Ելից

20

Տասը պատուիրանքները

1Եւ այս բոլոր խօսքերը զրուցեց՝ ըսելով, 2Ես եմ Եհովա, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ 3Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ 4Դուն քեզի չշինես, ոչ ալ վերը երկինքի մէջ, կամ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. 5Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ, մինչև անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս. 6Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչև հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատվիրանքներս կը պահեն։ 7Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերանն առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ 8Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ 9Վեց օր պիտի աշխատիս, ու բոլոր գործդ ընես. 10Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ոչ դուն, ոչ քու որդիդ, ոչ քու աղջիկդ, ոչ քու ծառադ ու աղախինդ, ոչ քու անասունդ, ոչ ալ տանդ մէջ եղած օտարականդ. 11Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մեջ եղածները, և եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։ 12Պատուէ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ՝ զոր քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։ 13Սպանութիւն մի ըներ։ 14Շնութիւն մի ըներ։ 15Գողութիւն մի ըներ։ 16Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի ըներ։ 17Քու դրացիիդ տանը մի ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն, և քու դրացիիդ ամենեւին մէկ բանին մի ցանկար։

Ժողովուրդին վախը

18Եւ բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէին որոտումները ու կայծակները և փողին ձայնը ու լեռանը մխալը։ Եւ երբ ժողովուրդը տեսաւ, ետ քաշուեցաւ ու հեռու կայնեցաւ. 19Եւ ըսին Մովսէսի, Դուն խօսէ մեզի հետ, ու մտիկ կ’ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէս զի չմեռնինք։ 20Եւ ըսաւ ժողովուրդին, Մի վախնաք. վասն զի Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջև ըլլայ, որպէս զի չմեղանչէք։ 21Եւ ժողովուրդը հեռու կայնեցաւ. ու Մովսէս մօտեցաւ այն թանձր խաւարին՝ ուր Աստուած էր։

Օրէնքներ խորանի մասին

22Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Այսպէս պիտի ըսեմ Æսրայէլի որդիներուն, Դուք տեսաք որ ձեզի հետ երկինքէն խօսեցայ. 23Ինծի հետ արծաթ աստուածներ չշինէք. ոչ ալ աստուածներ շինէք ձեզի: 24Ինծի հողէ մը շինես, ու անոր վրայ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ ու արջառներդ մատուցանես. և ամէն տեղ, ուր իմ անունս յիշել կու տամ, քեզի պիտի գամ, ու քեզ պիտի օրհնեմ։ 25Եւ եթէ ինծի քարէ սեղան շինելու ըլլաս, տաշած քարէ չշինես. քանզի եթէ անոր վրայ երկաթ գործիք վերցնես, կը պղծես զանիկա։ 26Եւ աստիճաններով չելլես իմ սեղանս, որպէս զի քու մերկութիւնդ չբացուի անոր վրայ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)