Եսայիա մարգարեյի գիրք
55
Աստուծոյ ողորմելու խոստումը
1Ով բոլոր ծարաւածներ, ջուրերուն եկէք. Եւ ստակ չունեցողներ, եկէք, ծախու առէք ու կերէք. Եկէք, առանց ստակի և առանց գնոյ Գինի ու կաթ ծախու առէք: 2Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք` ոչ թէ հացի համար, Եւ ձեր վաստակը` այնպիսի բանի համար որ չկշտացներ. Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէք, որպէս զի բարիքներ ուտէք, Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ: 3Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէք. Մտիկ ըրէք, ու ձեր հոգին պիտի ապրի. Եւ ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ. Դաւիթի մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով: 4Ահա զանիկա ժողովուրդներուն վկայ, Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի: 5Ահա չգիտցած ազգդ պիտի կանչես, Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմեն Քու Տէր Աստուծոյդ համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց: 6Տէրը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. Զանիկա կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է: 7Թող ամբարիշտը իր ճամբայէն, Ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի, Եւ Տէրոջը դառնայ, ու անիկա պիտի ողորմի անոր, Ու մեր Աստուծոյն, վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ: 8Քանզի իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն, Ու ձեր ճամբաները իմ ճամբաներս չեն, կ’ըսէ Տէրը. 9Հապա որչափ երկինք երկրէ բարձր է, Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են, Եւ իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդներէն: 10Վասն զի ինչպէս անձրևը ու ձիւնը երկինքէն կ’իջնէ և հոն չդառնար, Հապա երկիրը կ’ոռոգէ ու զանիկա պտղաբեր և արգասաւոր կ’ընէ, Ու ցանողին հունտ և ուտողին հաց կու տայ, 11Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ, Ինծի պարապ պիտի չդառնայ. Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, Ու յաջողութեամբ ի գործ դնէ այն բանը` որու համար զանիկա ղրկեցի: 12Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք, Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք. Լեռները ու բլուրները ձեր առջևէն ցընծութեամբ պիտի աղաղակեն, Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն: 13Թուփին տեղ մայր, Ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի. Եւ ասիկա Տէրոջը անուանը քաղաքին համար Անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ: