Եսայիա մարգարեյի գիրք

48

Աստուած ապագայի Տէրն է

1Լսեցէք ասիկա, ով Յակոբի տունը, Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էք, Ու Յուդայի աղբիւրէն ելեր էք, Եւ Տէրոջը անունովը կ’ընէք, Ու Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք, Բայց ճշմարտութեամբ չէ, ու արդարութեամբ չէ: 2(Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուին, Եւ Իսրայէլի Աստուծոյն կը կռթնին, Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է:) 3Առաջուան բաները հին ժամանակէն ի վեր պատմեցի, Ու անոնք իմ բերնէս ելան, և զանոնք իմացուցի. Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան: 4Որովհետև գիտէի որ դուն խիստ ես, Եւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունի, Ու պղնձէ ճակատ մը ունիս: 5Ուստի քեզի հին ժամանակէն ի վեր պատմեցի, Ու դեռ չեղած քեզի իմացուցի, Որ չըլլայ թէ ըսես, Զանոնք իմ արձանս ըրաւ, Եւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց: 6Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնը կատարուեցաւ. Ու դուք զանիկա պիտի չհրատարակէ՞ք. Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ, Զորոնք դուն չգիտցար: 7Անոնք հիմա ստեղծուեցան և ոչ թէ առաջուընէ. Ու այս օրէն առաջ զանոնք չլսեցիր, Որ չըլլայ թէ ըսես, Ահա զանոնք գիտցայ: 8Դուն ոչ լսեցիր, ոչ ալ գիտցար, Եւ սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ. Վասն զի գիտցայ որ դուն խիստ նենգաւոր ես, Ու դուն որովայնէ ապստամբ կոչուեցար: 9Ես իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի ուշացնեմ Եւ իմ փառքիս համար համբերող պիտի ըլլամ քեզի, Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ: 10Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս*. Եւ քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի: 11Ասիկա ինծի համար, ինծի համար պիտի ընեմ. Քանզի իմ անունս ինչո՞ւ պղծուի. Ու ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար:

Կիւրոս Տէրոջը ընտրած առաջնորդը

12Ով Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի մտիկ ըրէ. Ես նոյն եմ, առաջինը ես եմ, վերջինն ալ ես եմ: 13Նաև երկիրը իմ ձեռքս հիմնեց, Ու երկինքը իմ աջ ձեռքս տարածեց. Երբ ես զանոնք կանչեմ, Անոնք մէկտեղ իմ առջևս կը կայնին: 14Ամէնդ ժողվուեցէք ու մտիկ ըրէք. Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները. Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը ի գործ պիտի դնէ. Եւ իր բազուկը Քաղդէացւոց վրայ պիտի երկնցնէ: 15Ես, ես խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի, Զանիկա բերի, և անոր ճամբան յաջող պիտի ըլլայ: 16Ինծի մօտեցէք, ասիկա լսեցէք. Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ, Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ, Ու հիմա զիս Տէր Եհովա ու անոր Հոգին ղրկեց:

Տէրոջը ծրագիրը իր ժողովուրդին համար

17Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, Ու քալելու ճամբուդ մէջ քեզ կ’առաջնորդեմ: 18Երանի¯ թէ իմ պատուիրանքս մտիկ ընէիր. Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ գետի պէս, Ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար. 19Եւ քու սերունդդ աւազի չափ, Ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար, Անոր անունը իմ առջևէս պիտի չկըտըրուէր ու չկորսուէր: 20Բաբելոնէ ելէք, Քաղդէացիներէն փախէք. Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէք ու հրատարակեցէք. Ասիկա մինչև երկրի ծայրը տարածեցէք, Ըսելով, Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց: 21Ու երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւեցան. Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց, Վէմը պատռեց ու անկէ ջուրեր բըղխեցան: 22Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան, կ’ըսէ Տէրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)