Ելից
39
Քահանաներուն հագուստներուն շինութիւնը (Ելից 28:1-14)
1Եւ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտօնի հանդերձները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար. և Ահարոնի համար սուրբ զգեստները շինեցին, Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս: 2Ու եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ: 3Եւ ոսկին բարակ թիթեղներ ըլլալու ծեծեցին, և թելեր կտրեցին, որպէս զի կապուտակին, ծիրանեգոյնին և կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ վարպետութեամբ գործեն: 4Կոճկուող վակասներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր: 5Եւ եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր. անոր գործին համեմատ, ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր, Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս: 6Եւ ոսկի խորշերու մէջ եղնգնաքարերը գամեցին, ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները կնիք փորագրելու պէս փորագրեցին: 7Եւ զանոնք եփուտին ուսերուն վրայ դրաւ, որպէս զի յիշատակի քարեր ըլլան Իսրայէլի որդիներուն, Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս:
Լանջապանակին շինութիւնը
8Եւ լանջապանակը ճարտարութեամբ եփուտին գործին պէս ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց. 9Քառակուսի, երկուքի ծալլուող, շինեցին լանջապանակը. մէկ թիզ երկայնութեամբ ու մէկ թիզ լայնութեամբ, երկուքի ծալլուող էր: 10Եւ անոր վրայ չորս կարգ քարեր գամեցին. այս կարգը սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգն էր. 11Եւ երկրորդ կարգը կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ էր. 12Եւ երրորդ կարգն էր գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ. 13Եւ չորրորդ կարգն էր ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս. ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած էին: 14Եւ քարերը Իսրայէլի որդւոց անուններուն համեմատ, անոնց անուններուն պէս, տասուերկու էին. ամէն մէկուն անունը, տասուերկու ցեղերուն համեմատ, կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր: 15Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինեցին: 16Եւ երկու ոսկի խորշ ու երկու ոսկի օղակ շինեցին. և երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին: 17Եւ լանջապանակին ծայրերը եղած երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաները: 18Եւ երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը երկու խորշերուն անցուցին. ու ասոնք եփուտին ուսերուն վրայ անոր առջեւի կողմը դրին: 19Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ ալ շինեցին, և զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին: 20Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինեցին, ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն վարէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուցին: 21Եւ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեցին, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ, ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի, Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս:
Ուրիշ քահանայական
հագուստներու շինութիւնը
22Եւ եփուտին պատմուճանը ոստայնանկի գործով բոլորովին կապուտակէ շինեց: 23Եւ պատմուճանին մէջտեղը զրահի ճեղքուածքին պէս ճեղքուածք մը կար. ու ճեղքուածքին բոլորտիքը հիւսուած եզերք ունէր, որպէս զի չպատռի: 24Եւ պատմուճանին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին: 25Եւ զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին, ու զանգակները նուռերուն մէջտեղը, պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի նուռերուն մէջ, դրին: 26Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի զանգակ մը ու նուռ մը, զանգակ մը ու նուռ մը կար, պաշտօնին համար, Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս: 27Եւ Ահարոնի ու անոր որդիներուն համար բարակ քթանէ ոստայնանկի գործ շապիկներ շինեցին: 28Եւ խոյրը բարակ քթանէ, ու հանդէսի ապարօշները բարակ քթանէ, ու կտաւեղէն անդրավարտիքները մանուած բարակ քթանէ, 29Եւ գօտին մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ նկարագործ շինեցին , Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս: 30Եւ սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին, ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ գրեցին. 31Եւ անոր կապուտակ ժապաւէն մը անցուցին, որպէս զի վերէն խոյրին վրայ դրուի, Տէրոջը Մովսէսի պատուիրածին պէս:
Գործին լրացումը (Ելից 35:10-19)
32Ուստի խորանին, այսինքն ժողովքի վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ. և Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսի բոլոր պատուիրածին պէս ըրին. այնպէս ըրին: 33Եւ խորանը Մովսէսի բերին. վրանը ու անոր բոլոր գործիքները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը և անոր սիւները ու խարիսխները, 34Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցը, ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը, և ծածկող վարագոյրը, 35Վկայութեան տապանակը ու անոր ձողերը, և քաւութիւնը, 36Սեղանը ու անոր բոլոր անօթները և առաջաւորութեան հացը, 37Զուտ ոսկիէ աշտանակը իր ճրագներովը, այսինքն կարգաւ դրուած ճրագներովը ու իր բոլոր գործիքներովը, և լոյսի իւղը, 38Եւ ոսկի սեղանը ու օծման իւղը և անուշահոտ խունկը ու խորանին դրանը վարագոյրը. 39Պղնձէ սեղանը ու անոր պղնձէ կասկարան, անոր ձողերը և անոր բոլոր գործիքները, աւազանը ու անոր խարիսխը, 40Սրահին վարագոյրները, անոր սիւները ու խարիսխները, և սրահին դրանը վարագոյրը, անոր չուանները ու ցիցերը, և խորանին, այսինքն ժողովքի վրանին, պաշտօնին համար եղած բոլոր կարասիները, 41Սրբարանին մէջ պաշտելու համար՝ պաշտօնին հանդերձները ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները, և անոր որդիներուն զգեստները որպէս զի քահանայութիւն ընեն: 42Այն ամէնուն պէս՝ զորոնք Տէրը Մովսէսի պատուիրեց, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները ամէն գործը: 43Եւ Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ, և ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին զայն. այնպէս ըրին. և Մովսէս օրհնեց զանոնք: