Եսայիա մարգարեյի գիրք

38

Եզեկիայի հիւանդութիւնը և կազդուրումը

1Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ: Ու Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ, ու անոր ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս: 2Ու Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց, ու Տէրոջը ըրաւ, 3Ու ըսաւ, Ով Տէր, կ’աղաչեմ, քու առջևդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս, և քու աչքիդ առջև եղածը ընելս յիշէ. ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ: 4Ու Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիի ըսելով, 5Գնա Եզեկիայի ըսէ, Քու հօրդ Դաւիթի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ. ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնÁհինգ տարի պիտի աւելցնեմ. 6Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ, և այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ: 7Եւ ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ, թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ: 8Ահա ստուերը Աքազի արևու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ. ու արևը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ: 9Այս է Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, որ իր հիւանդանալուն ու հիւանդութենէ ելլելուն ատենը գրեց. 10Ես ըսի, Իմ օրերուս հանգիստ ժամանակին* մէջ Գերեզմանին դռները պիտի երթամ. Մնացած տարիներէս զրկուեցայ: 11Ըսի թէ Տէրը պիտի չտեսնեմ, Տէրը պիտի չտեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ. Եւ միւս աշխարհին բնակիչներուն հետ ըլլալով, Ալ մարդու պիտի չնայիմ: 12Իմ շրջանս կը չուէ, Ու հովիւներուն տաղաւարին պէս ինծմէ կը փոխադրուի, Իմ կեանքս կտրեցի ոստայնանկի պէս. Առէչէն զիս կը կտրէ. Ցորեկուընէ մինչև գիշեր զիս պիտի լմնցնես: 13Մինչև առաւօտ սպասեցի. Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ. Ցորեկուընէ մինչև գիշեր զիս պիտի լմնցնես: 14Կռունկի պէս կամ ծիծեռնիկի պէս կը ճչէի, Աղաւնիի պէս կը մնչէի. Վեր նայելէն աչքերս տկարացան. Ով Տէր, տագնապի մէջ եմ, ինծի ձեռÁնտու եղիր: 15Ի՞նչ ըսեմ. ինք ինծի խօսեցաւ ու ինք կատարեց. Իմ բոլոր տարիներուս մէջ Հոգւոյս այս ցաւին համար կամաց պիտի քալեմ: 16Ով Տէր, մարդիկ ասոնցմով կ’ապրին, Ու իմ հոգւոյս կեանքը ասոնց ամէնէն է, Եւ զիս բժշկեցիր ու ապրեցուցիր: 17Ահա խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն եկաւ ինծի. Բայց դուն իմ հոգիս սիրեցիր, ու ապականութեան գուբէն փրկեցիր. Վասն զի բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետևը նետեցիր: 18Քանզի գերեզմանը քեզ չկրնար օրհնել, Մահը քեզի չկրնար տալ Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն կրնար յուսալ: 19Ապրողը, ապրողը քեզ պիտի օրհնէ, Ինչպէս ես այսօր կ’ընեմ. Քու ճշմարտութիւնդ հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ: 20Տէրը իմ փրկութիւնս եղաւ. Անոր համար մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ. Իմ օրհնութիւններս Տէրոջը տանը մէջ Լար ունեցող նուագարաններով պիտի երգենք: 21Վասն զի Եսայի ըսեր էր, Չոր թուզեր առնեն, մանրեն ու վէրքին վրայ դնեն, և պիտի առողջանայ: 22Ու Եզեկիա ըսեր էր, Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ ըլլայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)