Ելից

32

Ոսկի հորթը (Բ Օր. 9:6-29)

1Եւ ժողովուրդը տեսնելով որ ուշացաւ լեռնէն իջնելու, ժողովուրդը Ահարոնի քով ժողվուեցան ու ըսին անոր, Ելիր, մեզի աստուածներ շինէ որոնք մեր առջեւէն երթան. քանզի այն Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ անոր: 2Եւ ըսաւ անոնց, Ձեր կիներուն, ձեր տղաքներուն և ձեր աղջիկներուն ականջները եղած օղերը հանեցէք, ու ինծի բերեք: 3Եւ բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները եղած ոսկի օղերը հանեցին ու Ահարոնի բերին: 4Եւ անիկա առաւ անոնց ձեռքէն, ու տիպով մը շինեց, և ձուլածոյ որթ մը ըրաւ: Եւ ըսին, Ով , ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին: 5Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա , անոր առջև մը շինեց. և Ահարոն հրատարակել տուաւ՝ ըսելով, Վաղը տօն է Տէրոջը: 6Եւ հետեւեալ առաւօտուն կանուխ ելան, ու ողջակէզներ մատուցին, և խաղաղութեան զոհեր բերին. և ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան, ու խաղալու ելան: 7Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Գնա իջիր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ զոր Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. 8Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն զոր իրենց պատուիրեցի. իրենց ձուլածոյ որթ շինեցին, և անոր երկըրպագութիւն ըրին, ու անոր զոհեր մատուցին, ու ըսին, Ով Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին: 9Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ես տեսայ այս ժողովուրդը, և ահա այս խստապարանոց մըն է: 10Ուստի հիմա թող տուր զիս, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի, ու փճացնեմ զանոնք, և քեզ մեծ ազգ մը ընեմ: 11Եւ Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջև աղաչեց, ու ըսաւ, Ով Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, զոր Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով. 12Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ Չարութեան համար հանեց զանոնք՝ որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ, ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ. դարձիր քու սաստիկ բարկութենէդ, ու դադարէ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ : 13Յիշէ քու ծառաներդ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ ըրիր, ու ըսիր անոնց, Ձեր սերունդը երկինքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ, և բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ, ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան: 14Եւ Տէրը զղջաց այն չարիքին համար՝ զոր ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ: 15Եւ Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ, ու վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին. տախտակները իրենց երկու քովերէն գրուած էին. անոնք մէկ կողմէն ու միւս կողմէն գրուած էին: 16Եւ տախտակները Աստուծոյ գործն էին. ու տախտակներուն վրայ փորագրուած գիրը Աստուծոյ գրածն էր: 17Ու երբ պօռացող ժողովուրդին ձայնը լսեց, ըսաւ Մովսէսի, Բանակին մէջ պատերազմի ձայն կայ: 18Եւ անիկա ըսաւ, Այս յաղթողներու աղաղակին ձայն չէ, ոչ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն կը լսեմ ես: 19Եւ եղաւ որ բանակին մօտենալով՝ որթը ու պար բռնողները տեսածին պէս, Մովսէսի բարկութիւնը բորբոքեցաւ. ու տախտակները իր ձեռքէն նետեց, ու լեռանը վարի դին կոտրտեց զանոնք: 20Եւ անոնց շինած որթը առաւ ու կրակով այրեց, ու մանր փոշի ըրաւ և ջուրին վրայ ցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն խմցուց: 21Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնի, Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոնց վրայ այսչափ մեծ մը բերիր: 22Եւ Ահարոն ըսաւ, Թող իմ տէրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն գիտես այս ժողովուրդը՝ որ չարին հակամիտեալ են: 23Եւ ինծի ըսին թէ Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջևէն երթան, վասն զի այն Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ անոր ի՛նչ եղաւ: 24Եւ ես ըսի անոնց, Ով որ ոսկի ունի, թող հանէ. ու բերեն ինծի, և կրակը ձգեցի զայն, ու այս որթը ելաւ: 25Եւ երբ Մովսէս ժողովուրդին անառակութիւնը տեսաւ, (քանզի Ահարոն թող տուեր էր զանոնք անառակութիւն ընելու իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ,) 26Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ, ու ըսաւ, Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ . և Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով ժողվուեցան: 27Եւ ըսաւ անոնց, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ, Ամէն մարդ իր սուրը թող իր մէջքը դնէ, ու բանակին մէջ դռնէ դուռ անցնին դառնան, և ամէն մարդ իր եղբայրը, ու ամէն մարդ իր ընկերը, և ամէն մարդ իր դրացին մեռցնէ: 28Եւ Ղեւիի որդիները Մովսէսի խօսքին պէս ըրին. ու այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան: 29Քանզի Մովսէս ըսեր էր թէ Այսօր ձեզմէ ամէն մէկը իր որդւոյն վրայ ու իր եղբօրը վրայ ինքզինք Տէրոջը նուիրէ, որպէս զի ձեր վրայ օրհնութիւն տայ այսօր: 30Եւ եղաւ որ հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին, Դուք մեծ մեղք գործեցիք. ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ընեմ ձեր մեղքին համար: 31Եւ Մովսէս դարձաւ Տէրոջը ու ըսաւ, Ոհ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց, իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով: 32Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը կը ներես՝ ներէ , եթե ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ զիս քու գրած գիրքէդ: 33Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գիրքէս պիտի աւրեմ: 34Ուստի հիմա գնա, ժողովուրդը այն տեղը տար, զոր քեզի ըսի. ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ: 35Եւ Տէրը զարկաւ ժողովուրդը, Ահարոնի շինած որթը շինելնուն համար:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)