Ժողովող գիրք

3

Ամէն բանի համար ժամանակ մը

1Ամէն բանին ատենը կայ, Ու երկինքի տակ եղող ամէն գործին ժամանակը. 2Ծնանելու ժամանակ և մեռնելու ժամանակ, Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ, 3Մեռցնելու ժամանակ և բժշկելու ժամանակ, Փլցնելու ժամանակ ու շինելու ժամանակ, 4Լալու ժամանակ և ծիծաղելու ժամանակ, Սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ, 5Քարեր դուրս նետելու ժամանակ ու քարեր ժողվելու ժամանակ, Գրկելու ժամանակ ու գրկելէ հեռանալու ժամանակ, 6Փնտռելու ժամանակ և կորսնցնելու ժամանակ, Պահելու ժամանակ ու դուրս ձգելու ժամանակ, 7Պատռելու ժամանակ և կարելու ժամանակ, Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ, 8Սիրելու ժամանակ և ատելու ժամանակ, Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ: 9Աշխատողին, իր քաշած աշխատանքէն, Ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։ 10Տեսայ այն զբաղմունքը զոր մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։ 11Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ, Եւ աշխարհս ալ անոնց սրտին մէջ դրաւ. Բայց Աստուծոյ ըրած գործը Մարդ չկրնար սկիզբէն մինչև վերջը գտնել։ 12Զայս գիտեմ որ ուրախ ըլլալէ Ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ՝ Ուրիշ աղէկ բան մը չկայ անոնց մէջ։ 13Ու նաև ամէն մարդուն ուտելը ու խմելը, Եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայելելը Աստուծոյ պարգևն է։ 14Գիտեմ որ Աստուծոյ ամէն ըրածը յաւիտեան պիտի մնայ. Անոր վրայ բան մը աւելցնել, կամ անկէ պակսեցնել կարելի չէ. Եւ Աստուած զանիկա ըրաւ, որպէս զի իր երեսէն վախնան։ 15Ինչ որ եղած է, հիմա ալ կայ. Ու ինչ որ պիտի ըլլայ, արդէն եղած է։ Եւ Աստուած անցածը կը փնտռէ։

Աշխարհի մէջ անարդարութիւն

16Ու նաև արևուն տակ տեսայ որ դատաստանի տեղ ամբարշտութիւն, Եւ արդարութեան տեղ անօրէնութիւն կար։ 17Ես իմ սրտիս մէջ ըսի թէ Աստուած պիտի դատէ արդարը ու ամբարիշտը. Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ ժամանակ ունի հոն։ 18Ես իմ սրտիս մէջ ըսի Մարդոց որդիներուն վիճակին վրայով, Թէ Աստուած զանոնք պիտի փորձէ. Ու պիտի տեսնեն որ իրենք անասուններ են։ 19Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածը Եւ անասուններուն պատահածը մէկ է. Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի. Ու ամէնուն շունչը մէկ է. Եւ մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, Վասն զի ամէնը ունայնութիւն է։ 20Ամէնը մէկ տեղ կ’երթայ. Ամէնը հողէն եղաւ, ու ամէնը հող կը դառնայ։ 21Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները վեր կ’ելլեն, Եւ անասուններուն ոգիները վար գետինը կ’իջնեն։ 22Ու տեսայ որ մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատ Ուրիշ աղէկութիւն մը չունի, Քանզի անոր բաժինը այն է. Վասն զի ո՞վ պիտի տանի զանիկա որ տեսնէ Թէ իրմէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)