Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
15
Առակ մը որթատունկին մասին
1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, որթին փայտը ի՞նչ աւելի արժեք ունի ամէն ուրիշ փայտերէն, Այսինքն այնպիսի շառաւիղ մը որ անտառի ծառերուն մէջ է։ 3Միթէ անկէ փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար. Կամ թէ անկէ ցից մը կ’առնուի՞, անկէ աման մը կախելու համար։ 4Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար. Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ, Ու մէջը կ’այրի. Միթէ անիկա բանի մը օգտակա՞ր է։ 5Ահա անիկա ամբողջ եղած ատենը բանի մը չգար. Ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ՝ Կրակին զանիկա ուտելէն ու այրելէն ետքը։ 6Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Անտառի փայտերուն մէջ ինչպէս է որթին փայտը, Զոր կրակին տուի կերակուրի համար, Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։ 7Եւ իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ. Անոնք մէկ կրակէ պիտի ելլեն, Եւ ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ. Ու երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ, Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 8Եւ իրենց անհաւատարմութիւն ընելուն համար Երկիրը ամայի պիտի ընեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա։