Ամբակում մարգարեյի գիրք

1

1Ամբակում մարգարէին տեսիլքով յայտնուած պատգամը:

Ամբակում անարդարութեան դէմ կը գանգատի

2Մինչև ե՞րբ, ով Տէր, աղաղակեմ ու չլսես, Եւ զրկանքի համար քեզի կանչեմ ու չազատես: 3Ինչո՞ւ համար ինծի անօրէնութիւն կը ցուցնես, Եւ նեղութիւն կ’երևցնես. Քանզի իմ առջևս յափշտակութիւն ու զրկանք կայ, Եւ դատ ու վէճ հանող կայ: 4Անոր համար օրէնքը կը խափանի, Ու իրաւունքը ի գործ չդրուիր, Վասն զի անօրէնը արդարին բոլորտիքը կ’առնէ. Այս պատճառաւ դատաստանը ծուռ կ’ելլէ:

Աստուած կը պատասխանէ

5Ազգերուն մէջ նայեցէք ու տեսէք, Եւ զարմանալով ապշեցէք, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի գործեմ, Որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք: 6Քանզի ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները, Այն դառն ու արագընթաց ազգը, Որ իրենը չեղող բնակութիւններուն տիրելու համար` Երկրի լայնութիւնը կը պտըտի. 7Անիկա սոսկալի և ահարկու է, Անոր դատաստանը ու իշխանութիւնը իրմէ կ’ելլեն: 8Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են, Ու երեկոյեան գայլերէն աւելի կատղած են. Եւ անոր ձիաւորները պիտի ցաթկեն, Ու անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան, Ու կերակուրի վրայ արտորացող արծիւի պէս պիտի թռչին: 9Ամէնը զրկանքի համար պիտի գան, Գունդերուն երեսները դէպ ի յառաջ պիտի ըլլան, Ու աւազի պէս գերիներ պիտի ժողվէ: 10Եւ անիկա թագաւորները ծաղր պիտի ընէ, Ու իշխանները անոր խաղալիկ պիտի ըլլան. Անիկա ամէն պարսպի վրայ պիտի խնդայ, Վասն զի հող պիտի դիզէ ու զանիկա պիտի առնէ: 11Այն ատեն անոր միտքը պիտի փոխուի ու պիտի հպարտանայ, Եւ այս իր զօրութիւնը իր աստուծոյն սեպելով` յանցաւոր պիտի ըլլայ:

Ամբակում կրկին կը գանգատի

12Միթէ դուն ի յաւիտենից չե՞ս, ով իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս. Պիտի չմեռնինք: Ով Տէր, զանիկա դատաստանի համար որոշեցիր, Ով Վէմ, զանիկա յանդիմանելու համար հաստատեցիր: 13Դուն, որուն աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են, Ու անիրաւութեան նայելու կարող չես, Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս, Ամբարիշտին իրմէ արդար եղողը կլլած ատենը ինչո՞ւ կը լռես. 14Ու մարդը ծովու ձուկերուն պէս կ’ընես, Սողուններուն պէս` որոնք իրենց վրայ տիրող չունին : 15Անոնց ամէնը կարթով կը հանէ. Զանոնք իր ուռկանովը կը բռնէ, Եւ զանոնք իր ցանցովը կը ժողվէ, Անոր համար կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ. 16Անոր համար իր ուռկանին կը մատուցանէ, Ու իր ցանցին կը ծխէ, Վասն զի անոնցմով իր բաժինը գէր Ու իր կերակուրը պարարտ է: 17Արդեօք այս պատճառաւ իր ուռկանը պիտի պարպէ՞, Ու միշտ ազգերը կոտրելէն պիտի չդադարի՞:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)