Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

34

Իսրայէլին հովիւները

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, Իսրայէլի հովիւներուն դէմ մարգարէութիւն ըրէ, մարգարէութիւն ըրէ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ հովիւներուն. Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն՝ որոնք ինքզինքնին կ’արածեն. հովիւները հօտը արածելու չե՞ն: 3Դուք ճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք և գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր: 4Տկարները չուժովցուցիք, ու հիւանդները չբժշկեցիք, և կոտրածը չփաթթեցիք, ու մոլորածը չդարձուձիք, և կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք: 5Եւ անոնք չունենալնուն համար ցրուեցան, ու ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան: 6Իմ ոչխարներս ամէն լեռներու վրայ ու ամէն բարձր բլուրներու վրայ մոլորեցան, և իմ ոչխարներս բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեցան, ու խնդրող չկայ ու փնտռող չկայ: 7Անոր համար, ով հովիւներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. 8Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որովհետև հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս յափշտակուեցաւ, ու իմ ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան, և իմ հովիւներս իմ ոչխարներս չփնտռեցին, ու հովիւները ինքզինքնին արածեցին ու իմ հօտս չարածեցին. 9Անոր համար, ով հովիւներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. 10Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես հովիւներուն դէմ եմ, ու իմ ոչխարներս անոնց ձեռքէն պիտի պահանջեմ, և զանոնք ոչխար արածելէն պիտի արգիլեմ ու հովիւները մէյմըն ալ զիրենք պիտի չարածեն. ու իմ ոչխարներս անոնց բերնէն պիտի հանեմ, որպէս զի մէյմըն ալ անոնց կերակուր չըլլան:

Բարի հովիւը

11Վասն զի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ինքնին իմ ոչխարներս պիտի խնդրեմ ու պիտի փնտռեմ: 12Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն մէջ կը գտնուի, իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք ամէն տեղերէն, ուր ամպի ու մառախուղի օրը ցրուեցան: 13Եւ զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, ու զանոնք երկիրներէն պիտի ժողվեմ, ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ, և զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերու մէջ ու երկրին ամէն բնակուելու տեղերը պիտի արածեմ. 14Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ, ու անոնց փարախը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ. հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին, ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին: 15Իմ ոչխարներս ես պիտի արածեմ ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 16Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ, և կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի ուժովցնեմ, բայց պարարտը ու զօրաւորը պիտի կորսնցնեմ. զանոնք իրաւունքով պիտի արածեմ: 17Եւ դուք, ով իմ ոչխարներս, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն ու նոխազներուն մէջտեղ պիտի ընեմ: 18Միթէ աղէկ արօտի մէջ արածուիլը քի՞չ բան է ձեզի. որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխէք, ու մաքուր ջուրերն ալ խմելը՝ որ մնացածները ձեր ոտքերով կը պղտորէք: 19Եւ իմ ոչխարներս ձեր ոտքերուն կոխածը կը ճարակեն, ու ձեր ոտքերէն պղտորածը կը խմեն: 20Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ անոնց. Ահա ես ինքնին դատաստան պիտի ընեմ պարարտ ոչխարին ու նիհար ոչխարին մէջտեղ: 21Որովհետև դուք ձեր կողով և ուսով հրեցիք, ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարները զարկիք, մինչև որ դուրսը ցրուեցիք զանոնք, 22Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ, ու մէյմըն ալ պիտի չյափշտակուին, և ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ: 23Ու անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառա Դաւիթը, պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ. անիկա պիտի հովուէ զանոնք, և անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը: 24Ու ես Տէրս անոնց պիտի ըլլամ, և իմ ծառաս անոնց մէջ պիտի ըլլայ. ես Տէրս խօսեցայ: 25Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ, ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ. և անապատին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին, ու անտառներուն մէջ պիտի քնանան: 26Եւ զանոնք ու իմ լեռանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ, ու անձրևները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ. անոնք օրհնութեան անձրևներ պիտի ըլլան: 27Եւ դաշտի ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան, ու իր բերքը պիտի տայ, և անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին. ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ, ու զանոնք իրենց ծառայեցնողներուն ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 28Եւ անոնք մէյմըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին, ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին, ու վախցնող մը պիտի չըլլայ: 29Եւ անոնց անուանի տունկ մը պիտի բուսցնեմ, ու մէյմըն ալ երկրին վրայ սովով պիտի չսպառին, ու մէյմըն ալ ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն: 30Եւ պիտի գիտնան թէ ես, անոնց Տէր Աստուածը, անոնց հետ եմ, ու անոնք Իսրայէլի տունը իմ ժողովուրդս են, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 31Եւ դուք, իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները, մարդիկ էք, ու ես ձեր Աստուածն եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)