Ովսէէ մարգարեյի գիրք
11
Աստուծոյ սէրը ապստամբ ժողովուրդին հանդէպ
1Երբ Իսրայէլ մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի, Ու իմ որդիս Եգիպտոսէ կանչեցի։ 2Որչափ զանոնք կանչեցին, այնչափ անոնց երեսէն գացին. Բահաղիմներուն զոհ մատուցին, Ու կուռքերուն խունկ ծխեցին։ 3Ու Եփրեմը ես քալեցուցի. Զանոնք իրենց թևերէն* կը բռնէի. Սակայն չգիտցան թէ զիրենք բժշկողը ես եմ։ 4Զանոնք մարդու չուաններով, սիրոյ կապերով, քաշեցի, Ու անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց, Եւ անոնց հանգստութեամբ կերցուցի։ 5Անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի չդառնայ, Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոր թագաւորը, Քանզի դառնալ չուզեցին։ 6Եւ անոր քաղաքներուն վրայ սուրը պիտի յարձակի, Ու անոր իշխանները պիտի ուտէ հատցնէ Անոնց խորհուրդներուն համար։ 7Եւ իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապըստամբելու հակամիտեալ է, Ու թէև անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին, Սակայն բնաւ մէկը զանիկա չբարձրացներ։ 8Քեզ ի՞նչպէս տամ, ով Եփրեմ, Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ով Իսրայէլ. Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ, Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ. Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի, Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։ 9Իմ սաստիկ բարկութիւնս ի գործ պիտի չդնեմ, Եփրեմը աւրելու պիտի չդառնամ, Քանզի ես Աստուած եմ և ոչ թէ մարդ, Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմ, Ու բարկութեամբ պիտի չգամ*։ 10Տէրոջը ետևէն պիտի երթան, Անիկա առիւծի պէս պիտի գոչէ. Երբ անիկա գոչէ, Արևմուտքի կողմէն տղաքները արտորնօք պիտի գան։ 11Անոնք Եգիպտոսէ թռչունի պէս Ու Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորնօք պիտի գան. Ու զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։