Ժողովող գիրք
7
Կեանքի մասին խորհուրդներ
1i> Բարի անունը հոտաւէտ իւղէն, Ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է։ 2Սուգի տուն երթալը Կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. Վասն զի ամէն մարդուն վախճանը այն է, Ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ կը դնէ։ 3Տրտմութիւնը ծիծաղելէն աղէկ է, Վասն զի երեսին տրտմութիւնովը սիրտը կը զուարճանայ։ 4Իմաստուններուն սիրտը սուգի տունը, Իսկ յիմարներուն սիրտը ուրախութեան տունը կ’ըլլայ։ 5Իմաստունին յանդիմանութիւնը լսելը Յիմարներուն երգը լսելէն աղէկ է։ 6Վասն զի ինչպէս է փուշերուն ձայնը կաթսային տակ, Յիմարներուն ծիծաղն ալ այնպէս է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ 7Իրաւ որ բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ, Ու պարգևը մարդուն սիրտը կ’ապականէ։ 8Մէկ բանին վախճանը սկիզբէն աղէկ է. Ու երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։ 9Մի արտորար հոգիովդ բարկանալու. Քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։ 10Մի ըսեր թէ Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին, Վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ։ 11Իմաստութիւնը ժառանգութեան պէս աղէկ է, Ու արևը տեսնողներուն օգտակար է։ 12Վասն զի իմաստութիւնը հովանաւորութիւն կ’ընէ, Եւ արծաթը հովանաւորութիւն կ’ընէ. Բայց գիտութեան օգուտը այս է Որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ։ 13Աստուծոյ գործին նայէ. Վասն զի անոր ծռածը ո՞վ կրնայ շիտկել։ 14Աղէկ օրը աղէկութեամբ անցուր, Ու գէշ օրը զգուշութիւն ըրէ. Եւ Աստուած իրարու դիմաց դրաւ ասոնք, Որպէս զի մարդ իրմէ ետքը բան մը չգտնէ։ 15Իմ ունայնութեան օրերուս մէջ ամէնը տեսայ. Արդար կայ որ իր արդարութեանը մէջ կը կորսուի, Եւ ամբարիշտ կայ որ իր ամբարշտութեանը մէջ իր կեանքը կ’երկնցնէ։ 16Խիստ շատ արդար մի ըլլար, Ու ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի կարծեր. Ինչո՞ւ համար քեզ կորսնցնես։ 17Խիստ ամբարիշտ մի ըլլար ու յիմար մի ըլլար. Ինչո՞ւ համար ատենդ չեկած մեռնիս։ 18Աղէկ է որ մէկը բռնես, ու միւսէն ալ ձեռքդ չքաշես, Վասն զի Աստուծմէ վախցողը ամէնէն ապահով կ’ելլէ։ 19Իմաստութիւնը աւելի ոյժ կու տայ իմաստունին, Քան թէ քաղաքի մը մէջ եղող տասը իշխանը՝այն քաղաքին։ 20Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ Որ աղէկութիւն ընէ, ու մեղք չգործէ։ 21Արդ քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի տար, Որպէս զի քու ծառայիդ քեզի անէծք տալը չլսես. 22Վասն զի քու սիրտդ գիտէ Որ դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես։ 23Ասոնց ամէնը իմաստութեամբ փորձեցի. Ըսի թէ Ես իմաստուն ըլլամ. Բայց անիկա ինծմէ հեռու էր։ 24Հեռուն ինչ ըլլալը, Ու խիստ խորունկ եղածը ո՞վ կը գտնէ։ 25Ես իմ սրտովս պտըտեցայ՝ որպէս զի գիտնամ և քննեմ Ու փնտռեմ իմաստութիւնը ու հանճարը. Եւ յիմարութեան չարութիւնը Ու անմտութիւնը և խենթութիւնը գիտնամ. 26Ու ես մահուանէ դառն գտայ այն կինը՝ Որուն սրտին մէջ ցանցեր և ուռկաններ, Ու ձեռքերուն մէջ կապանքներ կան. Աստուծոյ առջև հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի, Բայց մեղավորը անկէ կը բռնուի։ 27Ահա ասիկա գտայ, կ’ըսէ Ժողովողը, Մէկիկ մէկիկ համրելով՝ հաշիւը գտնելու համար. 28(Զոր հոգիս տակաւին կը փնտռէ, Բայց չեմ կրնար գտնել.) Այր մարդ՝ հազարէն մէկ գտայ, Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։ 29Ահա միայն ասիկա գտայ՝ Որ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։