Ելից
8
Գորտեր
1Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Փարաւոնի մտիր, ու ըսէ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Արձակէ իմ ժողովուրդս որպէս զի պաշտեն զիս։ 2Եւ եթէ զանոնք արձակել չուզես, ահա ես քու բոլոր սահմաններդ գորտերով պիտի զարնեմ։ 3Եւ գետը շատ գորտեր պիտի հանէ, ու անոնք պիտի ելլեն, ու քու տանդ և անկողնի սենեակիդ ու անկողնիդ, և քու ծառաներուդ տուներուն և քու ժողովուրդիդ, ու քու թոնիրներուդ և խմորի տաշտերուդ մէջ պիտի մտնեն։ 4Եւ գորտերը քու վրադ և ժողովուրդիդ վրայ ու բոլոր ծառաներուդ վրայ պիտի ելլէն։ 5Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ահարոնի այսպէս ըսէ. Առուներուն վրայ, գետերուն վրայ ու լիճերուն վրայ ձեռքդ երկնցուր քու գաւազանովդ, ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանէ։ 6Եւ Ահարոն երկնցուց իր ձեռքը Եգիպտոսի ջուրերուն վրայ. և գորտերը ելան ու Եգիպտոսի երկիրը ծածկեցին: 7Եւ մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններովը այնպէս ըրին, ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանեցին: 8Եւ Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու Ահարոնը և ըսաւ, Աղաչեցէք Տէրոջը, որ ինծմէ ու իմ ժողովուրդէս վերցնէ գորտերը, ու ժողովուրդը պիտի արձակեմ որպէս զի Տէրոջը զոհ մատուցանեն: 9Եւ Մովսէս ըսաւ Փարաւոնի, Ժամանակ մը որոշէ ինծի, թէ ե՛րբ քեզի համար ու ծառաներուդ համար և ժողովուրդիդ համար աղաչեմ, որ քեզմէ ու քու տուներէդ գորտերը կորսուին, ու միայն գետին մէջ մնան: 10Եւ անիկա ըսաւ, Վաղը: Եւ ինք ըսաւ, քու խօսքիդ պէս ըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ մեր Եհովա Աստուծոյն պէս մէկը չկայ. 11Եւ քեզմէ ու քու տուներէդ և քու ծառաներէդ ու քու ժողովուրդէդ գորտերը պիտի վերնան. միայն գետին մէջ պիտի մնան: 12Եւ Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնի քովէն ելան. ու Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց այն գորտերուն համար զորոնք Փարաւոնի վրայ բերեր էր: 13Եւ Տէրը Մովսէսի ըսածին պէս ըրաւ. ու տուներէն, բակերէն և արտերէն գորտերը մեռան: 14Եւ դէզ դէզ ժողվեցին զանոնք, ու երկիրը հոտեցաւ: 15Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւն ըլլալը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս:
Մուն
16Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ըսէ Ահարոնի, Քու գաւազանդ երկնցուր, ու երկրի հողին զարկ, որպէս զի Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ մուն ըլլայ: 17Եւ այնպէս ըրին. քանզի Ահարոն իր գաւազանովը իր ձեռքը երկնցուց ու երկրի հողին զարկաւ, և մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ. Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ երկրի բոլոր հողը մուն եղաւ: 18Եւ մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններովը այնպէս ըրին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան. այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ: 19Եւ մոգերը ըսին Փարաւոնի, Այս՝ Աստուծոյ մատն է. բայց Փարաւոնի սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս:
Շանաճանճ
20Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Առտուանց կանուխ ելիր, ու Փարաւոնի առջև կայնէ. (ահա անիկա դէպ ի ջուրը կ’ելլէ.) և ըսէ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Արձակէ իմ ժողովուրդս որպէս զի զիս պաշտեն. 21Հապա եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ահա ես քու վրադ ու քու ծառաներուդ վրայ և քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ շանաճանճ պիտի ղրկեմ, և Եգիպտացւոց տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաև այն գետինը որուն վրայ անոնք կը քալէն: 22Եւ այն օրը իմ ժողովուրդիս բնակած Գեսեմի երկիրը պիտի որոշեմ, ու հոն շանաճանճ պիտի չըլլայ. որպէս զի գիտնաս թէ երկրի մէջտեղը ես եմ Տէրը: 23Եւ իմ ժողովուրդիս ու քու ժողովուրդիդ մէջտեղ խտրութիւն պիտի դնեմ. վաղը այս նշանը պիտի ըլլայ. 24Եւ Տէրը այնպէս ըրաւ. ու Փարաւոնի տանը և անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ. ու շանաճանճին պատճառաւ երկիրը աւրուեցաւ: 25Եւ Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու Ահարոնը՝ և ըսաւ, Գացէք ձեր Աստուծոյն զոհ մատուցէք այս երկրին մէջ: 26Եւ Մովսէս ըսաւ, Արժան չէ այսպէս ընել. վասն զի Եգիպտացւոց գարշելի սեպուածները Տէրոջը մեր Աստուծոյն զոհ պիտի մատուցանենք. եթէ Եգիպտացւոց գարշելի սեպուածները իրենց աչքին առջեւ զոհ մատուցանելու ըլլանք, պիտի չքարկոծե՞ն մեզ: 27Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ, ու զոհ պիտի մատուցանենք մեր Տէր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի պատուիրէ: 28Եւ Փարաւոն ըսաւ, Ես ձեզ թող կու տամ որպէս զի երթաք անապատին մէջ ձեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանէք, միայն թէ շատ հեռու չերթաք. ինծի համար աղաչեցէք: 29Եւ Մովսէս ըսաւ, Ահա ես քու քովէդ կ’ելլեմ ու Տէրոջը կ’աղաչեմ՝ որ վաղը Փարաւոնէ, անոր ծառաներէն ու անոր ժողովուրդէն շանաճանճը երթայ. բայց Փարաւոն մեյմըն ալ մեզ չխաբէ՝ ժողովուրդը թող չտալով Տէրոջը զոհ մատուցանելու: 30Եւ Մովսէս Փարաւոնի քովէն ելաւ, ու Տէրոջը աղաչեց: 31Եւ Տէրը Մովսէսի խօսքին պէս ըրաւ, ու Փարաւոնէ, անոր ծառաներէն և անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցուց. հատ մըն ալ չմնաց: 32Եւ Փարաւոն այն անգամին ալ իր սիրտը խստացուց ու ժողովուրդը չարձակեց: