Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

42

Երկու շէնքեր տաճարին մօտ

1Անկէ ետքը զիս դէպ ի հիւսիս եղող ճամբովը արտաքին գաւիթը հանեց, և զիս զատուած տեղին դիմաց եղող ու դէպ ի հիւսիս նայող շէնքին դիմացի սենեակները բերաւ։ 2i> Այս սենեակներուն հիւսիսային մուտքին առջևի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն, ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։ 3Ներսի գաւիթին քսան կանգունին դէմ ու դուրսի գաւիթին քարայատակին դէմ, իրարու դիմաց, երեք դստիկոնով սիւնազարդ սրահներ կային։ 4Ու սենեակներուն առջև, ներսէն տասը կանգուն լայն ճեմելիք մը ու մէկ կանգուն ճամբայ մը կար, և անոնց դռները դէպ ի հիւսիս էին, 5Ու վերի սենեակները կարճ էին, վասն զի սիւնազարդ սրահները անոնցմէ, այսինքն շէնքին վարի ու միջին սենեակներէն, տեղ կ’առնէին։ 6Քանզի անոնք երեք դստիկոն էին, ու գաւիթներուն սիւներուն պէս սիւներ չունէին. անոր համար գետնէն, այսինքն վարի ու միջին սենեակներէն, կը նեղնային։ 7Ու սենեակներուն դիմաց, դուրսի գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջևի դուրսի պատին երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։ 8Վասն զի դուրսի գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր. և ահա տաճարին դիմաց հարիւր կանգուն էր։ 9Ու այս սենեակներուն տակէն, դուրսի գաւիթէն անոնց երթալու համար արևելեան կողմէն, մուտք մը կար։ 10Եւ գաւիթին պարսպին լայնութեանը մէջ դէպ ի արևելք, զատուած տեղին դիմաց ու շէնքին դիմաց, սենեակներ կային։ 11Եւ անոնց առջև ճամբայ մը կար դէպ ի հիւսիս եղող սենեակներուն երեւութին պէս, թէ՛ անոնց երկայնութեանը, թէ՛ ա-նոնց լայնութեանը և թէ՛ անոնց բոլոր ելքերուն և անոնց ձևերուն ու դռներուն կողմանէ։ 12Նոյնպէս էին դէպ ի հարաւ եղող սենեակներուն մուտքերը. ճամբուն գլուխը մուտք մը կար, այսինքն արևելեան ճամբուն բերանը՝ պատին առջևի շիտակ ճամբան։ 13Եւ ինծի ըսաւ, Զատուած տեղին առջև եղող հիւսիսային կողմի սենեակները ու հարաւային կողմի սենեակները սուրբ սենեակներն են, ուր Տէրոջը մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն. հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները ու հացի ընծան ու մեղքի պատարագը և յանցանքի պատարագը, քանզի այն տեղը սուրբ է։ 14Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն դուրսի գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօնի զգեստները հոն պիտի թողուն, վասն զի անոնք սուրբ են. և ուրիշ հանդերձներ հագնելով՝ ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն պիտի մօտենան։

Տաճարին տարածութեան չափերը

15Ու երբ անիկա ներքին տունը չափեց լմնցուց, զիս դէպ ի արևելք նայող դուռը հանեց, ու զանիկա ամէն կողմէն չափեց։ 16Արևելեան կողմը չափի եղէգով՝ շուրջանակի հինգ հարիւր եղէգ չափեց չափի եղէգով։ 17Հիւսիսային կողմը շուրջանակի չափի եղէգով հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 18Հարաւային կողմը չափի եղէգով հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 19Արևմտեան կողմը դարձաւ, ու չափի եղէգով հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 20Զանիկա չորս կողմէն չափեց. անիկա հինգ հարիւր եղէգ երկայն, ու հինգ հարիւր եղէգ լայն էր, ու պարիսպ ունէր՝ սուրբ ու անսուրբ տեղերուն մէջտեղ զատելու համար։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)