Ելից

28

Քահանաներուն համար հագուստներ (Ելից 39:1-7)

1Եւ դուն քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը ու անոր որդիները իրեն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը և Ահարոնի որդիները, Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը: 2Եւ քու եղբօրդ Ահարոնի սուրբ զգեստներ պիտի շինես պատիւի ու փառքի համար: 3Եւ դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն՝ զորոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնի զգեստնեը շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ: 4Եւ անոնց շինելու զգեստները ասոնք են. լանջապանակ ու եփուտ և պատմուճան ու նկարագործ շապիկ, խոյր և . և սուրբ զգեստներ շինեն քու եղբօրդ Ահարոնի ու անոր որդիներուն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն: 5Եւ անոնք պիտի առնեն ոսկին ու կապուտակը և ծիրանեգոյնը ու կրկնակի կարմիրը և բարակ քթանը. 6Եւ թելէ , կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ և մանուած բարակ քթանէ վարպետի գործ պիտի շինեն եփուտը: 7Անոր երկու ծայրերը երկու կցուած վակասներ պիտի ունենան, որպէս զի եփուտը միացած ըլլայ: 8Եւ եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը անոր շինուածքին պէս նոյն բանէն պիտի ըլլայ. ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ պիտի ըլլայ: 9Եւ երկու եղնգնաքարեր առնես, ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրես: 10Անոնց անուններուն վեցը մէկ քարին վրայ, և մնացած վեց անունները միւս քարին վրայ, անոնց ծնունդներուն համեմատ փորագրուի : 11Այն երկու քարերուն վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները ակունք բանողի գործով՝ այսինքն փորագրելու պէս փորագրես. ոսկի խորշերու մէջ գամես զանոնք: 12Եւ երկու քարերը եփուտին ուսերուն վրայ պիտի դնես, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան, ու անոնց անունները յիշատակի համար իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջը առջև։ 13Եւ ոսկիէ խորշեր պիտի շինես. 14Եւ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած՝ երկու շղթաներ պիտի շինես, ու հիւսուած շխթաները խորշերուն անցÁնես։

Լանջապանակը (Ելից 39:8-21)

15Եւ դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ շինես. զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինես. ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինես։ 16Քառակուսի պիտի ըլլայ երկուքի ծալլուելով. անոր երկայնութիւնը մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ ըլլայ։ 17Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին համեմատ չորս կարգ քարեր պիտի գամես. այս կարգը սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլայ. 18Եւ երկրորդ կարգը պիտի ըլլայ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ. 19Եւ երրորդ կարգը պիտի ըլլայ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 20Եւ չորրորդ կարգը պիտի ըլլայ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս. ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած պիտի ըլլան։ 21Եւ քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասուերկու պիտի ըլլան, անոնց անուններուն համեմատ. ամէն մէկը իր անունովը տասուերկու ցեղին համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած պիտի ըլլան։ 22Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ պիտի շինես։ 23Եւ լանջապանակին վրայ երկու ոսկի օղակներ շինես, ու այն երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ դնես։ 24Եւ այն երկու հիւսուած ոսկի շղթաները լանջապանակին ծայրը եղած երկու օղակներուն անցնես։ 25Եւ երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը այն երկու խորշերուն անցնես, ու զանոնք եփուտին առջեւի կողմէն ուսերուն վրայ դնես։ 26Եւ երկու ոսկի օղակներ ալ շինես, ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դնես։ 27Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինես, ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն վարէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցնես։ 28Եւ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներէն կապեն, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ, ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։ 29Եւ Ահարոն երբ սրբարանը մտնէ, Իսրայէլի որդիներուն անունները Տէրոջը առջև յիշատակի համար՝ միշտ իր սրտին վրայ եղած դատաստանի լանջապանակին վրայ պիտի կրէ։ 30Եւ դատաստանի լանջապանակին մէջ Ուրիմը ու Թումիմը դնես. և Ահարոնի սրտին վրայ պիտի ըլլան, երբ անիկա Տէրոջը առջև երթայ. ու Ահարոն Տէրոջը առջև միշտ իր սրտին վրայ պիտի կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը։

Ուրիշ քահանայական հագուստներ

31Եւ եփուտին պատմուճանը բոլորովին կապուտակէ պիտի շինես։ 32Եւ անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու ճեղքուածք մը ըլլայ. ճեղքուածքին բոլորտիքը զրահի ճեղքուածքին պէս հիւսուած եզերք ունենայ, որպէսզի չպատռի։ 33Եւ անոր քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ նուռեր պիտի շինես քղացքներուն բոլորտիքը, ու անոնց մէջտեղ շուրջանակի ոսկի զանգակներ։ 34Պատմուճանին քղանցքին վրայ շուրջանակի ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը, ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը պիտի ըլլայ։ 35Եւ պաշտօնի համար անիկա Ահարոնի վրայ պիտի ըլլայ. ու Տէրոջը առջև սրբարանը մտած ու ելած ատենը անոր ձայնը պիտի լսուի որ չմեռնի։ 36Եւ զուտ ոսկիէ թիթեղ մը պիտի շինես, ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս ՍՐԲՈՒԹԻԻՆ ՏԵԱՌՆ* փորագրես։ 37Եւ կապուտակ ժապաւէն մը անցնես անոր՝ որ խոյրին վրայ դրուի. և խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմը ըլլայ։ 38Եւ անիկա Ահարոնի ճակատին վրայ պիտի ըլլայ, որ Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն անօրէնութիւնը Ահարոն կրէ. ու միշտ իր ճակատին վրայ պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջև։ 39Եւ շապիկը բարակ քթանէ նկարէն հիւսես, ու խոյրը բարակ քթանէ պիտի շինես և գօտին նկարագործ պիտի շինես։ 40Եւ Ահարոնի որդիներուն շապիկներ պիտի շինես, ու անոնց գօտիներ պիտի շինես. և պատիւի ու փառքի համար անոնց ապարօշներ պիտի շինես։ 41Եւ զանոնք քու եղբօրդ Ահարոնի ու իրեն հետ իր որդիներուն պիտի հագցնես. ու զանոնք պիտի օծես, և պիտի օրհնես*, ու սրբես զանոնք՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն, 42Եւ անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ պիտի շինես իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար. անոնց մէջքերէն մինչև ծունկերը պիտի հասնին։ 43Եւ անոնք Ահարոնի ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ ժողովքի խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտելու համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին. ասիկա յաւիտենական մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)