Եսայիա մարգարեյի գիրք

47

Բաբելոնի դատաստանը

1Ով Բաբելոնի կոյս աղջիկ, Իջիր ու հողի վրայ նստէ. Ով Քաղդէացւոց աղջիկ, Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ, Քանզի մէյմըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս: 2Աղօրիքին քարերը առ, ալիւր աղա. Լաչակդ հանէ, քղանցքդ վերցուր. Սրունքդ բաց, գետերէն անցիր: 3Թող քու մերկութիւնդ բացուի Եւ նախատինքդ ալ երևնայ. Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ, Ու մարդու մը միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ: 4(Մեր Փրկչին անունը Եհովա Սաբաւովթ* է. Անիկա Իսրայէլի Սուրբն է:) 5Լուռ նստէ, խաւարի մէջ մտիր, ով Քաղդէացւոց աղջիկ, Քանզի մէյմըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս: 6Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ, Եւ իմ ժառանգութիւնս պղծեցի, Ու զանոնք քու ձեռքդ տուի. Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր, Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր. 7Եւ ըսիր, Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ. Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր, Ասոր վախճանը չյիշեցիր: 8Ու հիմա մտիկ ըրէ, Ով անհոգութեամբ նստող հեշտասէր, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես, Ես եմ ու ինծմէ ուրիշ չկայ. Որբևարի պիտի չնստիմ, Ու անզաւակութիւն պիտի չգիտնամ: 9Հիմա ասոնց երկուքն ալ, Թէ՛ անզաւակութիւնը և թէ՛ որբևարութիւնը Յանկարծ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան. Քու դիւթութիւններուդ շատութեանը մէջ Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան: 10Ու դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար, Ու ըսիր, Զիս տեսնող չկայ: Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են. Եւ սրտիդ մէջ ըսիր, Ես եմ ու ինծմէ ուրիշ չկայ: 11Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ, Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս. Եւ քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ, Զոր ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս. Ու քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ, Զոր դուն պիտի չգիտնաս: 12Հիմա քու կախարդութիւններուդ և շատ դիւթութիւններուդ մէջ կեցիր, Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես, Թերևս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս, Թերևս կարենաս յաղթել: 13Խորհուրդներուդ շատութենէն ձանձրացար. Հիմա երկինքը զննողները, աստեղագէտները. Նոր ամիսներով գուշակութիւն ընողները թող ելլեն, Եւ քու վրադ գալու չարիքէն քեզ ազատեն: 14Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան, Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ. Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել. Տաքնալու համար կայծ մը, Կամ դիմացը նստելու համար կրակ մը պիտի չմնայ: 15Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք` որոնց հետ աշխատեցար, Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր. Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով` ցիրուցան պիտի ըլլան, Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)