Ելից
37
Ուխտին տապանակին շինութիւնը
1Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կես կանգուն, ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն, և անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 2Եւ ներսէն ու դուրսէն զուտ ոսկիով պատեց զանիկա. և անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 3Եւ անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակներ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմէն երկու օղակ՝ ու միւս կողմէն երկու օղակ։ 4Եւ Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց, ու զանոնք ոսկիով պատեց: 5Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով տապանակը վերցուի: 6Եւ քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն, ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր: 7Եւ երկու ոսկիէ քերովբէներ շինեց. զանոնք կռածոյ շինեց քաւութիւնին երկու ծայրերէն: 8Մէկ քերովբէն մէկ քովի ծայրէն, ու միւս քերովբէն միւս քովի ծայրէն ըլլալով, քերովբէները քաւութիւնէն, երկու ծայրերէն շինեց: 9Եւ քերովբէները, իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը կը ծածկէին, ու անոնց երեսները իրարու կը նայէին . քերովբէներուն երեսները քաւութիւնին վրայ էին:
Աստուծոյ մատուցուած հացին սեղանին շինութիւնը (Ելից 25:23-30)
10Եւ սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկու կանգուն, ու լայնութիւնը մէկ կանգուն, և բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր: 11Եւ զուտ ոսկիով պատեց զայն. ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց: 12Եւ անոր բոլորտիքն ալ չորս մատնաչափ սպառուած մը, ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց: 13Եւ չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար, ու օղակները անոր չորս ոտքերուն քով չորս անկիւնները դրաւ: 14Օղակները սպառուածին քով ըլլալով՝ սեղանը վերցնելու համար ձողերուն տեղերն էին: 15Եւ սեղանը վերցնելու համար ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց, ու զանոնք ոսկիով պատեց: 16Եւ սեղանին վրայ եղած անօթները, անոր սկուտեղները ու խնկամանները և նուէր մատուցանելու գաւաթները ու բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց:
Աշտանակին շինութիւնը (Ելից 25:31-40)
17Եւ աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց. կռածոյ շինեց աշտանակը. անոր բունը ու ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակները ու ծաղիկները իրմէ էին: 18Եւ անոր քովերէն վեց ճիւղեր կ’ելլէին. աշտանակին մէկ քովէն երեք ճիւղ՝ ու աշտանակին միւս քովէն երեք ճիւղ. 19Մէկ ճիւղին վրայ նշաձև երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով, և միւս ճիւղին վրայ նշաձև երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով. աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս էին: 20Եւ աշտանակին վրայ գնդակներով ու ծաղիկներով չորս նշաձև սկահակներ կային: 21Եւ անկէ ելած վեց ճիւղերուն նայելով՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը, ու երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը, և երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը կային: 22Անոնց գնդակները ու ճիւղերը իրմէ էին. ամէնը մէկ՝ զուտ ոսկիէ կռածոյ էին: 23Եւ անոր եօթը ճրագները և ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ շինեց: 24Զանիկա իր բոլոր գործիքներովը մէկ տաղանդ զուտ ոսկիէ շինեց:
Խունկ ծխելու սեղանին շինութիւնը
25Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց. անոր երկայնութիւնը կանգուն մը, ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով, և անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին. 26Եւ անոր վրայ ու շուրջանակի քովերը և անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց. և բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց անոր: 27Եւ անոր համար անոր շրջանակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմէն երկու ոսկի օղակներ շինեց, որ անոնց ձողերուն տեղերը ըլլալով՝ անոնցմով վերցուի: 28Եւ ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց, ու զանոնք ոսկիով պատեց: 29Եւ սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի արհեստով: