Երկրորդ Օրինաց

4

Մովսէս Իսրայէլը հնազանդելու կը յորդորէ

1Եւ հիմա, ով , իմ քեզի սորվեցուցած կանոններս ու դատաստաններս մտիկ ըրէ, որպէս զի զանոնք ընելով ողջ մնաք, ու մտնէք ժառանգէք այն երկիրը զոր ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի կու տայ: 2Ձեզի պատուիրած խօսքիս վրայ բան մը չաւելցնէք, ու անկէ բան մը չպակսեցնէք, այլ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները պահէք, զորոնք ես ձեզի կը պատուիրեմ: 3Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրի ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրի ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսընցուց: 4Բայց դուք որ ձեր Տէր Աստուծոյն յարեցաք, ամէնդ այսօր ողջ էք: 5Ահա ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէս զի զանոնք ի գործ դնէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար: 6Ուստի դուք զանոնք պահեցէք ու ըրէք. վասն զի ձեր իմաստութիւնը ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջև, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն, Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ մըն է: 7Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ իր աստուածները իրեն մօտ ըլլան, ինչպէս մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է ամէն բանի մէջ զոր անկէ կը խնդրենք: 8Ու ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ իմ այսօր ձեր առջև դրած այս բոլոր օրէնքիս նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ: 9Միայն քեզ աղէկ նայէ, ու քու հոգւոյդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ չըլլայ թէ աչքերուդ տեսած բաները մոռնաս, և չըլլայ թէ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ ելլեն. այլ զանոնք քու որդիներուդ ու որդւոցդ որդիներուն սորվեցնես: 10Այն օրը որ դուն Քորեբ քու Տէր Աստուծոյդ առջև կեցեր էիր, Տէրը ինծի ըսաւ, Ժողովուրդը ինծի ժողվէ, ու իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէս զի սորվին ինծմէ վախնալը որչափ օրեր որ երկրի վրայ պիտի ապրին, ու իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն: 11Եւ դուք մօտենալով` լեռանը տակ կայնեցաք, ու լեռը խաւարով, ամպով ու մառախուղով ծածկուած, մինչև երկինք* կրակով կը բորբոքէր: 12Եւ Տէրը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ. դուք անոր խօսքերուն ձայնը լսեցիք. ու նմանութիւն մը չտեսաք, բայց միայն ձայն լսեցիք: 13Եւ իր ուխտը, տասը պատուիրանքները, ձեզի իմացուց, ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք. և զանոնք երկու հատ քարէ տախտակներու վրայ գրեց: 14Եւ այն ատեն Տէրը ինծի պատուիրեց, որ ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցնեմ, որպէս զի զանոնք ի գործ դնէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար:

Կռապաշտութեան դէմ զգուշացում

15Ուրեմն ձեր հոգիներուն աղէկ զգուշութիւն ըրէք. որովհետև այն օրը որ Տէրը Քորեբ լեռը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ, բնաւ նմանութիւն մը չտեսաք. 16Չըլլայ որ անօրինիք, ու ձեզի մը կամ որեւիցէ բանի պատկերը, թէ՛ արուի և թե՛ էգի նմանութիւնը, 17Կամ երկրի վրայ եղող անասունի մը նմանութիւնը, կամ օդին մէջ թռչող թեւաւոր թռչունի մը նմանութիւնը, 18Կամ երկրի վրայ սողացող սողունի մը նմանութիւնը, կամ երկրի տակ ջուրերու մէջ եղող ձուկի մը նմանութիւնը շինէք. 19Նաև չըլլայ որ աչքերդ երկինք վերցնելով, ու արեւը կամ լուսինը կամ աստղերը ու երկինքի բոլոր զարդը տեսնելով խաբուիս, ու անոնց երկրպագութիւն ընես, և զանոնք պաշտես. որովհետև քու Տէր Աստուածդ զանոնք բոլոր երկինքի տակ եղող ազգերուն համար կարգաւորեց: 20Բայց Տէրը ձեզ առաւ, ու ձեզ երկաթի հնոցէն, Եգիպտոսէ, հանեց, որպէս զի իրեն սեպհական ժողովուրդ ըլլաք, ինչպէս այսօր եղած էք: 21Եւ Տէրը ձեր պատճառաւ ինծի սրդողելով ըրաւ որ Յորդանանէ չանցնիմ, ու չմտնեմ այն երկիրը զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար: 22Արդ ես այս երկրին մէջ պիտի մեռնիմ, ու Յորդանանէ պիտի չանցնիմ. բայց դուք պիտի անցնիք ու այն բարի երկիրը պիտի ժառանգէք: 23Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի հետ ըրած ուխտը մոռնաք, ու ձեզի կուռք մը կամ որեւիցէ բանի մը նմանութիւնը շինէք զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի արգիլեց: 24Քանզի քու Տէր Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ է: 25Երբ դուք որդիներ ու որդւոց որդիներ ծնանելու ըլլաք, և այն երկրին մէջ շատ ատեն նստելու ըլլաք, այն ատեն եթէ անօրինիք, և կուռք մը կամ որեւիցէ բանի նմանութիւնը շինէք, ու ձեր Տէր Աստուծոյն առջև չարութիւն ընէք ու զանիկա բարկացնէք, 26Այսօր երկինքը ու երկիրը ձեզի վկայ կը բռնեմ, որ դուք անպատճառ շուտով պիտի կորսուիք այն երկրէն զոր Յորդանանէ անցնելով պիտի ժառանգէք. այն տեղը կեանքերնիդ երկար պիտի չըլլայ, այլ բոլորովին բնաջինջ պիտի ըլլաք: 27Եւ Տէրը ձեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուէ, ու նաև սակաւաթիւ պիտի մնաք այն ազգերուն մէջ, ուր Տէրը ձեզ պիտի քշէ: 28Եւ հոն մարդու ձեռքով շինուած քարէ ու փայտէ աստուածներ պիտի պաշտէք, որոնք ոչ կը տեսնեն, ոչ կը լսեն, ոչ կ’ուտեն ու ոչ կը հոտուըտան: 29Եւ հոն քու Տէր Աստուածդ պիտի փնտռես. ու եթէ զանիկա բոլոր սրտովդ և բոլոր հոգւովդ փնտռելու ըլլաս, պիտի գտնես: 30Երբ քու վրադ նեղութիւն գայ ու այս բոլոր բաները վերջին օրերը քեզի պատահին, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս ու անոր խօսքը մտիկ ընես, 31Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն համար, քեզ պիտի չթողու, ու քեզ չկորսընցնէ. ու նաև քու հայրերուդ երդում ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ: 32Արդ քեզմէ առաջ եղած առաջուան օրերուն համար, այսինքն Աստուծոյ` մարդը երկրի վրայ ստեղծած օրէն ի վեր, երկինքի մէկ ծայրէն մինչև միւս ծայրը հարցուր, թէ արդեօք ասոր պէս մեծ բան մը եղա՞ծ է, ու ասոր պէս բան մը լսուա՞ծ է: 33Արդեօք ազգ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյն ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է: 34Կամ թէ Աստուած մէկ ազգը ուրիշ ազգի մը մէջէն իրեն առնելու համար փորձերով, հրաշքներով, զարմանալի գործերով, պատերազմով, զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով և մեծ ահարկութիւններով գալ ուզե՞ր է, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջև: 35Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէս զի գիտնաս թէ Եհովա ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ: 36Քեզ խրատելու համար իր ձայնը երկինքէն լսել տուաւ քեզի, ու երկրի վրայ իր մեծ կրակը քեզի ցուցուց, ու անոր խօսքերը կրակին մէջէն լսեցիր: 37Եւ քու հայրերդ սիրելուն համար անոնցմէ ետքը անոնց սերունդը ընտրեց, ու իր ներկայութեամբ մեծ զօրութիւնով քեզ Եգիպտոսէ հանեց. 38Որպէս զի քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգեր քու առջեւէդ վռնտէ, ու քեզ տանի անոնց երկիրը քեզի ժառանգութիւն տալու, ինչպէս այսօր կը ժառանգես: 39Եւ այսօր գիտցիր ու սրտիդ մէջ դիր, որ վերը երկինքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովա ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ: 40Ուստի անոր կանոնները ու պատուիրանքները պահես, զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ, ու նաև քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ մշտնջենապէս:

Յորդանանի արեւելեան կողմի ապաստանարան քաղաքները

41Այն ատեն Յորդանանու ասդիի կողմը դէպ ի արեւելք երեք զատեց. 42Որպէս զի երէկուընէ ու միւս օրուընէ ատելութիւն չունեցող, ու անգիտութեամբ իր դրացին մեռցնող մարդասպանը հոն փախչի, ու այս քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելով ողջ մնայ: 43Ռուբենեանց համար դաշտային երկրի վրայ անապատին մէջ Բոսորը, և Գադեանց համար Գաղաադու մէջ Ռամովթը, ու Մանասեանց համար Բասանի մէջ Գովղանը զատեց:

Աստուծոյ օրէնքներու հաղորդումին նախապատրաստութիւն

44Ասիկա է այն օրէնքը զոր Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն առջև դրաւ. 45Եւ ասոնք են այն վկայութիւնները, կանոնները և դատաստանները, զորոնք Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ, անոնց Եգիպտոսէ ելած ատենը, 46Յորդանանու ասդիի կողմը Բեթփեգովրի դիմացի հովիտին մէջ, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորին երկրին մէջ, զոր Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները զարկին իրենց Եգիպտոսէ ելած ատենը, 47Եւ անոր երկիրը ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը, այսինքն Յորդանանու ասդին արեւելեան կողմը բնակող Ամօրհացւոց երկու թագաւորներուն երկիրները, 48Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն մինչև լեռը որ Հերմոն կ’ըսուի, 49Ու Յորդանանու ասդին արեւելեան կողմը եղած բոլոր դաշտը մինչև Ասեդովդ-փասգայի ներքև դաշտի ծովուն քով ժառանգեցին:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)