Ելից
5
Մովսէս և Ահարոն Փարաւոնին առջև
1Եւ ետքը Մովսէս ու Ահարոն, Փարաւոնի մտան ու ըսին, Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ, Իմ ժողովուրդս թող տուր, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն: 2Եւ Փարաւոն ըսաւ, Եհովա ո՞վ է, որ անոր խօսքը մտիկ ընելով՝ Իսրայէլը թող տամ. Եհովան չեմ ճանչնար, և Իսրայէլն ալ չեմ թողուր: 3Եւ անոնք ըսին, Եբրայեցւոց Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ. հրաման տուր որ երեք օրուան ճամբայ անապատը երթանք, ու մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք, որ չըլլայ թէ ժանտախտով կամ սրով մեզի դէմ ելլէ: 4Եւ Եգիպտոսի թագաւորն ըսաւ անոնց, Ով Մովսէս ու Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը իրենց գործերէն ետ կը թողուք. գացէք աշխատեցէք: 5Եւ Փարաւոն ըսաւ, Ահա հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է, ու դուք կը հանգստացնէք զանոնք իրենց գործերէն: 6Եւ Փարաւոն այն օրը ժողովուրդին գործավարներուն ու անոնց վերակացուներուն հրամայեց՝ ըսելով, 7Երէկուան ու միւս օրուան պէս՝ ա՛լ մեյմըն ալ ժողովուրդին յարդ մի տաք աղիւս շինելու համար. թող իրենք երթան ու իրենց յարդ ժողվեն: 8Եւ աղիւսներուն սակը, ինչպէս առաջ կը շինէին, անոնց վրայ դրէք, անկէ մի պակսեցնէք. վասն զի ծոյլ են, ու անոր համար կը պօռան՝ ըսելով, Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհ մատուցանենք: 9Թող գործը այս մարդոց վրայ ծանրանայ, որ-պէս զի անով աշխատին, ու փուճ խօսքերու մտիկ չընեն: 10Եւ ժողովուրդին գործավարներն ու վերակացուները ելան, և ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով, Փարաւոն այսպէս կ’ըսէ, Ես ձեզի յարդ չեմ տար. 11Դուք գացէք, ձեզի յարդ առէք, ուր տեղ որ կրնաք գտնել. բայց ձեր գործէն բան մը պիտի չպակսի: 12Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ցրուեցան՝ յարդի տեղ խոզան ժողվելու համար: 13Եւ գործաւարները կը ստիպէին զանոնք ՝ ըսելով, Ձեր ամէն օրուան գործը լմնցուցէք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք: 14Եւ Փարաւոնի գործավարները Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց դրած վերակացուները ծեծեցին ու ըսին, Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն սակը երէկ ու այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք առաջուան պէս: 15Եւ Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները եկան ու Փարաւոնի բողոքեցին՝ ըսելով, Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ այսպէս կ’ընես: 16Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար, ու մեզի կ’ըսէն թէ Աղիւսներ շինեցէք. և ահա քու ծառաներդ ծեծ կերան, ու յանցանքը քու ժողովուրդիդն է: 17Եւ անիկա ըսաւ, Ծոյլ էք դուք, ծոյլ. անոր համար կ’ըսէք թէ Երթանք Տէրոջը զոհ մատուցանենք: 18Ուստի հիմա գացէք բանեցէք, ու ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն սակը պիտի տաք: 19Եւ Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները ինքզինքնին փորձանքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ Ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն թիւէն չպակսեցնէք: 20Եւ Փարաւոնէ դուրս ելած ատեննին հանդիպեցան Մովսէսի ու Ահարոնի, որ զիրենք դիմաւորելու կը սպասէին. 21Ու ըսին անոնց, Տէրը ձեզի նայի ու դատէ. վասն զի գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնի առջև, ու անոր ծառաներուն առջև, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով:
Մովսէս Տէրոջը կը գանգատի
22Եւ Մովսէս Տէրոջը դարձաւ ու ըսաւ, Ով Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեցիր, և զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր. 23Վասն զի քանի որ քու անունովդ Փարաւոնի զրուցելու եկեր եմ, անիկա այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեց, ու դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ: