Ծննդոց
35
Աստուած կ’օրհնէ Յակոբը
1Եւ Աստուած ըսաւ Յակոբի, Ելիր, վեր դէպ ի Բեթէլ գնա ու հոն բնակէ, և հոն սեղան մը շինէ Աստուծոյ որ քեզի երեւցաւ, քու եղբօրդ Եսաւի երեսէն փախած ատենդ: 2Եւ Յակոբ իր ընտանիքին ու բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ, Ձեր մէջ եղող օտար աստուածները վերցուցէք, ու մաքրուեցէք և հանդերձնիդ փոխեցէք. 3Ու ելլելով դէպ ի Բեթէլ վեր երթանք. ու հոն սեղան մը շինեմ Աստուծոյ, որ իմ նեղութեանս օրը ինծի լսեց, ու իմ գացած ճամբուս մէջ ինծի հետ էր: 4Եւ իրենց ձեռքը եղած բոլոր օտար աստուածները ու իրենց ականջները եղած օղերը Յակոբի տուին. և Յակոբ թաղեց զանոնք Սիւքէմի մօտ եղած բեւեկնիին տակ: 5Ու ճամբայ ելան. և իրենց բոլորտիքը եղած քաղաքներուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, ու Յակոբի որդիներուն ետեւէն չինկան: 6Եւ Յակոբ Քանանու երկրին մէջ եղող Լուզ, այսինքն Բեթէլ, եկաւ, ինք ու իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը. 7Եւ հոն սեղան մը շինեց, ու այն տեղին անունը Էլ-Բեթէլ դրաւ. քանզի իր եղբօրը երեսէն փախած ատենը Աստուած հոն իրեն երեւցեր էր: 8Եւ Ռեբեկայի դայեակը Դեբօրա մեռաւ, ու Բեթէլի վարի կողմը կաղնիին տակ թաղուեցաւ. ու անոր անունը Ալօն-պախութ դրուեցաւ: 9Եւ Աստուած նորէն երեւցաւ Յակոբի երբ անիկա Միջագետէ դարձեր էր, ու օրհնեց զանիկա: 10Եւ Աստուած ըսաւ անոր, Քու անունդ Յակոբ է. ա՛լ մէյմըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ ըլլայ քու անունդ. ու անոր անունը Իսրայէլ դրաւ: 11Եւ Աստուած ըսաւ անոր, Ես Ամենակարող Աստուած եմ. աճիս ու շատնաս. քեզմէ ազգ ու ազգերու բազմութիւն ըլլայ, և քու երանքէդ թագաւորներ ելլեն: 12Ու այն երկիրը զոր Աբրահամի և Իսահակի տուի, քեզի պիտի տամ. ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ պիտի տամ այն երկիրը: 13Եւ Աստուած այն տեղ ուր անոր հետ խօսեցաւ, անոր քովէն վեր ելաւ: 14Ու Յակոբ քարէ արձան մը կանգնեց այն տեղ՝ ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ. և անոր վրայ թափելու նուէր մատուց ու անոր վրայ իւղ թափեց: 15Եւ Յակոբ այն տեղին անունը ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ, Բեթէլ դրաւ:
Ռաքէլին մահը
16Ու Բեթէլէ ճամբայ ելան. ու դեռ Եփրաթա չեկած քիչ մը ճամբայ մնալով՝ Ռաքէլ ծնաւ, և ծնած ատենը շատ դժուարութիւն քաշեց: 17Ու եղաւ որ երբ իր ծնանելուն շատ դժուարութիւն կը քաշէր, ծնուցիչը ըսաւ անոր, Մի վախնար, քանզի աս ալ քեզի որդի է: 18Եւ եղաւ որ երբ անոր հոգին կ՚ելլէր, (քանզի մեռաւ,) անոր անունը Բենօնի դրաւ. բայց անոր հայրը Բենիամին կոչեց զանիկա: 19Եւ Ռաքէլ մեռաւ, ու թաղուեցավ Եփրաթայի ճամբան, որ Բեթլէհէմ է: 20Եւ Յակոբ անոր գերեզմանին վրայ արձան մը կանգնեց, որ մինչև այսօր Ռաքէլի գերեզմանին արձանն է: 21Եւ Իսրայէլ ճամբայ ելաւ, և իր վրանը Միկտալ-եդերի անդիի կողմը կանգնեց: 22Ու եղաւ որ երբ Իսրայէլ այն երկիրը կը բնակէր, Ռուբէն գնաց ու իր հօրը Բաղղա հարճին հետ պառկեցաւ. և Իսրայէլ լսեց ասիկա: Արդ Յակոբի որդիները տասուերկու էին.
Յակոբին զաւակները
23Լիայի որդիները՝ Յակոբի անդրանիկը Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն. 24Ռաքէլի որդիները՝ Յովսէփ ու Բենիամին. 25Եւ Ռաքէլի Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ: 26Եւ Լիայի Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր: Ասոնք են Յակոբի որդիները, որոնք Միջագետի մէջ ծնան անոր:
Իսահակի մահը
27Եւ Յակոբ եկաւ իր հօրը Իսահակի դէպ ի Մամբրէ, Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոն, ուր Աբրահամ ու Իսահակ պանդխտութեամբ բնակեցան: 28Եւ Իսահակի օրերը հարիւր ութսուն տարի եղան: 29Եւ Իսահակ ծերացած ու օրերը լեցուած՝ աւանդեց հոգին ու մեռաւ, և իր ժողովուրդին խառնուեցաւ. ու անոր որդիները Եսաւ ու Յակոբ թաղեցին զանիկա: