Եսայիա մարգարեյի գիրք
58
Ծոմապահություն
1Բարձրաձայն կանչէ և մի խնայեր, Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր. Եւ իմ ժողովուրդիս` իրենց յանցանքը, Ու Յակոբի տանը իրենց մեղքերը պատմէ: 2Բայց անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն. Եւ իմ ճամբաներս գիտնալու կը փափաքին, Այնպիսի ազգի մը պէս` որ արդարութիւն կ’ընէ, Ու իր Աստուծոյն իրաւունքը զանց չըներ. Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն. Աստուծոյ մօտենալու կը փափաքին. 3Ու կ’ըսեն, Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք, և դուն չտեսար, Մեր անձերը չարչարեցինք, ու դուն չգիտցար: Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք, Եւ ձեր ամէն պահանջումները խստութեամբ կը պահանջէք*: 4Ահա կռիւի ու վէճի համար Եւ չարութեան բռունցով զարնելու համար ծոմ կը պահէք. Այս օրուան պէս ծոմ մի պահէք, Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք: 5Իմ ընտրած ծոմապահութիւնս Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ. Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով, Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ. Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի՞ օր պիտի անուանես: 6Ահա այս է իմ ընտրած ծոմապահութիւնս, Որ անիրաւութեան կապերը քակես, Եւ լուծին կապերը թուլցնես, Ու հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուս, Եւ ամէն լուծը կոտրես, 7Քու հացդ անօթիին բաժնես, Եւ թափառական տնանկները տունդ ընդունիս, Երբ մերկ մը տեսնես` զանիկա հագուեցնես, Ու քու մարմինէդ քեզ չպահես: 8Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի, Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի, Եւ քու արդարութիւնդ քու առջևէդ պիտի երթայ, Ու Տէրոջը փառքը քու ետևէդ քեզ պիտի պաշտպանէ: 9Այն ատեն պիտի կանչես, և Տէրը պատասխան պիտի տայ. Պիտի աղաղակես, ու անիկա պիտի ըսէ, Ահա ես: Եթէ քու մէջէդ լուծը. Մատով ցուցնելը ու չար խօսքերը վերցնես, 10Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես*, Եւ կարօտին հոգին կշտացնես, Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի, Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ. 11Եւ Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, Ու քու հոգիդ երաշտութեան ատեն* պիտի կշտացնէ, Եւ ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Ու դուն ջրարբի պարտէզի պէս Եւ ջուրը չպակսող աղբերակի պէս պիտի ըլլաս: 12Ու քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն. Առաջուան դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես, Եւ դուն Փլածներ նորոգող Ու բնակութեան համար ճամբաներ շիտկող պիտի կոչուիս:
Շաբաթը պահելուն վարձը
13Եթէ շաբաթը, իմ սուրբ օրս, Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես, Ու շաբաթը քու զուարճութիւնդ Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես, Ու զանիկա պատուես` քու ճամբաներուդ չհետևելով, Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով, 14Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս. Եւ քեզ երկրի բարձր տեղերը պիտի հանեմ, Ու քու հօրդ Յակոբի ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ: