Եսայիա մարգարեյի գիրք

19

Աստուած Եգիպտոսը պիտի պատժէ

1Եգիպտոսի պատգամը: Ահա Տէրը թեթևընթաց ամպի վրայ հեծեր է, Ու պիտի մտնէ. Եւ անոր երեսէն Եգիպտոսի կուռքերը պիտի շարժին, Ու Եգիպտոսի սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի: 2Եւ Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ Եգիպտացիներուն վրայ. Ու ամէն մէկը իր եղբօրը հետ, և ամէն մէկը իր ընկերին հետ, քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ, պիտի ընէ: 3Ու Եգիպտոսի ոգին իր ներսիդին պիտի պակսի, Եւ անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ. Ու անոնք կուռքերուն, կախարդներուն, Վհուկներուն ու նշանագէտներուն պիտի հարցնեն: 4Ու Եգիպտացիները խստասիրտ տէրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ, Եւ անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն մը պիտի տիրէ, Կ’ըսէ զօրաց Եհովա Տէրը: 5Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին, Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ: 6Եւ գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին*, Ու պարսպաւոր քաղաքներուն* գետերը պիտի պարպուին ու չորնան, Եղէգը ու պրտուն պիտի թառամին: 7Գետին քով ու Գետին եզերքին վրայ եղող մարգագետինները Եւ Գետին բոլոր վարուցանը Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին: 8Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն, Ու Գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան, Եւ ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին. 9Ու բարակ քթան գործողները Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան: 10Անոր սիւները պիտի կոտրտին, Ու ամէն վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի: 11Իրաւ որ Տայանիսի իշխանները յիմարներ են. Փարաւոնի իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է. Ի՞նչպէս Փարաւոնի կրնաք ըսել, Թէ Ես իմաստուններու որդի եմ. Ես հին թագաւորներու որդի եմ: 12Արդ ո՞ւր են քու իմաստուններդ, Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացնեն Թէ զօրաց Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսի համար: 13Տայանիսի իշխանները յիմարեցան. Մեմփիսի իշխանները խաբուեցան. Ու Եգիպտոսը իր ցեղերուն գլխաւորները մոլորեցուցին: 14Տէրը անոր մէջ մոլորութեան խառնեց Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործին մէջ մոլորեցուցին, Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի: 15Ու Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ. Որ գլուխ կամ պոչ եղողը Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ:

Եգիպտոսը Տէրը պիտի պաշտէ

16Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ, Ու պիտի դողայ և զարհուրի Զօրաց Տէրոջը ձեռքին շարժմունքէն Զոր պիտի շարժէ անոր վրայ: 17Եւ Յուդայի երկիրը Եգիպտացւոց արհաւիրք պիտի ըլլայ. Ով որ զանիկա յիշէ` պիտի վախնայ Զօրաց Տէրոջը խորհուրդին պատճառաւ, Զոր անոր դէմ սահմաներ է: 18Այն օրը Եգիպտոսի երկրին մէջ Քանանու լեզուն խօսող Եւ զօրաց Տէրոջը անունովն ընող Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ. Մէկը Արեգ քաղաք պիտի ըսուի: 19Այն օրը Եգիպտոսի երկրին մէջ Տէրոջը համար , Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ. 20Եւ անիկա Եգիպտացւոց երկրին մէջ Զօրաց Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ. Վասն զի բռնաւորներուն պատճառաւ Տէրոջը պիտի աղաղակեն Ու անիկա ազատիչ մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց` պիտի ազատէ զանոնք. 21Եւ Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի, Ու այն օրը Եգիպտացիք Տէրը պիտի ճանչնան, Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն, Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն: 22Եւ Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ. Պիտի զարնէ, ու պիտի բժշկէ. Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան, Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բժշկէ: 23Այն օրը Եգիպտոսէ դէպ ի բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ. Ու Ասորեստանցիք Եգիպտոս` ու Եգիպտացիք Ասորեստան պիտի երթան, Ու Եգիպտացիք Ասորեստանցւոց հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն*: 24Այն օրը երրորդ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ. Ու երկրի մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ: 25Քանզի զօրաց Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ, Ու պիտի ըսէ, Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս Եգիպտոս, Ու իմ ձեռքերուս գործը Ասորեստան, Եւ իմ ժառանգութիւնս Իսրայէլ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)