Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

23

Մեղաւոր քոյրերը

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երկու կիներ կա-յին մէկ մօր աղջիկներ. 3Ու անոնք Եգիպ-տոսի մէջ պոռնկութիւն ըրին, իրենց մանկութեան ատենը պոռնկութիւն ըրին. անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան, ու անոնց կուսութեան ստինքները հոն շօշափուեցան: 4Եւ անոնց անունները՝ մեծինը Ոողա, ու անոր քրոջը՝ Ոողիբա էր. ու անոնք իմս եղան, և տղաքներ ու աղջիկներ ծնան. (ու անոնց անունները՝ Ոողա է, ու Ոողիբա է:) 5Եւ Ոողա քանի որ իմս էր, պոռնկութիւն ըրաւ ու իր հոմանիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանցի դրացիներուն, 6Կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն՝ որոնք ամէնը շնորհալի երիտասարդներ էին: 7Եւ անիկա պոռնկութիւն ըրաւ անոնց հետ, այսինքն Ասորեստանի ամէն ընտիր որդիներուն հետ, նաև այն ամէնուն հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ ու անոնց ամէն կուռքերովը պղծուեցաւ: 8Ու Եգիպտոսէ բերած պոռնկութիւնները չթողուց. վասն զի անոր մանկութեան ատեն անոր հետ պառկեր էին, և անոր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին, ու իրենց պոռնկութիւնը անոր վրայ թափեր էին: 9Անոր համար զանիկա իր հոմանիներուն ձեռքը տուի, Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր: 10Անոնք անոր մերկութիւնը յայտնեցին. անոր տղաքները ու աղջիկները առին, ու զանիկա սրով մեռցուցին. այսպէս անիկա կիներուն մէջ անուանի եղաւ. և անոր վրայ դատաստաններ ի գործ դրին: 11Ու երբ անոր քոյրը Ոողիբա տեսաւ, իր սիրահարելովը անկէ աւելի ապականեցաւ. և իր պոռնկութիւնները իր քրոջը պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց. 12Ու իր դրացիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանի որդիներուն, շքեղութեամբ հագուած կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն, որոնք ամէնը շնորհալի երիտասարդներ էին: 13Եւ տեսայ որ պղծուեցաւ, ու երկուքին ալ ճամբան մէկ եղաւ: 14Եւ իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանզի երբ պատի վրայ նկարուած մարդիկ, նօթով նկարուած Քաղդէացւոց պատկերները, տեսաւ, 15Որոնք մէջքերնին կապած էին, և իրենց գլուխներուն վրայ ներկուած խոյրեր ունէին, ու ամէնը իշխաններու կերպարանքով էին, իրենց ծննդեան երկրին Բաբելոնի որդիներուն, Քաղդէացւոց, նմանութեանը պէս, 16Զանոնք իր աչքերովը տեսածին պէս անոնց սիրահարեցաւ, և անոնց՝ Քաղդէացւոց երկիրը դեսպաններ ղրկեց: 17Ու Բաբելոնի որդիները անոր հետ սիրոյ անկողինը մտան, և զանիկա իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին, ու անիկա անոնց հետ պղծուեցաւ, ու ետքը անոր հոգին անոնցմէ զատուեցաւ: 18Եւ իր պոռնկութիւնները յայտնեց ու իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ հոգիս անկէ զատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն զատուեր էր: 19Այսպէս անիկա իր պոռնկութիւնները շատցուց, յիշելով իր մանկութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ շնութիւն ըրած ժամանակը. 20Ու սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմին է, ու անոնց զօրութիւնը ձիերու զօրութիւն է: 21Եւ դուն նորէն քու մանկութեանդ պղծագործութիւնը ձեռք առիր, որ քու մանկութեանդ ծիծերուն ճնշուելովը՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն շօշափուեցան:

Աստուծոյ դատաստանը փոքր քրոջ

22Անոր համար, ով Ոողիբա, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քու վրադ պիտի արթնցնեմ քու հոմանիներդ, որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ, ու զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի բերեմ, 23Բաբելոնի որդիները ու բոլոր Քաղդէացիները, Փակուդը, Սուէն ու Կուէն և անոնց հետ Ասորեստանի բոլոր որդիները, ամէնը շնորհալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, ամէնը ձի հեծնող զօրագլուխներ ու անուանի մարդիկ. 24Եւ անոնք զէնքերով, կառքերով ու անիւներով ու ժողովուրդներու բազմութիւնով քու վրադ պիտի գան, և ամէն կողմէն քեզի դէմ վահան, ասպար ու սաղաւարտ պիտի դնեն. և դատաստանը անոնց ձեռքը պիտի տամ, ու քեզ իրենց դատաստաններովը պիտի դատեն: 25Եւ իմ նախանձս քեզի դէմ պիտի դնեմ. ու քեզի հետ բարկութեամբ պիտի վարուին, քու քիթդ ու ականջներդ պիտի կտրեն, և քու մնացորդդ սրով պիտի իյնայ. անոնք քու տղաքներդ ու աղջիկներդ պիտի առնեն, ու քու մնացորդդ կրակով պիտի : 26Եւ քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն, ու քու պարծանքիդ զարդերը պիտի առնեն: 27Ու քեզմէ պիտի դադրեցնեմ քու պղծագործութիւնդ ու քու պոռնկութիւններդ, զորոնք Եգիպտոսի երկրէն բերիր. ու աչքերդ անոնց պիտի չվերցնես ու մէյմըն ալ Եգիպտոսը պիտի չյիշես: 28Քանզի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը զորոնք դուն ատեցիր, և անոնց ձեռքը որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ: 29Եւ անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին, ու քու բոլոր վաստակդ պիտի առնեն, և քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն ու քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, քու պղծագործութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին: 30Ազգերուն հետևելով պոռնկութիւն ընելուդ համար և անոնց կուռքերովը պըղծուելուդ համար՝ այս բաները քեզի պիտի ընեմ: 31Դուն քու քրոջդ ճամբան գացիր. ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ: 32Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Դուն քու քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես, խաղք ու խայտառակ պիտի ըլլաս, այն բաժակը շատ բան կ’առնէ: 33Դուն արբեցութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լցուիս, ապշութեան ու զարմացման մըն է քու քրոջդ Սամարիայի բաժակը. 34Ու դուն զանիկա պիտի խմես ու պիտի քամես, և անոր կտորները պիտի լզես, ու ստինքներդ պիտի պատըռտես, քանզի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 35Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Զիս մոռնալուդ ու կռնակիդ ետևը նետելուդ համար, դուն ալ քու պղծագործութիւնդ ու պոռնկութիւններդ կրէ:

Աստուծոյ դատաստանը երկու քոյրերուն

36Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Որդի մարդոյ, Ոողայի ու Ոողիբայի դատաստանը պիտի տեսնե՞ս. ուրեմն անոնց պղծութիւնները իրենց պատմէ: 37Վասն զի շնութիւն ըրին. ու ձեռքերնուն մէջ արիւն կայ. և իրենց կուռքերովը շնութիւն ըրին, ու իրենց ինծի ծնած տղաքն ալ կրակէ անցուցին, որպէս զի անոնց կերակուր ըլլան: 38Զայս ալ ըրին ինծի. նոյն օրը իմ սրբարանս ըրին ու իմ շաբաթներս պղծեցին: 39Վասն զի երբ իրենց տղաքը իրենց կուռքերուն զոհեցին, նոյն օրը իմ սրբարանս մտան, որպէս զի զանիկա պղծեն. և ահա իմ տանս մէջ այսպէս ըրին: 40Ու նաև հեռուէն գալու մարդոց լուր ղրկեցիք, որոնց պատգամաւորներ ղրկուելուն պէս՝ ահա անոնք եկան. և դուն անոնց համար լուացուեցար ու աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու զարդերով զարդարուեցար. 41Եւ պատուական բազմոցի վրայ նստար, որուն առջև պատրաստուած կար, և իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր: 42Ու հոն ուրախութիւն ընող բազմութեան ձայն կը լսուէր ու այն բազմաթիւ մարդոցմէն զատ անապատէն գինեմոլ մարդիկ բերուեցան, որոնք անոնց ձեռքերը ապարանջաններ, ու անոնց գլուխները պարծանքի թագեր կը դնէին: 43Եւ շնութեան մէջ պառւածին վրայով ըսի, Հիմա ալ ասոր հետ պոռնկութիւն պիտի ընե՞ն: 44Ու անոր քով կը մտնէին. ինչպէս պոռնիկ կնոջ քով կը մտնեն, այնպէս ալ Ոողայի ու Ոողիբայի, այն պղծագործ կիներուն, քով կը մտնէին. 45Բայց արդար մարդիկ շնացող կիներուն դատաստանովը ու արիւն թափող կիներուն դատաստանովը պիտի դատեն զանոնք. վասն զի անոնք շնացող կիներ են, ու անոնց ձեռքերուն մէջ արիւն կայ: 46Քանզի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Անոնց դէմ ժողովք պիտի հանեմ, և զանոնք նեղութեան ու յափշտակութեան պիտի մատնեմ: 47Ու ժողովքը զանոնք քարերով պիտի քարկոծեն, և զանոնք իրենց սուրերովը պիտի կտրեն. անոնց տղաքները ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, ու անոնց տուները կրակով պիտի այրեն: 48Ու երկրէն պղծագործուիւնը պիտի վերցնեմ, որպէս զի ամէն կիները խրատուին ու ձեր պղծագործութեանը պէս չընեն. 49Եւ ձեր պղծագործութիւնը ձեր վրայ պիտի դնեն, ու դուք ձեր կուռքերուն մեղքերը պիտի կրէք. ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովա:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)