Երկրորդ Օրինաց

7

Տէրոջը սեպհական ժողովուրդը

1Երբ քու Տէր Աստուածդ տանի քեզ այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ժառանգելու համար, ու քու առջեւէդ շատ ազգեր հալածէ, այսինքն Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիները ու Յեբուսացիները, այս եօթը ազգերը, որոնք քեզմէ մեծ ու զօրաւոր են, 2Ու երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, զանոնք զարնես ու բոլորովին կորսնցնես. անոնց հետ ուխտ չընես ու անոնց չողորմիս: 3Ոչ ալ անոնց հետ խնամութիւն ընես. քու աղջիկդ անոր տղուն չտաս, ու անոր աղջիկը քու տղուդ չառնես. 4Վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի դարձնեն օտար աստուածներ պաշտելու. ու Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ: 5Սակայն անոնց այսպէս ըրէք. անոնց սեղանները կործանեցէք, անոնց արձանները խորտակեցէք, անոնց Աստարովթները կտրեցէք, ու անոնց քանդակուած կուռքերը կրակով այրեցէք: 6Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես. և քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեպհական ըլլաս: 7Տէրը որ ձեզ սիրեց ու ընտրեց, ամէն ազգերէն շատուոր ըլլալնուդ համար չէ, քանզի դուք ամէն ազգերէն քիչուոր էիք. 8Այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար, ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ զօրաւոր ձեռքով ծառայութեան տունէն հանեց, և Եգիպտացւոց Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց: 9Արդ գիտցիր որ քու Տէր Աստուածդ ինքն է , հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն մինչև հազար ազգը ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ. 10Եւ զինք ատողներուն ալ իրենց երեսին դէմ պատիժը կու տայ, ու զանոնք կը կորսնցնէ. զինք ատողին պատիժը չուշացներ, անոր երեսը կու տայ: 11Ուրեմն պահէ դուն այն պատուիրանքները, կանոնները ու դատաստանները զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զանոնք ընես:

Հնազանդութեան օրհնութիւնները

12Ուստի եթէ այս դատաստանները լսելով զանոնք պահես ու ի գործ դնես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի համար քու հայրերուդ ըրած ուխտը ու ողորմութիւնը պիտի պահէ. 13Նաև քեզ պիտի սիրէ և քեզ օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ. և քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին վրայ զոր Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու: 14Դուն ամէն ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս. ու ձեր մէջ և ձեր անասուններուն մէջ, թէ՛ արուներէն և թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի: 15Եւ Տէրը ամէն հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ. ու այն Եգիպտացւոց գէշ ցաւերը զորոնք դուն գիտես, բնաւ քու վրադ պիտի չբերէ, այլ զանոնք քու բոլոր թշնամիներուդ վրայ պիտի ղրկէ: 16Եւ դուն պիտի սպառես այն բոլոր ազգերը, զորոնք քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ պիտի տայ. ու քու աչքդ անոնց չխնայէ, ու անոնց աստուածները չպաշտես, վասն զի այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ: 17Եթէ սրտիդ մէջ ըսես թէ Այն ազգերը ինծմէ շատուոր են, ես ի՜նչպէս կրնամ զանոնք հալածել, 18Անոնցմէ մի վախնար, այլ միշտ յիշէ ինչ որ քու Տէր Աստուածդ ըրաւ Փարաւոնի ու բոլոր Եգիպտացիներուն: 19Այն մեծամեծ փորձերը որոնց դուն ականատես եղար, այն նշանները ու հրաշքները, այն զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը, որոնցմով քու Տէր Աստուածդ քեզ հանեց. քու Տէր Աստուածդ այնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ազգերուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս: 20Ու նաև քու Տէր Աստուածդ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէս զի մնացածները ու քու երեսէդ պահուըտողները կորսուին: 21Ուրեմն անոնց երեսէն մի վախնար. քանզի քու Տէր Աստուածդ, այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը, ձեր մէջ է: 22Եւ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ. զանոնք չես կրնար մէկէն հատցընել, որ չըլլայ թէ դաշտին գազանները վրադ շատնան: 23Եւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ, ու զանոնք մեծ կործանումով պիտի կործանէ, մինչև ամէնը բնաջինջ ըլլան: 24Նաև անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի տայ, և անոնց անունները երկինքի տակէն ոչնչացնես. ու բնավ մէկը պիտի չկրնայ քեզի դէմ կենալ, մինչև զանոնք կորսընցնես: 25Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով այրես. ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք տնկելով` զանոնք քեզի չառնես, որպէս զի անոնցմով որոգայթի չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջև գարշելի են: 26Արդ գարշելի բան մը տունդ մի տանիր, որպէս զի դուն ալ անոր պէս նզովուած չըլլաս. անկէ բոլորովին զզուիս, ու զանիկա խիստ գարշելի սեպես, վասն զի նզովուած է այն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)