Եսայիա մարգարեյի գիրք

21

Բաբելոնի անկման տեսիլքը

1Ծովու անապատին պատգամը: Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէս Անիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ: 2Ինծի վշտալի մը յայտնուեցաւ. Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ: Ով Եղամացիք, վեր ելէք. ով Մարք, պաշարեցէք. Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադարեցուցի: 3Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ, Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս. Այնպէս կծկուած եմ որ չեմ կրնար լսել, Այնպէս խռոված եմ որ չեմ կրնար տեսնել*: 4Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց. Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ: 5Սեղանը կը պատրաստեն, դէտերը կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն. Ելէք, ով իշխաններ, վահանները օծեցէք: 6Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ, Գնա դէտ մը դիր, որ տեսածը զրուցէ: 7Եւ անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր, Ու էշերու վրայ հեծածներ և ուղտերու վրայ հեծածներ, Եւ ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ, մտիկ ըրաւ, 8Ու աղաղակեց առիւծի պէս, Ով Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ, Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ. 9Եւ ահա հեծնող մարդիկ, Երկու ձիաւոր, կու գան. Նաև պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ, Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան: 10Ով իմ կոխուածներս ու իմ կալիս ցորենը, Ես ձեզի պատմեցի ինչ որ լսած եմ Զօրաց Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն:

Պատգամ Եդովմի մասին

11Եդովմի պատգամը: Սէիրէ ձայն մը կու գայ ինծի, Ով պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ, Ով պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ: 12Պահապանը կ’ըսէ, Առաւօտը կու գայ ու նաև գիշերը. Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէք. Դարձէք ու եկէք:

Պատգամ Արաբիոյ մասին

13Արաբիայի պատգամը: Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցնէք, Ով Դեդանցւոց կարաւանները: 14Ով Թեմայի երկրի բնակիչները, Ծարաւին առջև ջրով ելէք, Փախստականին առջև հացով եկէք: 15Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերուն առջևէն, Քաշուած սուրին առջևէն Ու լարուած աղեղին առջևէն Եւ սաստիկ պատերազմին առջևէն: 16Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ, Մէկ տարուան մէջ վարձկանի տարիներուն պէս Կեդարի բոլոր փառքը պիտի վերջանայ, 17Ու աղեղնաւորներուն մնացած թիւը, Կեդարի որդւոց զօրաւորները, պիտի քիչնան, Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը խօսեցաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)