Եսայիա մարգարեյի գիրք
59
Մարգարէն ժողովուրդին մեղքը կը դատապարտէ
1Ահա Տէրոջը ձեռքը փրկելէն չկարճցաւ, Ու անոր ականջը լսելէն չծանրացաւ: 2Հապա ձեր ու ձեր Աստուծոյն մէջտեղ բաժանում ձգողը Ձեր անօրէնութիւնները եղան, Եւ ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ: 3Քանզի ձեր ձեռքերը արիւնով, Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պըղծուեցան. Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան, Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին: 4Չկայ մէկը որ արդարութեան համար բողոքէ, Ու չկայ մէկը որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան և ունայնութիւն կը խօսին. Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին. 5Քարբի հաւկիթներ կը տաքցնեն, Ու սարդի ոստայն կը գործեն. Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, Ու բացուածէն իժ կ’ելլէ: 6Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար, Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել. Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են, Ու անոնց ձեքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ: 7Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն, Ու անմեղ արիւն թափելու կ’արտորան. Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ: 8Խաղաղութեան ճամբան չեն գիտեր, Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ. Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. Անոնց մէջ քալողներուն ամէնը խաղաղութիւն չեն գիտեր:
Ժողովուրդը իրենց մեղքը կը խոստովանին
9Անոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ. Ու արդարութիւնը մեզի չհասնիր. Լոյսի կը սպասենք, և ահա խաւար կայ. Պայծառութեան կը սպասենք, և ահա մառախուղի մէջ կը շրջինք: 10Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք, Ու աչք չունեցողներուն պէս կը խարխափենք. Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք. Պտղաբեր արտերու մէջ* մեռելներու պէս ենք: 11Ամէնս արջերու պէս կը մռնչենք, Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք. Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ. Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռացած է: 12Քանզի մեր յանցանքները քու առջևդ շատցան, Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան. Վասն զի մեր յանցանքները մեր քով են, Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք: 13Յանցանք ըրինք, Տէրը ուրացանք Եւ մեր Աստուծոյն հետևելէն խոտորեցանք. Անիրաւութիւն ու ապստամբութիւն խօսեցանք, Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր մտածեցինք ու զրուցեցինք: 14Եւ դատաստանը ետ դարձաւ, Ու արդարութիւնը հեռուն կայնեցաւ. Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ, Եւ ուղղութիւնը չկրնար ներս մտնել: 15Ու ճշմարտութիւնը կը պակսի, Եւ չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի. Ու Տէրը տեսաւ, և ասիկա անոր առջև գէշ երևցաւ, Քանզի իրաւունք չմնաց:
Տէրը իր ժողովուրդը փրկելու կը պատրաստուի
16Ու տեսաւ որ մարդ մը չկար, Եւ զարմացաւ որ միջնորդ մը չէր գտնուեր. Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց, Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ: 17Եւ արդարութիւնը զրահի պէս, Ու փրկութիւնը իր գլուխը սաղաւարտի պէս հագաւ, Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ, Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ: 18Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ, Բարկութիւն իր հակառակորդներուն, Հատուցում` իր թշնամիներուն, Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ: 19Ու արևմուտքը Տէրոջը անունէն, Եւ արևելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշմանին գետի պէս գայ, Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնէ*: 20Ու Փրկիչ պիտի գայ Սիօնի, Ու Յակոբի մէջ չարութենէ դարձողներուն, կ’ըսէ Տէրը: 21Եւ անոնց հետ ընելու ուխտս ասիկա է, կ’ըսէ Տէրը. Իմ հոգիս որ քու վրադ է, Ու իմ խօսքերս զորոնք քու բերանդ դրած եմ, Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն Եւ քու զաւակացդ զաւակներուն բերնէն Հիմակուընէ մինչև յաւիտեան պիտի չպակսին, կ’ըսէ Տէրը: