Եզրասի գիրք
1
Կիւրոս հրեաներուն վերադարձը կ’արտօնէ
1Եւ Պարսից Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Երեմիայի բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքին կատարուելուն համար*, Տէրը Պարսից Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց. ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ, ու նաև հրովարտակ գրեց՝ ըսելով. 2Այսպէս կ՚ըսէ Կիւրոս, Պարսից թագաւորը. Երկինքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ. ու անիկա ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ: 3Ձեր մէջ ով որ անոր բոլոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, ու Յուդայի Երուսաղէմը ելլէ, և Իսրայէլի Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ: 4Ու անոր քաղաքացիները, այսինքն բոլոր մնացողները, իրենց պանդխտութեանը տեղէն արծաթով, ոսկիով, ստացուածքով ու անասուններով անոր օգնութիւն ընեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տանը համար տրուած կամաւոր ընծաներէն զատ: 5Այն ատեն Յուդայի ու Բենիամինի տոհմերուն իշխանները, և քահանաները ու Ղեւտացիները ոտք ելան այն բոլոր մարդոց հետ որոնց հոգին Աստուած արթընցուցեր էր, որպէս զի ելլեն ու Երուսաղէմ եղող Տէրոջը տունը շինեն: 6Եւ անոնց բոլորտիքը եղողներուն ամէնը բոլոր կամաւոր ընծաներէն զատ արծաթէ ամաններով, ոսկիով, ստացուածքով ու անասուններով և պատուական պարգևներով անոնց օգնութիւն ըրին*: 7Ու Կիւրոս թագաւորը Տէրոջը տանը անօթները հանեց, զորոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէ հանելով՝ իր աստուծոյն տունը դրեր էր. 8Պարսից Կիւրոս թագաւորը զանոնք Միթրիդատ գանձապետին ձեռքով հանել տուաւ, ու զանոնք համրանքով Յուդայի Սասբասար նախարարին յանձնեց: 9Եւ այս էր անոնց թիւը. երեսուն ոսկեղէն կոնք, հազար արծաթեղէն կոնք, քսանըինը դանակ: 10Երեսուն ոսկեղէն տաշտ, չորս հարիւր տասը արծաթէ տաշտ՝ երկրորդ կարգէն, և հազարաւոր ուրիշ անօթներ: 11Բոլոր ոսկիէ ու արծաթէ ամանները հինգ հազար չորս հարիւր էին: Ասոնց ամէնը Սասբասար Բաբելոնի գերութենէն Երուսաղէմ ելլողներուն հետ հանեց: