Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

37

Չորցած ոսկորներուն ձորը

1Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ, և Տէրը զիս Հոգիով* հանեց ու զիս դաշտին մէջ դրաւ, և անիկա ոսկորներով լեցուն էր. 2Ու զիս անոնց քովերէն պտըտցուց շուրջանակի և ահա անոնք դաշտին երեսին վրայ խիստ շատ էին, և ահա անոնք խիստ չորցած էին։ 3Ու ինծի ըսաւ, Որդի մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ. ու ըսի, Ով Տէր Եհովա, դուն գիտես։ 4Եւ ինծի ըսաւ, Այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ ու անոնց ըսէ, Ով չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք։ 5Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովա այս ոսկորներուն. Ահա ես ձեր մէջ պիտի դնեմ, ու պիտի կենդանանաք. 6Եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ, ու ձեզ միսով պիտի պատեմ, ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ, և ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ, ու պիտի կենդանանաք. և պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 7Ու ես մարգարէութիւն ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ ու մարգարէութիւն ըրածիս պէս ձայն մը եղաւ. և ահա շարժում մը եղաւ, ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր ոսկորին։ 8Եւ տեսայ որ ահա անոնք ջիղերով ու միսով պատեցան, ու վրայէն մորթով ծածկուեցան, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։ 9Այն ատեն ինծի ըսաւ, Շունչին մարգարէութիւն ըրէ, մարգարէութիւն ըրէ, որդի մարդոյ, ու շունչին ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ով շունչ, չորս հովերէն եկուր, ու այս սպաննուածներուն վրայ փչէ որպէս զի կենդանանան։ 10Եւ ես մարգարէութիւն ըրի՝ ինչպէս ինծի հրամայեց, ու շունչը անոնց մէջ մտաւ, ու կենդանացան և իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան, ու խիստ մեծ զօրք մը եղաւ։ 11Եւ ինծի ըսաւ, Որդի մարդոյ, այս ոսկորները բոլոր Իսրայէլի տունն են. ահա անոնք կ’ըսեն, Մեր ոսկորները չորցան ու մեր յոյսը կտրեցաւ. մենք կորսուած ենք։ 12Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ, ու ձեր գերեզմաններէն ձեզ պիտի հանեմ, ով իմ ժողովուրդս, և ձեզ Իսրայէլի երկիրը պիտի բերեմ։ 13Ու երբ ձեր գերեզմանները բանամ, ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ով իմ ժողովուրդս, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 14Եւ իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ, ու պիտի կենդանանաք. ու ձեր երկրին մէջ ձեզ պիտի հանգստացնեմ, ու պիտի գիտնաք որ ես Տէրս խօսեցայ ու ըրի, կ’ըսէ Տէրը*։

Յուդայ և Իսրայէլ մէկ թագաւորութեան մէջ

15Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 16Ու դուն, որդի մարդոյ, քեզի փայտ մը առ ու անոր վրայ գրէ, Յուդայի համար ու անոր ընկերներուն, Իսրայէլի որդիներուն, համար. ետքը ուրիշ փայտ մը առ ու անոր վրայ գրէ, Յովսէփի համար, Եփրեմի ու անոր ընկերներուն բոլոր Իսրայէլի տանը փայտը. 17Եւ զանոնք իրարու մօտեցուր, որպէս զի մէկ փայտ ըլլան ու քու ձեռքիդ մէջ միանան։ 18Ու երբ քու ժողովուրդիդ որդիները քեզի խօսին ու ըսեն, Ի՞նչ պիտի ըլլան քեզի այս բաները, մեզի չե՞ս պատմեր։ 19Անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես պիտի առնեմ Յովսէփի փայտը որ Եփրեմի ձեռքն է, ու անոր ընկերները, Իսրայէլի ցեղերը, և զանոնք անոր հետ մէկտեղ Յուդայի փայտին հետ պիտի դնեմ, ու զանոնք մէկ փայտ պիտի ընեմ, ու իմ ձեռքիս մէջ մէկ պիտի ըլլան։ 20Եւ այն փայտերը, որոնց վրայ դուն պիտի գրես, անոնց աչքերուն առջև քու ձեռքիդ մէջ ըլլան։ 21Ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Ահա ես Իսրայէլի որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն՝ ուր գացին, ու զանոնք ամէն կողմէն պիտի ժողվեմ, ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ: 22Եւ զանոնք երկրին մէջ Իսրայէլի լեռներուն վրայ մէկ ազգ պիտի ընեմ, ու անոնց ամէնուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ. ու մէյմըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան, ու մէյմըն ալ երկու թագաւորութեան պիտի չբաժնուին: 23Եւ մէյմըն ալ իրենց կուռքերովը ու գարշութիւններովը ու իրենց բոլոր յանցանքներովը պիտի չպըղծուին. ու ես զանոնք պիտի ազատեմ իրենց բոլոր բնակութիւններէն՝ որոնց մէջ իրենք գործեցին, և զանոնք պիտի սրբեմ. ու անոնք ինծի պիտի ըլլան, ես ալ անոնց պիտի ըլլամ։ 24Եւ անոնց վրայ իմ ծառաս թագաւոր պիտի ըլլայ, ու ամէնը մէկ պիտի ունենան. և իմ իրաւունքներուս մէջ պիտի քալեն, ու իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն. 25Եւ պիտի բնակին այն երկրին վրայ զոր իմ Յակոբ ծառայիս տուի, որուն մէջ ձեր հայրերը բնակեցան. ու անոր վրայ իրենք ու իրենց որդիները և իրենց որդւոց որդիները յաւիտեան պիտի բնակին. ու իմ ծառաս Դաւիթ յաւիտեան անոնց պիտի ըլլայ։ 26Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի ընեմ, անիկա անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ. և զանոնք պիտի տեղաւորեմ ու պիտի շատցնեմ, և իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։ 27Ու իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ. և ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ, ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ 28Եւ իմ սրբարանս յաւիտեան անոնց մէջ ըլլալով ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը որ Իսրայէլը կը սրբեմ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)