Եսայիա մարգարեյի գիրք
51
Սփոփարար խօսքեր Երուսաղէմին
1Ով դուք, արդարութեան հետեւողներ Ու տէրը փնտռողներ, ինծի մտիկ ըրէք. Դուք այն վէմին նայեցէք, ուրկէ կտրուեցաք, Եւ այն գուբին փոսին` ուրկէ փորուեցաք: 2Ձեր հօրը Աբրահամի Ու ձեզ ծնանող Սառայի նայեցէք. Քանզի զանիկա կանչեցի, որ մէկ մարդ էր, Եւ զանիկա օրհնեցի ու բազմացուցի: 3Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ, Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ. Եւ անոր անապատը Եդեմի պէս, Ու անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ. Անոր մէջ ցնծութիւն և ուրախութիւն, Գովութեան և օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի: 4Ով իմ ժողովուրդս, ինծի մտիկ ըրէ, Ով իմ ազգս, ինծի ականջ տուր. Քանզի ինծմէ օրէնք պիտի ելլէ, Եւ իմ իրաւունքս ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար պիտի հաստատեմ: 5Իմ արդարութիւնս մօտ է, իմ փրկութիւնս ելած է, Ու իմ բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն. Կղզիները ինծի պիտի յուսան Եւ իմ բազուկիս պիտի ապաւինին: 6Աչքերնիդ վեր վերցուցէք դէպ ի երկինք, Ու վար նայեցէք դէպ ի երկիր. Քանզի երկինք ծուխի պէս պիտի անցնի, Ու երկիր հանդերձի պէս պիտի մաշի, Նմանապէս անոր բնակիչներն ալ պիտի մեռնին. Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ, Ու իմ արդարութիւնս պիտի չպակսի: 7Ինծի մտիկ ըրէք, ով արդարութիւն ճանչցողներ, Եւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ. Մարդոց նախատինքէն մի վախնաք, Ու անոնց բամբասանքէն մի զարհուրիք: 8Վասն զի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէս, Եւ մէցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս. Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտեան, Ու իմ փրկութիւնս ամէն դարերու մէջ պիտի ըլլայ: 9Արթնցիր, արթնցիր, ով տէրոջը բազուկը, զօրութիւն հագիր Արթնցիր առաջուան օրերուն պէս, Շատոնցմէ անցած դարերուն պէս. Դուն անիկա չե՞ս` որ Ռահաբը ջարդեցիր Ու վիշապը վիրաւորեցիր: 10Դուն անիկա չե՞ս` որ ծովը, Մեծ անդունդին ջուրերը, ցամքեցուցիր, Եւ ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ ըրիր, Որպէս զի փրկուածները անկէ անցնին: 11Ու Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, Ու երգերով Սիօն պիտի գան, Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ. Անոնք ցնծութիւն և ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնը ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանայ: 12Ես եմ, ես եմ որ ձեզ կը մխիթարեմ. Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն Ու խոտի նմանելու մարդու զաւակէն կը վախնաս. 13Եւ քեզ ստեղծող, երկինքները տարածող Ու երկրի հիմերը դնող Տէրը կը մոռնաս. Ու բռնաւորին սրտմտութենէն միշտ ամէն օր կը վախնաս, Իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է. Բայց հիմա ո՞ւր է բռնաւորին սրտմտութիւնը: 14Կապուածը շուտով պիտի արձակուի. Ու գուբին մէջ պիտի չմեռնի, Եւ իր հացը պիտի չպակսի: 15Քանզի քու Տէր Աստուածդ ես եմ, Որ ծովը կը յանդիմանեմ` երբ անոր ալիքները կը գոռան. Իմ անունս Եհովա Սաբաւովթ է: 16Ու իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, Եւ քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի, Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրի հիմերը դնեմ, Եւ Սիօնի ըսեմ, Դուն իմ ժողովուրդս ես: 17Արթնցիր, արթնցիր ու ելիր, ով Երուսաղէմ, Որ Տէրոջը ձեռքէն անոր բարկութեանը բաժակը խմեցիր. Թմրութեան բաժակին մրուրը քամելով խմեցիր: 18Անոր բոլոր ծնած որդիներէն` իրեն առաջնորդող չկայ, Ու բոլոր մեծցուցած տղաքներէն` իրեն ձեռնտու չկայ: 19Այս երկու բաները քեզի պատահեցան. Ո՞վ քեզի պիտի ցաւի. Կործանում ու կոտորած, սով ու սուր. Քեզ ինչո՞վ մխիթարեմ: 20Քու տղաքդ մարած` Ամէն փողոցներուն գլուխը կը պառկին, Որոգայթի մէջ բռնուած յամոյրի պէս. Անոնք Տէրոջը բարկութիւնովը, Քու Աստուծոյդ յանդիմանութիւնովը, լեցուած են: 21Ուրեմն ասիկա մտիկ ըրէ, ով ողորմելի, Որ արբած ես, բայց ոչ գինիէ: 22Այսպէս կ’ըսէ քու Եհովա Տէրդ, Եւ քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին դատը կը պաշտպանէ. Ահա քու ձեռքէդ թմրութեան բաժակը, Իմ բարկութեանս բաժակին մրուրը, առի. Զանիկա մէյմըն ալ պիտի չխմես. 23Եւ զանիկա քեզ հարստահարողներուն ձեռքը պիտի դնեմ, Որոնք քու անձիդ կ’ըսէին. Ծռէ որպէս զի անցնինք. Ու դուն կռնակդ, անցնողներուն համար, Գետնի պէս ու փողոցի պէս դրիր: