Ովսէէ մարգարեյի գիրք
10
1Իսրայէլ լայնատարած որթ մըն է, Իրեն համար պտուղ կը բերէ. Իր պտուղին շատութեանը չափ սեղաններ շատցուց, Իր երկրին գեղեցկութեանը պէս գեղեցիկ կուռքեր շինեցին։ 2Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի ելլեն. Անիկա անոնց սեղանները պիտի փլցնէ, Անոնց կուռքերը պիտի աւրէ։ 3Վասն զի հիմա անոնք պիտի ըսեն, Մենք թագաւոր չունինք, Քանզի Տէրոջմէն չվախցանք. Ու թագաւորը մեզի ի՞նչ պիտի ընէ։ 4Ուխտ ըրած ատեննին՝ սուտ երդում ընելով խօսքեր խօսեցան, Ու դատաստանը արտին ակօսներուն մէջ թունաւոր խոտերու պէս պիտի բուսնի։ 5Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի որթերուն պատճառաւ պիտի վախնան, Քանզի անոր վրայ անոր ժողովուրդը սուգ պիտի ընէ, Ու անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի դողան, Քանզի անիկա իրմէ գերութեան կ’երթայ։ 6Անիկա ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝ Յարէբ թագաւորին պարգև ըլլալու. Եփրեմ ամօթ պիտի կրէ, Ու Իսրայէլ իր խորհուրդէն պիտի ամչնայ: 7Սամարիայի թագաւորը* բնաջինջ պիտի ըլլայ Ջուրի երեսին վրայ եղող փրփուրին պէս: 8Եւ Աւենի բարձր տեղերը, Իսրայէլի մեղքը, աւերակ պիտի ըլլան. Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի. Եւ լեռներուն պիտի ըսեն, Մեզ ծածկեցէք. Ու բլուրներուն՝ Մեր վրայ ինկէք:
Աստուած Իսրայէլի վճիռը կ’իմացնէ
9Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղք գործեցիր, ով Իսրայէլ, Հոն կայնեցան քուկիններդ, Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը անոնց չհասաւ։ 10Զանոնք խրատելու կը ցանկամ. Ու անոնց վրայ ժողովուրդներ պիտի ժողվուին, Երբ իրենց երկու անօրէնութիւններուն համար* կապուին։ 11Ու Եփրեմ երինջ մըն է, որ սորված է ու կը սիրէ ցորեն ծեծել, Բայց ես անոր պարանոցին գեղեցկութեանը վրայ լուծ մը անցուցի. Եփրեմը կառքի պիտի լծեմ, Յուդա պիտի հերկէ, Յակոբ անոր ետևէն պիտի տափանէ: 12Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէք, Ու ողորմութիւնով հնձեցէք, Եւ չմշակուած երկիրը հերկեցէք. Քանզի Տէրը փնտռելու ատեն է, Մինչև ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղայ։ 13Ամբարշտութեամբ հերկեցիք ու անօրէնութիւն հնձեցիք, Ստութեան պտուղը կերաք. Քանզի դուն քու ճամբուդ և քու զօրաւորներուդ բազմութեանը ապաւինեցար։ 14Ուստի քու ժողովուրդներուդ մէջ խռովութիւն պիտի ելլէ, Եւ քու բոլոր բերդերդ պիտի կործանին, Ինչպէս Սաղման պատերազմին օրը Բեթարբէլը կործանեց, Ուր մայրը իր տղոցը վրայ գետինը զարնուեցաւ։ 15Բեթէլ ձեզի ասոր պէս պիտի ընէ, Ձեր չափազանց չարութեանը համար. Արշալոյսին ատենը Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին բնաջինջ պիտի ըլլայ։