Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
25
Մարգարէութիւն Ամմոնին դէմ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երեսդ Ամմոնի որդիներուն դարձուր, ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ: 3Եւ Ամմոնի որդիներուն ըսէ, Տէր Եհովայի խօսքը մտիկ ըրէք. Տէր Եհովա այսպէս կ՛ըսէ. Որովհետև դուն Վա՜շ ըսիր իմ սրբարանիս վրայով՝ երբ պղծուեցաւ, ու Իսրայէլի երկրին վրայով՝ երբ աւերակ եղաւ, և Յուդայի տանը վրայով՝ երբ գերութեան գնաց. 4Անոր համար ահա ես քեզ արևելքի բնակիչներուն ժառանգութիւն կու տամ. ու քու մէջդ իրենց գեղերը պիտի հաստատեն, ու քու մէջդ իրենց վրանները պիտի դնեն. քու պտուղներդ պիտի ուտեն և քու կաթդ պիտի խմեն: 5Ու Ռաբբան ուղտերու փարախ և Ամմոնի որդիներուն երկիրը հօտերու մակաղատեղ պիտի ընեմ, ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 6Վասն զի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև դուն ծափ զարկիր, ու ոտքդ գետինը զարկիր, ու Իսրայէլի երկրին վրայ քու հոգւոյդ բոլոր արհամարհանքովը ուրախացար, 7Անոր համար ահա ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ, ու քեզ ազգերուն յափշտակութիւն ըլլալու պիտի տամ, և քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ, ու քեզ երկիրներուն մէջէն պիտի կորսնցնեմ. քեզ բնաջինջ պիտի ընեմ, ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը:
Մարգարէութիւն Մովաբին դէմ
8Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև Մովաբ ու Սէիր ըսին թէ Ահա Յուդայի տունը ամէն ազգերուն պէս է, 9Անոր համար ահա ես Մովաբի սահմանը իր քաղաքներէն, իր ծայրը եղող քաղաքներէն, երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմօթի, Բէէլմօնի ու Կարիաթեմի կողմէն պիտի բանամ 10Արեւելքի բնակիչներուն, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն վրայ գան. ու այն երկիրը անոնց ժառանգութիւն պիտի տամ, որպէս զի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին: 11Մովաբի մէջ ալ դատաստաններ ի գործ պիտի դնեմ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը:
Մարգարէութիւն Եդովմին դէմ
12Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև Եդովմ Յուդայի տանը դէմ դնելով՝ վրէժ առաւ, և անկէ վրէժ առնելով՝ մեծ յանցանք ըրաւ, 13Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկնցնեմ, և մարդը ու անասունը անկէ պիտի կտրեմ, և զանիկա անապատ պիտի ընեմ Թեմանէ, ու մինչև Դեդան սրով պիտի իյնան: 14Եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ձեռքով իմ վրէժխնդրութիւնս Եդովմի վրայ պիտի կատարեմ. ու անոնք իմ սրտմտութեանս ու բարկութեանս համեմատ պիտի ընեն Եդովմի մէջ. և իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի գիտնան, կ’ըսէ Տէր Եհովա:
Մարգարէութիւն Փղշտացիներուն դէմ
15Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև Փղշտացիք վրէժխնդրութեամբ վարուեցան, ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հինաւուրց ատելութեամբ աւրելով, 16Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես իմ ձեռքս Փղըշտացւոց վրայ պիտի երկնցնեմ, և Քերեթիները պիտի կոտրեմ, ու ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը բնաջինջ պիտի ընեմ. 17Եւ անոնց վրայ իմ սրտմտութեանս յանդիմանութիւններովը մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կատարեմ. ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: