ու պիղծ բաներ և մուկ ուտողները Մէկտեղ բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ Տէրը: 18Բայց ես անոնց գործերը ու խորհուրդները գիտեմ. Եւ պիտի ըլլայ որ բոլոր ազգերը ու լեզուները պիտի ժողվեմ, Եւ անոնք պիտի գան ու իմ փառքս տեսնեն: 19Եւ անոնց մէջ նշան պիտի դնեմ, Ու անոնցմէ ազատուածները ազգերուն պիտի ղրկեմ, Այսինքն դէպ ի Թարսիս, դէպ ի Փուղ և Ղուդ (աղեղնաւորները,) Դէպ ի Թոբէլ ու Յաւան, Այն հեռու կղզիները որոնք իմ համբաւս չլսեցին Եւ իմ փառքս չտեսան. Ու իմ փառքս ազգերու մէջ պիտի պատմեն: 20Եւ անոնք ձիերով ու կառքերով, Գահաւորակներով, ջորիներով ու տաճիկ ուղտերով` Ձեր բոլոր եղբայրները ամէն ազգերէն Իմ սուրբ լեռս Տէրոջը ընծայ պիտի բերեն, կ’ըսէ Տէրը, Ինչպէս Իսրայէլի որդիները Մաքուր ամանով Տէրոջը տունը ընծայ կը բերեն: 21Եւ անոնցմէ ալ պիտի առնեմ` Քահանաներ ու ըլլալու համար, կ’ըսէ Տէրը: 22Քանզի ինչպէս իմ ստեղծելու նոր երկինքս Ու նոր երկիրս իմ առջևս պիտի կենան, կ’ըսէ Տէրը, Այնպէս ձեր սերունդը ու ձեր անունը պիտի կենան: 23Եւ պիտի ըլլայ որ նոր ամիսէ նոր ամիս Ու շաբաթէ Ամէն մարմին իմ առջևս երկրպագութիւն ընելու պիտի գայ, կ’ըսէ Տէրը: 24Եւ անոնք պիտի ելլեն Ու ինծի ապստամբ եղող մարդոց դիերը պիտի տեսնեն. Քանզի անոնց որդը պիտի չմեռնի, Եւ անոնց կրակը պիտի չմարի, Ու անոնք ամէն մարմնի զզուանք պիտի ըլլան:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)