Ելից

12

Զատիկը

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ ըսելով, 2Այս ամիսը ձեզի ամիսներուն սկիզբն ըլլայ. ու ձեզի տարւոյն ամիսներուն առաջինն ըլլայ: 3Իսրայէլի բոլոր ժողովքին զրուցեցէք՝ ըսելով, Այս ամսուն տասնին ամէն մէկը իրեն գառնուկ մը առնէ իրենց հայրերուն տանը համեմատ, այսինքն գլուխ մէյմէկ գառնուկ: 4Եւ եթէ մէկ տունը մէկ գառնուկին քիչ կու գայ, այն մարդը իր տանը քով եղած դրացիին հետ հոգիներուն համրանքին համեմատ առնէ. գառնուկին վրայով ամէն մէկուն իր կերածին չափ հաշիւ ընէք: 5Ձեր գառնուկը անարատ, արու, մէկ տարեկան ըլլայ. ոչխարներէն կամ այծերէն առնէք զայն : 6Եւ մինչև այս ամսուն չորեքտասաներորդ օրը պահէք զայն, ու Իսրայէլի ժողովքին բոլոր բազմութիւնը մորթեն զանիկա իրիկուան դէմ*: 7Եւ արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, որ զանիկա պիտի ուտեն: 8Եւ միսը այն գիշերը ուտեն. զանիկա կրակի վրայ խորոված՝ բաղարջով ու լեղի խոտերով պիտի ուտեն. 9Անկէ՝ հում կամ ջուրի մէջ եփած չուտէք, բայց կրակի վրայ խորոված, անոր գլուխը ոտքերովը ու փորոտիքովը մէկտեղ ուտէք: 10Եւ անկէ բան մը չթողուք մինչև առտու. ու անկէ ինչ որ առտուան կը մնայ, կրակով այրէք: 11Եւ այսպէս պիտի ուտէք զայն. ձեր գօտիները մէջքերնիդ ու ձեր կօշիկները ոտքերնիդ և ձեր ցուպերը ձեռքերնիդ ըլլալով. զանիկա արտորնօք ուտէք. Տէրոջը զատիկն է այն: 12Եւ այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ, ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն առջինեկը, մարդէ մինչև անասուն, պիտի զարնեմ. Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ պիտի կատարեմ. ես եմ Տէրը: 13Եւ արիւնը ձեր եղած տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ. ու երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն պիտի անցնիմ. և հարուածը ձեր վրայ պիտի չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ: 14Եւ այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ, և զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն:

Բաղարջակերաց տօնը

15Եօթը օր ուտէք. նոյն իսկ առաջին օրը ձեր տուներէն դուրս ձգէք խմորը. վասն զի առաջին օրէն մինչև եօթներորդ օրը ով որ խմորեալ ուտէ, այն անձը Իսրայելէ պիտի կորսուի: 16Եւ առաջին օրը սուրբ ժողով մը ըլլայ, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սուրբ ժողով մը ըլլայ. այն օրերը բնաւ գործ մը չգործուի, բայց ամէն մէկուն ուտելիքը, զայն միայն պատրաստէք: 17Եւ բաղարջներուն տօնը պահէք. քանզի այն նոյն օրուան մէջ ձեր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն հանեցի. ուստի ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը այն օրը պահէք: 18Առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրուան իրիկունէն մինչև ամսուն քսանըմէկերորդ օրուան իրիկունը բաղարջ պիտի ուտէք: 19Եօթը օր տուներնիդ խմոր չգտնուի. քանզի ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլի ժողովքէն պիտի կորսուի, թէ՛ օտարական ըլլայ և թէ՛ երկրին բնակը: 20Խմորեալ բան մը պիտի չուտէք. ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ բաղարջ ուտէք:

Առաջին զատիկը

21Եւ կանչեց Իսրայէլի բոլոր ծերերը, ու ըսաւ անոնց, Ձեր ընտանիքներուն համեմատ ընտրեցէք, ու առէք ձեզի մէյմէկ գառ, ու զատկին համար մորթեցէք: 22Եւ զոպայի փունջ մը առէք, ու կոնքին մէջ եղած արիւնին թաթխեցէք, և դրանը վրայի սեմին ու երկու քովի դրանդիքներուն վրայ՝ կոնքին մէջ եղած արիւնէն քսեցէք, և մինչև առտու ձեզմէ մէ՛կը իր տանը դռնէն դուրս չելլէ. 23Քանզի Տէրը Եգիպտացիները զարնելու պիտի անցնի, և երբ դրանը վրայի սեմին ու երկու կողմի դրանդիքներուն վրայ արիւնը տեսնէ, Տէրը այն դրանը վրայէն պիտի անցնի, և պիտի չթողու սատակիչը՝ որ ձեր տուները մտնէ ձեզ զարնելու համար: 24Եւ այս բանը քեզի ու քու որդիներուդ ըլլալու համար պահէք յաւիտեան: 25Եւ ըլլայ թէ երբ այն երկիրը գաք, զոր Տէրը ձեզի պիտի տայ իր ըսածին պէս, այս պաշտօնը պահէք: 26Եւ ըլլայ թէ երբ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ Այս պաշտօնով ի՞նչ ըսել կ’ուզէք, 27Ըսէք որ Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, որ Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, ու մեր տուները ազատեց: Եւ ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ: 28Եւ Իսրայէլի որդիները գացին, ու Տէրոջը Մովսէսի ու Ահարոնի պատուիրածին պէս ըրին. այնպէս ըրին:

Անդրանիկներու մահը

29Եւ եղաւ որ կեսգիշերին Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն առջինեկը զարկաւ, իր աթոռը նստող Փարաւոնի առջինեկէն մինչև բանտի մէջ եղած գերիին առջինեկը և ամէն անասունին առջինէկը: 30Եւ այն գիշերը ելաւ Փարաւոն ու անոր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիք, ու Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը եղաւ. քանզի տուն մը չկար որ անոր մէջ մեռեալ չըլլար: 31Եւ գիշերով կանչեց Մովսէսը ու Ահարոնը և ըսաւ, Արիք, ու ելէք իմ ժողովուրդիս մէջէն դուք ալ և Իսրայէլի որդիքն ալ, ու գացէք պաշտեցէք Եհովան՝ ինչպէս ըսիք. 32Նաև ձեր հօտերը ու ձեր արջառները առէք, ինչպէս ըսիք, ու գացէք. և զիս ալ օրհնեցէք: 33Եւ Եգիպտացիք բռնադատեցին ժողովուրդը որ շուտով այն երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք. քանզի ըսին, Ամէնքս ալ կը մեռնինք: 34Եւ ժողովուրդը իրենց զանգուածը դեռ չխմորած, իրենց խմորի տաշտերը իրենց լաթերովը փաթթած, ուսերնուն վրայ վերցուցին: 35Եւ Իսրայէլի որդիները Մովսէսի խօսքին պէս ըրին, ու Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին: 36Եւ Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացւոց առջև, այնպէս որ Եգիպտացիք անոնց խնդրածը տուին. ու անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները:

Իսրայելացիք Եգիպտոսէ կը հեռանան

37Եւ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէ դէպ ի Սոկքովթ չուեցին. ընտանիքներէն զատ վեց հարիւր հազարի չափ հետեւակ այր մարդիկ էին: 38Եւ անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ. և ոչխարները ու արջառները խիստ մեծ հօտ էին: 39Եւ Եգիպտոսէ իրենց հանած զանգուածէն անխմոր շօթեր եփեցին, վասն զի խմորեալ չէր. քանզի Եգիպտոսէ վռնտուեցան, ու չէին կրնար ուշանալ. ու իրենց պաշար ալ չէին պատրաստեր: 40Եւ Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն բնակած ժամանակը չորս հարիւր երեսուն տարի էր: 41Եւ եղաւ որ չորս հարիւր երեսուն տարիներուն վերջը՝ այն նոյն օրը Տէրոջը բոլոր զորքերը Եգիպտոսի երկրէն ելան: 42Ասիկա Տէրոջը համար պահելու գիշեր մըն է, վասն զի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեց. այս այն գիշերն է Տէրոջը համար Իսրայէլի բոլոր որդիներէն իրենց ազգերուն մէջ պահուելու:

Զատիկի կարգադրութիւն

43Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի ու Ահարոնի, Այս է զատկին կանոնը. բնաւ օտարական մը անկէ պիտի չուտէ. 44Բայց ամէն մարդու ստակով ծախու ծառան, երբ զանիկա թլփատես, այն ատեն թող ուտէ անկէ: 45Օտարականն ու վարձկանը անկէ պիտի չուտեն. 46Մէկ տան մէջ պիտի ուտուի այն. տունէն դուրս չհանես այն միսէն, ու անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրէք: 47Իսրայէլի բոլոր ժողովքը ընէ զայն: 48Եւ երբ օտարական մը քու քովդ պանդխտանալու ըլլայ, ու Տէրոջը զատիկ ընելու ըլլայ, անոր ամէն արուն թող թլփատուի, և այն ատեն զայն ընելու մօտենայ, ու ինք երկրին բնակին պէս թող ըլլայ. քանզի անթլփատ մէկը բնաւ անկէ պիտի չուտէ: 49Երկրացիին ու ձեր մէջ բնակող օտարականին մէկ օրէնք ըլլայ: 50Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը Մովսէսի ու Ահարոնի պատուիրածին պէս ըրին. այնպէս ըրին: 51Եւ եղաւ որ այն նոյն օրը Տէրը Եգիպտոսի երկրէն հանեց Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)