Երկրորդ Օրինաց

3

Իսրայէլ Ովգ թագաւորին կը յաղթէ

1Անկէ դարձանք Բասանի ճամբան ելանք, ու Բասանի Ովգ թագաւորը ինք, իր բոլոր ժողովուրդովը Եդրայիի մէջ մեր դէմն ելաւ պատերազմելու համար: 2Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Անկէ մի վախնար, վասն զի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը ու երկիրը քու ձեռքդ կու տամ. ու անոր ալ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացւոց Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ: 3Եւ մեր Տէր Աստուածը Բասանի Ովգ թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ժողովուրդը մեր ձեռքը տուաւ. և մենք այնպէս ջարդեցինք զանոնք, որ անոնցմէ մէ՛կ ալ ողջ չմնաց: 4Եւ նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք. ու մըն ալ չմնաց, զոր անոնցմէ չըլլանք. վաթսուն քաղաք այսինքն բոլոր Արգովբի գաւառը, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութիւնը: 5Ասոնց ամէնն ալ բարձր պարիսպներով, դռներով ու դռնափակներով ամրացած քաղաքներ էին, անպարիսպ քաղաքներէն զատ, որոնք խիստ շատ էին: 6Եւ զանոնք բնաջինջ ըրինք, ինչպէս Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը ըրինք, ամէն քաղաքներու մէջ մարդիկը, կիները ու տղաքները կորսնցնելով. 7Սակայն բոլոր անասունները ու քաղաքներուն աւարները մեզի առինք: 8Եւ այն նոյն ժամանակին` Յորդանանու անդիի կողմը եղող Ամօրհացւոց երկու թագաւորներուն ձեռքէն առինք երկիրը, Առնոն ձորէն մինչև Հերմոն լեռը: 9Սիդոնացիք Հերմոնի Սարիօն կ’ըսէին, բայց Ամօրհացիք զանիկա Սանիր կը կոչէին: 10Բոլոր դաշտի քաղաքները, բոլոր Գաղաադը ու բոլոր Բասանը մինչև Սելքա ու Եդրայի, Բասանի մէջ եղած Ովգի թագաւորութեան քաղաքները առինք: 11Քանզի հսկաներուն մնացորդէն միայն Բասանի Ովգ թագաւորը մնացեր էր. ահա անոր մահիճը, որ երկաթէ մահիճ մըն է, Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ կեցած է. երկայնութիւնը ինը կանգուն է, ու լայնութիւնը չորս կանգուն է մարդու կանգունով:

Յորդանանի արեւելքը գտնուող ցեղերը (Թուոց 32:1-42)

12Եւ նոյն ժամանակին մէջ այս մեր առած երկիրը, Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչև Գաղաադ լեռանը կէսը, իր քաղաքներովը Ռուբենեանց ու Գադեանց տուի. 13Ու Գաղաադի մնացածը ու բոլոր Բասանը, այսինքն Ովգի թագաւորութիւնը ու բոլոր Արգովբի գաւառը, բոլոր Բասանի հետ, որ հսկայից կ’ըսուէր, Մանասէի կէս ցեղին տուի: 14Եւ Մանասեան Յայիր բոլոր Արգովբի գաւառը առաւ մինչև Գեսուրացւոց ու Մաքաթացւոց սահմանը, ու զանոնք իր անունովը մինչև այսօր -հաւօթ-յայիր կոչեց: 15Այսպէս Գաղաադը Մաքիրի տուի: 16Եւ Գաղաադէ մինչև Առնոն ձորը, (այսինքն ձորին մէջտեղը որ սահմանն է,) ու մինչև Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը, Ռուբենեանց ու Գադեանց տուի, 17Նաև դաշտը Յորդանանու սահմանովը Քեներեթէ մինչև դաշտային ծովը, այսինքն մինչև Աղի ծովը, արեւելեան կողմը եղած Ասեդովթ-փասդայի տակ: 18Եւ այն ատեն ձեզի պատուիրեցի ու ըսի, Ձեր Տէր Աստուածը այս երկիրը ձեզի ժառանգութիւն տուաւ. ուստի դուք ամէնդ որ կտրիճներ էք, զէնքերնիդ առէք, ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն, առջև անցէք. 19Բայց ձեր կիները, ձեր որդիները ու ձեր անասունները, (որովհետև ձեր անասուններուն շատ ըլլալը գիտեմ,) թող մնան ձեր քաղաքներուն մէջ, զորոնք ես ձեզի տուի, 20Մինչև որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգըստացնէ, ու մինչև որ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը զոր ձեր Տէր Աստուածը Յորդանանու անդիի կողմը անոնց պիտի տայ. ու ետքը ձեզմէ ամէն մէկը դառնայ իր ժառանգութեանը զոր ես ձեզի տուի: 21Այն ատեն Յեսուի պատուիրեցի` ըսելով, Քու աչքերդ տեսան ինչ որ ձեր Տէր Աստուածը այս երկու թագաւորներուն ըրաւ. այնպէս ալ պիտի ընէ Տէրը այն ամէն թագաւորութիւններուն, որոնց վրայ դուն պիտի երթաս: 22Անոնցմէ չվախնաք. վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ինք կը պատերազմի ձեզի համար:

Մովսէսի չարտօնուիր Քանան մտնել

23Եւ այն ատեն Տէրոջը աղաչեցի ու ըսի, 24Ով Տէր Եհովա, դուն սկսեցիր քու մեծութիւնդ ու քու զօրաւոր ձեռքդ քու ծառայիդ ցուցնելու. վասն զի երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՞վ է այն աստուածը, որ քու գործերուդ ու քու զօրութեանդ պէս գործ մը ընելու կարող ըլլայ: 25Շնորհք ըրէ որ անցնիմ, ու Յորդանանու անդիի կողմի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը, տեսնեմ: 26Բայց Տէրը ձեր պատճառաւ ինծի սրդողելով` իմ խնդիրքս չընդունեց. և Տէրը ինծի ըսաւ, Ալ հերիք է քեզի. մէյմըն ալ այդ բանը ինծի չզրուցես. 27Փասգայի գագաթը ելիր, ու դէպ ի արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ ու արեւելք աչքերդ վերցուր, ու քու աչքերովդ դիտէ. քանզի դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս: 28Ու Յեսուի պատուէր տալով զանիկա զօրացուր, ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի անցնի այս ժողովուրդին առջև, և քու դիտելու երկիրդ անիկա պիտի ժառանգեցնէ անոնց: 29Ուստի մենք հովիտին մէջ Բեթփեգովրի դիմաց նստանք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)