Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
29
Մարգարէութիւն Եգիպտոսին դէմ
1Տասներորդ տարին, տասներորդ ամսուն երկոտասաներորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դարձուր, ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւն ըրէ. 3Խօսէ ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ իմ գետս իմս է, ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի: 4Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցնեմ, և քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ, ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ, ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին: 5Եւ քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ. դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չժողվուիս և չամփոփուիս. քեզ երկրի գազաններուն ու երկինքի թռչուններուն կերակուր տուի: 6Ու Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը եղէգէ ցուպ եղան: 7Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրեցար ու անոնց բոլոր բազուկը ճեղքեցիր. ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց բոլոր մէջքը դողացուցիր: 8Ասոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ և մարդը ու անասունը քեզմէ պիտի կոտրեմ: 9Ու Եգիպտոսի երկիրը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետև անիկա ըսաւ, Գետը իմս է, ու զանիկա ես շինեցի: 10Անոր համար ահա ես քեզի և քու գետերուդ դէմ եմ, ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէ մինչև Սուհէն ու մինչև Եթէովպացւոց սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ. 11Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ոչ ալ անասունի ոտք անկէ պիտի անցնի, և քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ: 12Ու Եգիպտոսի երկիրը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ, և անոր քաղաքները աւրուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան, ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ, ու զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ: 13Սակայն Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Քառասուն տարիէն ետքը Եգիպտացիները պիտի ժողվեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան. 14Ու Եգիպտացւոց գերութիւնը ես պիտի դարձնեմ, և զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը, պիտի դարձնեմ, ու հոն ցած թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան: 15Թագաւորութիւններուն խիստ ցածր պիտի ըլլայ, ու մէյմըն ալ ազգերուն վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի զանոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն: 16Եւ անոնք մէյմըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւինութիւն պիտի չըլլան, որ իրենց ետևէն երթալնուն անօրէնութիւնը յիշուի. ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովա:
Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսին պիտի տիրէ
17Ու եղաւ որ քսանըեօթներորդ տարին, առաջին ամսուն առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով, 18Որդի մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը մեծ ծառայութեան գործածեց Տիւրոսի դէմ. ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսին մորթը ելաւ. սակայն իրեն ու իր զորքին հատուցում մը չեղաւ Տիւրոսէ այն ծառայութեան համար զոր անոր դէմ ըրաւ: 19Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Եգիպտոսի երկիրը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ. ու անոր բազմութիւնը պիտի առնէ, և անոր կողոպուտը պիտի կողոպտէ, ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ, և ասիկա անոր զորքին վարձք մը պիտի ըլլայ: 20Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսի երկիրը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան. կ’ըսէ Տէր Եհովա: 21Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ, ու անոնց մէջ քեզի բերնի բացութիւն պիտի տամ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: