Ժողովող գիրք

10

1Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն. Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ և պատուով երևելի սեպուած մարդը այնպէս կ ’ընե*։ 2Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է, Ու անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։ 3Եւ անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ, Խելքը պակաս ըլլալուն համար, իր յիմար ըլլալը ամէնուն կը յայտնէ։ 4Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ, Քու տեղդ մի ձգեր. Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։ 5Արևուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ, Որ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլալ կ’երևնայ։ 6Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի, Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։ 7Տեսայ ծառաներ որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին, Եւ իշխաններ՝ որոնք երկրի վրայ ծառաներու պէս կը քալէին։ 8Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ, Ու ցանկ քակողը օձը կը խածնէ։ 9Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի, Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’ըլլայ։ 10Եթե երկաթը բթացած է, ու անոր բերանը չսրէ, Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է. Բայց իմաստութիւնը յաջողելու օգուտը ունի։ 11Եթե օձը թովելէն առաջ խածնէ, Այն ատեն թովիչին օգուտ մը չմնար*։ 12Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհք են. Բայց անմիտին շրթունքները զինք կը կլլեն։ 13Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է, Ու անոր խօսքին վերջը գէշ խենթութիւն է։ 14Եւ յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ. Մարդս ինչ ըլլալիքը չգիտեր, Ու անոր ո՞վ պիտի յայտնէ Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ 15Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը ձանձրացնէ Քաղաքը երթալը չգիտցողին պէս: 16Վա՜յ քեզի, , երբ քու թագաւորդ տղայ է, Ու իշխաններդ առտուանց կերակուր կ’ուտեն։ 17Երանի՜ քեզի, երկիր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է, Եւ քու իշխաններդ ատենով կ’ուտեն՝ Ուժի համար և ոչ թէ գինովութեան համար։ 18Շատ ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի, Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։ 19Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընեն, Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. Իսկ արծաթը ամէն բանի բաւական կ’ըլլայ։ 20Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին մի տար, Եւ քու պառկելու սենեակներուդ մէջ մեծերուն անէծք մի տար. Վասն զի երկինքի թռչունը այն ձայնը կը տանի, Ու թևաւորը խօսքը կը պատմէ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)