Ծննդոց

2

Եդեմի պարտէզը

1Ու կատարուեցան երկինք ու և անոնց ամէն զարդերը: 2Եւ իր ըրած գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց, ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր ըրած բոլոր գործերէն: 3Եւ օրհնեց Աստուած եօթներորդ օրը, ու սրբեց զանիկա. վասն զի անոր մէջ հանգստացավ իր ամէն գործերէն՝ զորոնք Աստուած ստեղծեց ու ըրաւ: 4Ասոնք են երկինքի ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատեն, այն օրը որ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ, 5Ու դաշտին բոլոր բոյսերը՝ դեռ երկրի վրայ չեղած, և դաշտին բոլոր խոտը՝ դեռ չբուսած. քանզի Տէր Աստուած երկրի վրայ տակաւին անձրև բերած չէր, ու գետինը գործելու մարդ չկար. 6Հապա երկրէ շոգի կ’ելլէր ու գետնին բոլոր երեսը կը ջրէր: 7Եւ Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը, և անոր ռնգունքներուն կենդանութեան շունչ փչեց, ու մարդը կենդանի եղաւ: 8Եւ Տէր Աստուած արեւելքին կողմը Եդեմի մէջ պարտէզ տնկեց, ու իր շինած մարդը հոն դրաւ: 9Եւ Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի և ուտելու աղէկ ամէն ծառը, ու պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառը, և բարին ու չարը գիտնալու ծառն ալ բուսցուց: 10Եւ պարտէզը ջրելու համար Եդեմէ գետ մը կ’ելլէր, ու անկէ չորս գլխու կը բաժնուէր: 11Մէկուն անունը Փիսոն է. ասիկա Եւիլայի բոլոր երկիրը կը պտըտի, ուր կայ. 12Եւ այն երկրին ոսկին ազնիւ է. սուտակ ու եղնգնաքար կայ հոն: 13Ու երկրորդ գետին անունը Գեհոն է. ասիկա Քուշի բոլոր երկիրը կը պտըտի: 14Ու երրորդ գետին անունը Տիգրիս է. ասիկա Ասորեստանի արևելեան կողմը կ’երթայ: Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է: 15Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը, ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա գործէ ու պահէ: 16Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով, Պարտէզին ամէն ծառէն համարձակ կեր. 17Բայց բարւոյ ու չարի գիտութեան ծառէն մի ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս: 18Եւ Տէր Աստուած ըսաւ, Աղէկ չէ որ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար: 19Եւ Տէր Աստուած դաշտին բոլոր գազանները ու երկինքի բոլոր թռչունները հողէն շինեց, և Ադամի առջեւ բերաւ, որպէս զի տեսնէ թէ անոնց ի՛նչ կը դնէ. և Ադամ ի՛նչ անուն որ դրաւ շնչաւոր կենդանիի, այն եղաւ անոր անունը: 20Եւ Ադամ բոլոր անասուններուն ու երկինքի թռչուններուն և դաշտի բոլոր գազաններուն անուններ դրաւ. բայց Ադամի իրեն յարմար օգնական մը չգտնուեցաւ: 21Եւ Տէր Աստուած խորունկ մը բերաւ Ադամի վրայ, ու անիկա քնացաւ. և անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց. 22Եւ Տէր Աստուած Ադամէ կողին ոսկորը շինեց, ու զանիկա Ադամի բերաւ: 23Եւ Ադամ ըսաւ, Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ: 24Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը, և իր կնոջ պիտի յարի. ու մէկ մարմին պիտի ըլլան: 25Եւ Ադամ ու իր կինը երկուքն ալ մերկ էին, ու չէին ամչնար:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)