Ովսէէ մարգարեյի գիրք

12

Իսրայէլ և Յուդայ դատապարտուած են

1Եփրեմ զիս կը պաշարէ ստութեամբ, Ու Իսրայէլի տունը՝ նենգութեամբ. Բայց Յուդա տակաւին Աստուծով կը տիրէ, Ու սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։ 2Եփրեմ հով կը ճարակէ, ու արեւելեան հովին ետևէն կը վազէ. Ամէն օր ստութիւնը ու յափշտակութիւնը կը շատցնէ. Ասորեստանի հետ դաշնակցութիւն կ’ընեն, Ու իւղ կը տանին։ 3Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի, Ու Յակոբի անոր ճամբաներուն համեմատ այցելութիւն պիտի ընէ, Ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր։ 4Անիկա արգանդի մէջ իր եղբօրը գարշապարէն բռնեց, Եւ իր ուժովը Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։ 5Ու հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ և ոյժը հասաւ, Լացաւ և անկէ շնորհք խնդրեց. Զանիկա Բեթէլի մէջ գտաւ, Ու հոն մեզի հետ խօսեցաւ Անիկա, 6Այսինքն զօրաց Տէր Աստուածը, Որուն յիշատակը Եհովա է։

Դատապարտութեան այլ խօսքեր

7Ուրեմն դուն քու Աստուծոյդ դարձիր, Ողորմութիւն ու պահէ, Ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա։ 8Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, Անիկա հարստահարելը կը սիրէ. 9Ու Եփրեմ ըսաւ, Իրաւցընէ հարստացայ, Ինծի ստացուածք գտայ. Իմ ամէն վաստակներուս կողմէն Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս, որ ըլլայ։ 10Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ. Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերուն պէս։ 11Եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ, Ու տեսիլքները շատցուցի, Ու մարգարէներուն ձեռքով նմանութիւններ գործածեցի։ 12Արդարև Գաղաադ անօրէն է. արդարև ունայնութիւն եղան. Գաղգաղայի մէջ արջառներ մորթեցին, Անոնց սեղանները անգամ արտի ակօսներուն վրայ եղող քարակոյտներու պէս են։ 13Եւ Յակոբ Ասորւոց դաշտը փախաւ, Ու կնոջ համար ծառայութիւն ըրաւ, Ու կնոջ համար եղաւ։ 14Եւ Տէրը մէկ մարգարէով Եգիպտոսէ հանեց Իսրայէլը, Ու անիկա մէկ մարգարէով պահպանուեցաւ։ 15Եփրեմ դառնապէս բարկացուց զԱստուած. Անոր համար անոր արիւնները անոր վրայ պիտի ձգէ, Ու անոր Տէրը անոր նախատինքը անոր պիտի հատուցանէ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)