Եսայիա մարգարեյի գիրք

15

Աստուած Մովաբը պիտի կործանէ

1Մովաբի պատգամը: Յիրաւի Մովաբի Ար քաղաքը գիշերով կոխուեցաւ ու կործանեցաւ. Յիրաւի Մովաբի Կիր քաղաքը գիշերով կոխուեցաւ ու կործանեցաւ: 2Անիկա տաճարը ու Դեբոն Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար. Նաբաւի ու Մեդաբայի վրայ Մովաբ պիտի ողբայ. Անոր ամէն գլուխները կնտակ պիտի ըլլան, Ամէն մօրուք պիտի կտրուի: 3Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին, Անոր տանիքներուն վրայ ու հրապարակներուն մէջ Ամէնը պիտի ողբան ու լան 4Ու Եսեբոն ու Եղէաղէ պիտի աղաղակեն, Անոնց ձայնը մինչև Յասսա պիտի լսուի. Անոր համար Մովաբի սպառազէնները պիտի կանչուըռտեն, Իրենց հոգիէն պիտի ձանձրանան: 5Իմ սիրտս Մովաբի համար պիտի աղաղակէ, Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչև Սեգովր պիտի փախչին. Քանզի Ղուիթի զառ ի վերը լալով պիտի ելլեն, Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն: 6Քանզի Նեմերիմի ջուրերը կ’աւրուին. Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի Ու կանանչեղէն չմնար: 7Անոր համար իրենց ստացած հարըստութիւնը Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին. 8Քանզի Մովաբի սահմանը աղաղակ շրջապատեց. Անոր ողբը մինչև Եգլայիմ Անոր ողբը մինչև Բերելիմ հասաւ: 9Քանզի Դեմոնի ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին. Քանզի Դեմոնի վրայ աւելի չարիք, Ու Մովաբէ ազատուածներուն վրայ Ու երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)