Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

18

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը զոր դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը խօսիք՝ ըսելով, Հայրերը ազոխ կերան ու որդիներուն ակռաները առին: 3Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ Իսրայէլի մէջ այս առակը մէյմըն ալ պիտի չզրուցէք. 4Ահա բոլոր հոգիները իմս են. ինչպէս հօրը հոգին՝ նոյնպէս որդւոյն հոգին իմս է. այն անձը որ կը գործէ, անիկա պիտի մեռնի: 5Իսկ եթէ մարդ մը արդար ըլլայ, և ու արդարութիւն ընէ, 6Լեռներու վրայ չուտէ, ու աչքերը դէպ ի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ, ու իր դրացիին կինը չպղծէ, և իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը չմօտենայ. 7Ու մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ, ու պարտականին՝ գրաւը ետ տայ, բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ, և իր հացը անօթիին տայ, ու մերկը հանդերձով ծածկէ, 8Ստակը վաշխով չտայ ու տոկոսիք չառնէ, իր ձեռքը անօրէնութենէ ետ պահէ, երկու մարդու մէջ ուղիղ տեսնէ, 9Ճշմարտութիւն ընելով՝ իմ օրէնքներուս մէջ քալէ, ու իմ իրաւունքներս պահէ. անիկա արդար է, անշուշտ պիտի ապրի, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 10Բայց եթէ անիկա անիրաւ ու արիւնահեղ որդի մը ծնանի, որ ասոնց պէս բան մը ընէ. 11Այսինքն՝ եթէ անիկա այն ամէն աղէկ բաները չընէ, հապա միայն լեռներու վրայ ուտէ, ու իր դրացիին կինը պղծէ, 12Աղքատին ու տնանկին զրկանք ընէ, բռնութեամբ բան մը յափշտակէ, գրաւը ետ չտայ, ու իր աչքերը կուռքերուն վերցնելով՝ պղծութիւն գործէ, 13Վաշխով ստակ տայ ու տոկոսիք առնէ. անիկա պիտի ապրի՞. պիտի չապրի. անիկա այս բոլոր գարշութիւնները ընելուն համար՝ անշուշտ պիտի մեռնի. անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ: 14Եւ եթէ անիկա որդի ծնանի, ու անիկա իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերը տեսնելով՝ վախնայ ու անոնց համեմատ չընէ. 15Լեռներու վրայ չուտէ, ու իր աչքերը դէպ ի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ, իր դրացիին կինը չպղծէ, 16Եւ մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ, գրաւը չպահէ, ու բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ, իր հացը անօթիին տայ, ու մերկը հանդերձով ծածկէ, 17Աղքատին անիրաւութիւն ընելէն իր ձեռքը ետ քաշէ, վաշխ ու տոկոսիք չառնէ, իմ դատաստաններս ի գործ դնէ, ու իմ օրէնքներուս մէջ քալէ. անիկա իր հօրը անօրէնութեանը համար պիտի չմեռնի, անիկա անշուշտ պիտի ապրի: 18Եւ անոր հայրը, որովհետև զրկանք ըրաւ, ու իր եղբօրմէն բռնութեամբ բան յափշտակեց, և աղէկ չեղածը ըրաւ իր ժողովուրդին մէջ, ահա անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի: 19Եւ դուք կ’ըսէք թէ Ինչո՞ւ համար որդին իր հօրը անօրէնութիւնը չկրեր: Որովհետև որդին իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, և իմ բոլոր օրէնքներս պահեց ու զանոնք ի գործ դրաւ, անշուշտ պիտի ապրի: 20Այն անձը որ մեղք կը գործէ, անիկա պիտի մեռնի. որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ, ու հայրը որդւոյն անօրէնութիւնը պիտի չկրէ. արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ, ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ: 21Եւ եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ, ու իմ բոլոր օրէնքներս պահէ, և իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի: 22Անոր ըրած բոլոր յանցանքները իրեն դէմ պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի: 23Միթէ ես բնաւ ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ, կ՛ըսէ Տէր Եհովա. չէ՞ որ ես կ ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի: 24Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ, ու ամբարշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն ընէ, պիտի ապրի՞. անոր ըրած բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքովը ու գործած մեղքովը, անոնցմով պիտի մեռնի: 25Եւ դուք կ’ըսէք թէ Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ. հիմա մտիկ ըրէք, ով Իսրայէլի տունը, միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ. չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ: 26Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, և անոր մէջ մեռնի, անիկա իր ըրած անօրէնութեանը համար կը մեռնի: 27Ու երբ ամբարիշտը իր ըրած ամբարշտութենէն դառնայ և իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա իր անձը պիտի ապրեցնէ: 28Որովհետև անիկա ուշադրութիւն ըրաւ ու իր ըրած բոլոր յանցանքներէն ետ դարձաւ, անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի: 29Բայց Իսրայէլի տունը կ’ըսէ թէ Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ. ով Իսրայէլի տունը, միթէ ի՞մ ճամբաներս ուղիղ չեն․ չէ՞ որ ձեր ճամբաները ուղիղ չեն: 30Անոր համար, ով Իսրայէլի տունը, ձեզմէ ամէն մէկը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա. դարձի եկէք ու ձեր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձէք, որպէս զի անօրէնութիւնը ձեր կորուստին պատճառ* չըլլայ: 31Ձեր ըրած բոլոր յանցանքները ձեր վրայէն նետեցէք, և ձեզի նոր սիրտ ու նոր *ստացէք. քանզի ինչո՞ւ մեռնիք, ով Իսրայէլի տունը: 32Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովա. ուստի դարձէք ու ապրեցէք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)