Ժողովող գիրք
4
1Եւ ես դարձայ ու տեսայ Արևուն տակ եղած բոլոր զրկանքները. Եւ ահա զրկուածներուն աչքը արցունք կար, Բայց անոնք մխիթարող չունէին. Ու անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։ 2Եւ ես մեռածները, արդէն մեռածները, Մինչև հիմա ապրողներէն աւելի գովեցի։ 3Բայց ան որ մինչև հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ աղէկ է, Վասն զի անիկա արևուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։ 4Ու ես ամէն աշխատութիւնը Եւ ամէն յաջող գործը տեսայ, Որ անոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ 5Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ, Ու իր միսը կ’ուտէ։ 6Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռքը հանգստութեամբ, Քան թէ երկու լեցուն ձեռքը՝ որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է: 7Եւ ես դարձայ ու արևուն տակ ունայնութիւն տեսայ: 8Մարդ մը կայ որ երկրորդ չունի, Ոչ տղայ ունի և ոչ եղբայր. Բայց անոր ամէն աշխատութիւնը վախճան չունի, Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար, Եւ չըսեր թէ Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ, Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղմունք է։ 9Երկուքը մէկէն աղէկ է, Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի. 10Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն. Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝ Որ զինք վերցնող երկրորդ մը չունի։ 11Ու երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան. Բայց մինակը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ։ 12Եւ եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել. Ու երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չկտրուիր։ 13Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան, Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը՝ Որ ալ չգիտեր խրատուիլ։ 14Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ՝ որպէս զի թագաւորէ, Բայց ուրիշ մը որ թագաւոր ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։ 15Տեսայ արևուն տակ քալող ամէն կենդանիները Այն տղուն հետ՝ որ թագաւորին երկրորդն էր, Ու անոր տեղը պիտի անցնէր. 16Անոնց առջև կեցող* բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր. Սակայն ետքը եկողները անկէ պիտի չուրախանան: Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։