Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

19

Տրտմութեան երգ մը

1Եւ դուն Իսրայէլի իշխաններուն վրայ ողբ ըրէ, 2Ու ըսէ, Քու մայրդ ի՞նչ է. մատակ առիւծ մըն է, Որ առիւծներու մէջ կը պառկի, Ու իր կորիւնները առոյգ առիւծներու մէջ կը մեծցնէ: 3Եւ անիկա իր կորիւններէն մէկը մեծցուց, Ու անիկա առոյգ առիւծ եղաւ, Եւ յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր: 4Եւ անոր վրայով ազգերը լսեցին. Անիկա անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ. Ու զանիկա կարթերով Եգիպտոսի երկիրը տարին: 5Ու երբ անիկա տեսաւ որ պարապ տեղ կը սպասէ, յոյսը կտրեցաւ, Եւ իր կորիւններէն մէկ ուրիշը առաւ, Ու զանիկա առոյգ առիւծ ըրաւ: 6Եւ անիկա առիւծներու մէջ պտտող առոյգ առիւծ եղաւ, Ու յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր. 7Եւ անոնց պալատները գիտցաւ, Ու անոնց քաղաքները կործանեց. Եւ անոր մռնչելուն ձայնէն Երկիրը իր լիութեամբը սարսափեցաւ: 8Ու շրջակայ գաւառներէն անոր վրայ ազգեր ելան, Եւ անոր դէմ իրենց ցանցը տարածեցին. Ու անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ: 9Եւ զանիկա կարթերով վանդակի մէջ դրին, Ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին տարին, Ու զանիկա բերդը դրին, Որպէս զի անոր ձայնը մէյմըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի: 10Քու մայրդ քու նմանութիւնովդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթի պէս է, Որ շատ ջուրերուն պատճառաւ՝ պըտղատու ոստերով լեցուն եղաւ: 11Եւ անիկա զօրաւոր շառաւիղներ ունեցաւ՝ իշխանաց գաւազաններու համար, Ու իր հասակը խիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ, Եւ իր բարձրութիւնովը ու բարունակներուն շատութիւնովը երևցաւ: 12Բայց անիկա բարկութեամբ խլուեցաւ ու գետինը ձգուեցաւ. Եւ արևելեան հովը անոր պտուղը չորցուց. Անոր զօրաւոր շառաւիղները կոտրեցան ու չորցան, Եւ զանոնք կրակը կերաւ: 13Ու հիմա անապատի մէջ Չոր ու անջուր տեղ մը տնկուեցաւ: 14Եւ անոր ոստերուն մէկ շառաւիղէն կրակ ելաւ Ու անոր պտուղը կերաւ, Եւ անոր վրայ իշխանի գաւազանի համար զօրաւոր շառաւիղ մը չմնաց: Ասիկա ողբ է ու ողբի տեղ պիտի ըլլայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)