Եսայիա մարգարեյի գիրք
18
Աստուած Եթովպիան պիտի պատժէ
1Ով Եթէովպացւոց գետերուն անդիի կողմը եղող Թևերով հովանաւոր երկիր, 2Որ ծովէն` պրտուեղէն նաւակներով Ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ կը ղրկէ, Ով արագընթաց դեսպաններ, գացէք Երկայնահասակ ու լերկ* ազգին, Սկիզբէն մինչև հիմա ահեղ ժողովուրդին, Խիստ զօրաւոր ու ամէնը կոխկռտող ազգին, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն: 3Ով աշխարհի բոլոր բնակիչները, Ու երկրի վրայ բնակողներ, Երբ լեռները դրօշակ կանգնուի` նայեցէք, Ու երբ փող հնչուի` լսեցէք: 4Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ, Ես հանգիստ պիտի ըլլամ, ու իմ բնակարանէս պիտի նայիմ` Խոտի վրայի* պայծառ տաքութեանը պէս. Ու հունձքերու տաքութեանը մէջ ցօղագին ամպի պէս. 5Քանզի հունձքի ժամանակէն առաջ, Երբ ընձիւղը կը մեծնայ Ու ծաղիկը ազոխ ըլլալով հասնելու վրայ է, Անիկա ճիւղերը յօտոցով պիտի կտրէ Եւ ուռերը պիտի փրցնէ նետէ: 6Անոնք մէկտեղ լեռներու թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն պիտի թողուին. Եւ թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցնեն, Ու երկրի ամէն գազանները ձմեռը անոնց վրայ պիտի անցնեն: 7Այն ժամանակ զօրաց Տէրոջը Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն Եւ սկիզբէն մինչև հիմա ահեղ ժաղովուրդէն, Խիստ զօրաւոր ու ամէնը կոխկռտող ազգէն, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն, Զօրաց Տէրոջը անուանը տեղը, Սիօն լեռը, ընծայ պիտի բերուի: